ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ (*)
Ատրպէյճանի նորընտիր նախագահ Իլհամ Ալիեւ, իր պաշտօնավարութեան առաջին
իսկ ամիսներուն, աւելի յստակ 12 Յունուարին ստորագրեց հրամանագիր մը, որով
խորհրդային շրջանին կիւրեղեան այբուբենով տպագրուած կարեւոր
հրատարակութիւնները պիտի արժանանան նոր տպագրութեան՝ այս անգամ սակայն
լատինական այբուբենով, զոր որդեգրած է երկիրը։ Հրամանագրին մէջ շեշտուած է,
որ երկրի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն ծիրէն ներս կարեւոր կը նկատուի
նմանատիպ ձեռնարկ մը։ Յիշեալ հրամանագրին մէջ, Ալիեւ կը յիշեցնէ, թէ
Ատրպէյճան 1 Օգոստոս 2001-ին պաշտօնապէս որդեգրած է լատինական այբուբենը ու
կը շարունակէ.