Showing posts with label Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն. Show all posts
Showing posts with label Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն. Show all posts

26.4.18

Սխալ մը, որուն մասին դեռ պէտք է երկար խօսիլ ու խորհրդածել

ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ
 
Անցնող շաբաթներուն Հայաստանի մէջ ծայր առած քաղաքական, տնտեսական եւ իրաւական խոր ու հիմնական բարեկարգումներ առաջադրող համատարած ժողովրդային շարժումը ինչպէս կ՚աւարտի ու ինչի կը յանգի դժուար է նախատեսել այսօր: Նորանշանակ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի ներկայացուցած պարտադրեալ հրաժարականը ժողովրդական շարժման համար խիստ կարեւոր իրագործում մըն է անկասկած: Անշուշտ, բացորոշ է, որ ասիկա ընդամէնը դրական հանգրուան մը պէտք է համարել դէպի համակարգային արմատական բարեփոխումներու երկար ճանապարհին վրայ: Այս իմաստով ալ տակաւին ի զօրու կը մնայ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի յայտարարութիւնը, ուր կոչ կ՚ուղղուի Հայաստանի քաղաքական բոլոր ուժերուն երկխօսութեան նստելու: Յառաջիկայ օրերուն ու շաբաթներուն պէտք է սպասել՝ տեսնելու համար որ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն եւ ժողովրդային շարժման ներկայացուցիչներուն միջեւ ակնկալելի երկխօսութիւնը համակարգային լուրջ բարեփոխումներու ճանապարհային ի՞նչ քարտէս պիտի գծէ, բաղձալի նպատակներուն հասնելու համար:

30.1.18

Նոր գիրքեր. Եըլտըզի պոմպան

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
 
21 Յուլիս 1905. սաստիկ թնդիւն մը կը ցնցէ ամբողջ Պոլիսը, երբ ռումբ մը կը պայթի Սուլթանական Եըլտըզ պալատի յարակից մզկիթին դիմաց, ուր կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութան սուլթանը՝ Ապտիւլ Համիտ Բ.ը, Ուրբաթ օրուան Սելամլըքը (ծիսակարգ դարձած սուլթանին աղօթքի արարողութիւնը): Պայթիւնը, որ պատմութեան մէջ կը յիշուի որպէս «Եըլտըզի պոմպան» կամ Դաշնակցութեան պատմագրութեան մէջ՝ «Նժոյգ Գործողութիւնը», վրիպած էր իր բուն թիրախէն՝ սուլթանէն, սպաննելով 26 եւ վիրաւորելով քանի մը տասնեակ ուրիշներ: Համիտեան մենատիրական կայսրութեան եւ յատկապէս մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ ինչպէ՞ս կը կազմակերպուէր այսպիսի յանդուգն գործողութիւն մը։ Որո՞նք էին այս դրուագին հիմնական դերակատարները եւ ի՞նչ դրդապատճառներէ մեկնած կը մասնակցէին աննախադէպ այս արարքին։ Քաղաքական ի՞նչ հետեւանքներ ունեցաւ Սուլթանի դէմ այս մահափորձը եւ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ ինչ փոփոխութիւններ յառաջացուց։ Ահա քանի մը հարցեր, որոնք առանցքը կը կազմեն նոր գիտաշխատութեան մը՝ “To Kill a Sultan: A Transnational History of the Attempt on Abdelhamid (1905)” (Palgrave Macmillan, 2018) հրատարակուած այս տարեսկիզբին եւ խմբագրուած Էտհեմ Էլտեմի, Հուսին Ալլուլի եւ Հենք տը Սմայէլի կողմէ:

30.8.16

Խանգարուած պետական համակարգ

Ժ. Չ.
 
Յուլիս-Օգոստոսին Հիմնադիր Խորհրդարանի «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ պարեկապահակային ոստիկանական գունդի գրաւումը դեռ կը զբաղեցնէ հայաստանեան քաղաքական օրակարգը։ Հանրահաւաքները իրենց ուժականութիւնը կորսնցուցած են, այսուհանդերձ երեւանեան ժողովրդային խաւերու մօտ իշխանութեան հանդէպ զայրոյթը կը մնայ բարձր աստիճանի։ Այս երեւոյթը կը սնանի նաեւ դատական հետապնդումներու ամէնօրեայ իրադարձութիւններով։ Արդարադատութեան ոտնձգութիւնները կը հրահրեն դժգոհութեան ճակատը։

2.3.16

ՀՀԿ եւ ՀՅԴ համագործակցութեան դատապարտեալները


Ժ. Չ.
 
Հազիւ երեք տարի անցած է այն օրէն երբ ՀՅԴ հրաժարեցաւ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելէ, իրաւացիօրէն պատճառաբանելով արդար ընտրութիւններու անկարելիութիւնը։ Անկէ ետք ընտրական խարդախութիւններ տեղի ունեցան նաեւ անցեալ Դեկտեմբերին՝ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին ժամանակ։ Սակայն այս բոլորով հանդերձ ՀՅԴ գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեց նոյն այդ զեղծարարութիւնները իրագործող վարչակարգի ետին կանգնած կուսակցութեան հետ։

«Միակ դաշտը մնացել Է իշխանութեան հետ ներսից փոփոխութիւններ կատարելը»

ՍԻՐԱՆՈՅՇ ՊԱՊԵԱՆ

Վերջերս կառավարական Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միջեւ քաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրուեցաւ, ըստ որուն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը վերադառնայ համախոհական կառավարութեան դրութեան, զոր լքած էր 2009ին՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ստորագրութենէն ետք։ Այս առթիւ, լրագրող Սիրանոյշ Պապեան զրուցած է Հ. Յ. Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Լիլիթ Գալստեանի հետ։

28.12.11

Չկայ դաշնակցականութիւն առանց Դաշնակցութեան

«ԴՐՕՇԱԿ»
Վերջին քսանամեակին, Գարեգին Նժդեհի 1930ական թուականներուն քարոզած «ցեղակրօնութեան» վերազարթնում մը արձանագրուած է Հայաստանի մէջ։ Քաղաքական տարբեր հոսանքներ որդեգրած են, առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ ու հետեւողականութեամբ, անոր դրոյթները։ Անոնց շարքին է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը՝(կառավարող կուսակցութիւնը՝ 1998էն ի վեր), որուն քաղաքական ծրագիրը բացայայտօրէն կ՚անդրադառնայ այդ իրողութեան եւ որ գործնականօրէն կը զբաղի Նժդեհի ժառանգութեան բացայայտումով ու քարոզչութեամբ։ Բնականաբար, գաղափարախօսական նման զարգացումներ կը ստեղծեն լռելեայն կամ բացայայտ բանավէճեր Գ. Նժդեհի երբեմնի կուսակցութեան՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ, որ անոր մահէն ետք զայն վերականգնած էր, առանց սակայն --գէթ ծրագրային կերպով-- փարելու անոր գաղափարներուն։ Այդպիսի բանավէճի մը պատասխան կողմը հանդիսացած է դաշնակցական կեդրոնական պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի Յուլիս 2011ի խմբագրականը՝ վերի խորագրով, որ կրնայ յաւելուածաբար լուսաբանել Հայաստանի ներկայ գաղափարախօսական խախուտ ու խրթին մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին շատ յեղյեղուած ազգայնականութեան խնդրին շուրջ դաշնակցական կեցուածքը։ Յօդուածը կու տանք նոյնութեամբ, մեր կողմէ քանի մը լուսաբանական ծանօթագրութիւններու յաւելումով։ Մեկնաբանութիւնները կը թողունք ընթերցողին։