Showing posts with label եկամտահարկ. Show all posts
Showing posts with label եկամտահարկ. Show all posts

26.1.18

Հայաստանի եկամտահարկի օրէնքի ծայրայեղ անարդար բաժին մը

ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
 
Ժողովրդավար երկիրներու մէջ ընդունուած է, թէ ցած եկամուտ ունեցողները պէտք չէ եկամտահարկ վճառեն: Հետեւաբար, այս երկիրներուն մէջ, բոլորին եկամուտներէն որոշ գումար մը կը զեղչուի, եւ մնացածին վրայ եկամտահարկ կը գանձուի: Օրինա՛կ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ընտանիքի մը եկամուտէն մօտաւորապէս 24,000 ամերիկեան տոլար կը զեղչուի, ապա մնացած գումարը կը կազմէ «հարկուող» եկամուտը, որուն որոշ տոկոսէ մը եկամտահարկ կը գանձուի:

20.4.11

Բոլոր քաղաքացիները «հաւասար» են օրէնքին առջեւ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Քսանամեակ մը առաջ, «մաֆիա» բառը եկած ու բազմած էր հայաստանեան կեանքին մէջ։ Որքան որ սկիզբը ճիգեր կը թափէինք հասկնալու եւ մենք մեզ համոզելու, որ սիկիլիական մաֆիան եւ նորանկախ Հայաստանի տնտեսական լծակները իրենց ձեռքը առնող մարդիկը նոյն բանը չէին, ի վերջոյ հեռատեսիլը եկաւ մեզ հերքելու եւ «Որոգայթ» ու այլեւայլ պէսպիսուն անուններով «սերիալներ» անգամ մը եւս փաստեցին, որ արուեստը կը հետեւի կեանքին։ (Հոգ չէ, թէ ատիկա ո՛չ արուեստ է, իսկ նկարագրածը՝ ո՛չ կեանք)։ «Մաֆիա»յին յաջորդեց, բնականաբար եւ ի հետեւումն ռուսական օրինակին (արդէն կարծէք ամէն ինչ կը հետեւի ռուսական «մեծ եղբօր» օրինակին), «օլիգարխ» բառը, որ առօք-փառօք մտած է հայաստանեան կեանքին մէջ։