30.8.16

Խանգարուած պետական համակարգ

Ժ. Չ.
 
Յուլիս-Օգոստոսին Հիմնադիր Խորհրդարանի «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ պարեկապահակային ոստիկանական գունդի գրաւումը դեռ կը զբաղեցնէ հայաստանեան քաղաքական օրակարգը։ Հանրահաւաքները իրենց ուժականութիւնը կորսնցուցած են, այսուհանդերձ երեւանեան ժողովրդային խաւերու մօտ իշխանութեան հանդէպ զայրոյթը կը մնայ բարձր աստիճանի։ Այս երեւոյթը կը սնանի նաեւ դատական հետապնդումներու ամէնօրեայ իրադարձութիւններով։ Արդարադատութեան ոտնձգութիւնները կը հրահրեն դժգոհութեան ճակատը։

Եթէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը կոտրեց հայկական բանակին անխոցելիութեան առասպելը, ոչ այնքան ազէրպայճանական կողմի ռազմական գերակայութեան պատճառով, որքան հայկական սպայակոյտի կողմէ բանակին յատկացուած միջոցներու իւրացումներուն, հետախուզական տեսչութեան թերացումներուն, զինատեսակի անպատշաճութեան, ճակատին դիրքերը պաշտպանող զինուորական միաւորներու եւ հրամանատարութեան միջեւ կապի պակասին բերումով, «Սասնայ ծռեր»-ու գործողութիւնը ջուրի երես հանեց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հիմնասիւն երեք հասատատութիւններու՝ Գործադիր իշխանութեան, Խորհրդարանի, Արդարադատութեան խանգարումը։
Առանց խօսելու տնտեսական ու ընկերային մարզերուն մէջ գործադիր իշխանութեան հիմնական ձախողութեան մասին, դէպքերուն ընթացքին ան դատապարտելի էր հայատանցի քաղաքացիին դէմ ոստիկանական ուժի անհամապատասխան գործածութեան համար՝ կամայական բռնութիւններով ու բանտարկութիւններով։ Նոյնպէս արդարադատական համակարգը, որ ինքնակամ գործելու անատակ՝ կը հանդիսանայ իշխանութեան հրահանգներուն բացարձակ գործակատարը։
Իսկ ամենէն խոցելին կը մնայ խորհրդարանական դաշտը։ Խորհրդարանը իբր Հանրապետութեան հիմնասիւնը՝ Առաջին ժողովը, որ ազգը, հայրենիքը, պետութիւնը յուզող բոլոր հարցերը, տագնապները, ճգնաժամերը քննարկող միաւոր է, կառավարութեան խորհուրդ տալու (վերջապէս՝ Ազգային Խորհրդարան է), թելադրելու, լուծումներ, ելքեր առաջադրելու վայր է։ Ան մնաց բացարձակապէս անկար։ Ազգային ժողովին անշարժութիւնը առաւել եւս պախարակելի է այն պատճառով, որ դեռ անցեալ Դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութիւնը սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէի դիմեց եւ որդեգրուեցաւ հանրապետական վարչակարգէն խորհրդարանականին անցքը։ Ուրեմն, Խորհրդարանը Սահմանադրութեամբ պարտաւոր էր օրը օրին քննարկելու յուլիս-օգոստոսեան իրադարձութիւնները։ Սակայն ան զլացաւ։ Հրաժարեցաւ։ Հակառակ ընդդիմադիր ճակատի այս ուղղութեամբ առած նախաձեռնութեան։
«Սասնայ ծռեր» գործողութիւնը խոցելի էր, որովհետեւ զուրկ էր քաղաքական իսկական լուրջ ծրագիրէ։ Հասարակութեան լայն խաւերու դժգոհութեան արտայայտութեան ասպարէզ հանդիսացաւ։ Քաղաքական ուժերը զլացան պատեհ առիթը օգտագործել, գոնէ քաղաքական լուծումներ որոնելու համար։ Խորհրադարանին իր պատասխանատուութենէն խուսափումը փաստ է, որ իշխանութեան քաղաքական գլխաւոր երկու կուսակցութիւնները՝ Հանրապետականը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը մնան անզօր ու ենթակայ՝ գործադիր իշխանութեան հրահանգներուն։
Այս բոլորէն ետք կը մնայ վերջին հարցադրումը։ Արդեօք գոյութիւն ունի՞ գործադիր իշխանութիւն։ Ոեւէ մէկը լսե՞ց Ներքին գործերու նախարարին կամ Արդարադատութեան նախարարին որեւէ մէկ ելոյթը։ Այս միջոցին Վարչապետը հազիւ կէս բերան արտայայտուեցաւ։ Օրուան որոշումները կը հաղորդէր Ոստիկանութեան բանբերը, որ բնականաբար ուղղակի կապուած էր նախագահական գրասենեակին։ Մէկ խօսքով, դեռ գործադիր իշխանութիւնը կը մնայ ձեւական օղակ, կայ միայն ամենազօր նախագահը։ Իսկ երբ յաջորդ ընտրութեամբ, նախագահական հաստատութիւնը անզօրանայ, ո՞վ պիտի փոխարինէ զայն։ Կամ իշխանական ո՞ր հաստատութեան պիտի փոխանցուին անոր բացարձակ իրաւասութիւնները։ Միամտութիւն պիտի ըլլար երեւակայել որ մէկ օրէն միւսը Խորհրդարանը ստանար բոլոր այն լիարժէք իրաւասութիւնները, զորս Սահմանադրութիւնը կը սահմանէ։ Անշուշտ եթէ դեռ օրինական ընտրութիւններ տեղի ունենան։ Իր ամբողջ ձախաւերութեամբ, նախագահական համակարգը կը պահպանէր պետականութիւնը։ Իսկ թէ վաղը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, ինչպէ՞ս պիտի վերաբաշխուին իշխանութեան քարտերը, կը մնայ մեծագոյն հարցականը։ Հաւանաբար, գործող նախագահը նաեւ իբր Հանրապետական կուսակցութեան կուսակցապետ պահպանէ իր ամենակալութի՞ւնը։
«Սասնայ ծռեր» գործողութիւնը որքան որ դատապարտելի, իբր բռնի ուժի գործադրութիւն, իբր պետական սահմանադրական կարգը խախտող քաղաքական պայքար մղելու նախաձեռնութիւն, ծայր աստիճան օգտակար ախտաճանաչում կատարելու առիթ ընծայեց։ Սակայն հայաստանեան իշխանական ուժերը հեռու կը մնան հարկ եղած հիմնական լուծումները առաջադրելէ։

«Նոր Յառաջ», 30 Օգոստոս 2016

No comments:

Post a Comment