ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
«Արաս»
հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանին դրած էր Անդրանիկ Ծառուկեանի
«Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» ինքնապատումին թրքերէն թարգմանութիւնը՝
վաստակաշատ կրթական մշակ Քլեմանս Զաքարեան-Չելիքի թարգմանութեամբ։ Քանի մը
նշումներ, ուրեմն, Ծառուկեանի այս գիրքին առթիւ։
Հայ
գրականութեան մէջ մանկութեան շրջանի ներկայացումը, յուշագրական
ոճով թէ գեղարուեստական, բաւական հարուստ աւանդութիւն մը ունի։ Մեծ
Եղեռնէն յետոյ մանաւանդ, որբերուն կեանքը, Առաջին աշխարհամարտի
արհաւիրքներուն ազդեցութիւնը փոխանցուած են պատկերաւոր ոճերով
թէ իրապատում գրուածքներով։ Մանկութեան աշխարհի անմեղ ու լուսաւոր
շրջանները բազմաթիւ գրողներու համար վերածուած են իտէալական
վայրի մը, ուր փորձած են վերադառնալ իրենց հասուն տարիքին։ Կա՛մ
իրենց մանկութեան, կա՛մ այլոց մանկութեան եւ կամ ուղղակի մանուկներու
միջոցով մանկութիւն կոչուած ժամանակը առհասարակ եղած է
ստեղծագործող անհատներուն ուշադրութեան կեդրոնին։ Արդարեւ, մեր
գրականութեան մէջ մանկութեան մասին գրուած բոլոր գիրքերուն մէջ
առանձնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն
չունեցող մարդիկ» ինքնապատումը, որ որպէս թերթօն «Նայիրի»
հանդէսին մէջ հրատարակուելէ վերջ, 1955-ին տպագրուած է առանձին
գիրքով, Պէյրութի մէջ։ Գիրքը հետագային արժանացած է բազմաթիւ
վերահրատարակումներու Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, եւ թարգմանուած
նաեւ բազմաթիւ օտար լեզուներու՝ ռուսերէնի, անգլերէնի,
ֆրանսերէնի, արաբերէնի, պարսկերէնի եւ հիմա նաեւ թրքերէնի (*)։
«Մանկութիւն
չունեցող մարդիկ» ինքնապատումը կը սեւեռէ մանուկները շրջանի մը,
որոնք ծնունդն էին Մեծ Եղեռնի՝ հեռու հայրենիքէն, հեռու հայրենական
օճախներէն, որբանոցներուն մէջ, առանց ընտանեկան ջերմութեան,
յաճախ առանց հօր մը հոգածութեան ու մօր մը փաղաքշանքին երբեմն։
Ինքնապատումը, «Երազային Հալէպը»ին հետ միասին, թերեւս հեղինակի
միակ գործն է, ուր ան կը վերադառնայ իր ու իր սերունդի անցեալին եւ կը
ջանայ կորուստէ ու հաւանական մոռացումէ ազատագրել այդ անցեալը,
որուն ականատեսն ու ապրողը եղած էր։ Եթէ նկատի առնենք, որ
Ծառուկեանի գրական ժառանգութիւնը, մեծ մասամբ, անմիջական
ներկայի հանդէպ բռնած դիրքն ու կեցուածքն է որ կ՚արտայայտէ, ապա իր
այս գործերը յիշողութեան մը վերարտադրութիւնն են եւ այսու իսկ
կարեւոր՝ ամբողջին մէջ։
Ծառուկեան
այս գործին մէջ պատմողի իր բոլոր յատկանիշները կը ցուցադրէ մեծ
յաջողութեամբ։ Վերջապէս յիշողութեան մը վերարտադրութիւնը,
իրադարձութիւններէն աւելի քան 25 տարիներ վերջ, անցեալը վերյիշելու
ու զայն իր ամբողջին մէջ վերստին կազմելու, իրականութեան
վերադարձնելու յատկանիշ մը կը պահանջէ։ Ծառուկեան իրականութիւնը
այնպէս ինչպէս որ է հաղորդելու, պատմելու տաղանդ մը ունի,
ժամանակակիցներու իսկ վկայութեամբ, ու եղածը լաւագոյնս
փոխանցելու, բանաձեւելու յատկանիշ մը՝ առանց գրականութեան
վերածելու այդ բոլորը, ինչպէս այլուր կը խոստովանի ինքն ալ։ Այո՛,
իրականութիւնը չի քանդեր ան՝ վերակազմելու համար զայն էջին վրայ, կերպարներու չի վերածեր իր մանկութեան ընկերները, ծանօթները, չի
յօրիներ այլ տարածք մը։ Նախ եւ առաջ՝ կը պատմէ ան, կը պատմէ
ընթերցողին, ապագայի սերունդներուն։ Կը գրէ ո՛չ թէ ինքն իր համար,
այլ՝ դիմացինին։ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» շարքը, հակառակ որ
Ծառուկեան գրած է իր հասուն տարիքին (երեսուն տարի ետք՝
1950-ականներուն գրած է 7-10 տարեկանին, այսինքն՝ 1920-ականներու
անմիջապէս սկիզբը պատահած իրադարձութիւններուն մասին), մանկական
հաղորդականութիւն մը կը պահէ որբանոցային կեանքին հանդէպ, այսու
իսկ յստակ է, ջինջ։ Ծառուկեան մանկական անմեղութեամբ կը պատմէ
նիւթը, մանուկի մը պէս միամիտ կը դառնայ կատարուածներուն դիմաց։
Այստեղ է որ երկուութիւն մը կը ստեղծուի, տարակուսանքի մը առջեւ
դնելով ընթերցողը։ Թէեւ, ճիշդ է որ, գեղարուեստական գրականութեան
մը չի վերածեր, չ’ուզե՛ր վերածել իր պատումը, սակայն արձակագրին
բնորոշ տաղանդը կը բանի իր ամբողջ ուժգնութեամբ։ Գեղեցիկ գրութիւն
մը, ոճաւորումները, բանաձեւումները յատկանիշներ են, որոնք առկայ
են ինչպէս այստեղ, այնպէս ալ, թերեւս քիչ մըն ալ աւելի, Ծառուկեանի
հրապարակագրութեան մէջ, բայց գրականութիւնը միայն գեղեցիկ խօսք կամ
բանաձեւ չէ անտարակոյս։ Այս պարագային հաշուի պէտք է առնուի նաեւ
Ծառուկեանի հետեւեալ խոստովանութիւնը. «… իմ ներաշխարհիս մէջ շատ
խորունկ դրոշմուած էր որբանոցային կեանքը, որ անգիտակից տարիքի մը
մէջ ըլլալուն, շատ կարեւորութիւն չէի տուած։ Բայց երբ այլեւս
գրականութեան թեքնիքը կամ արուեստը, ձեւը քիչ մը աւելի լաւ
ըմբռնեցի, յանկարծ նկատեցի որ իրական գրականութեան նիւթ մը ունիմ ես
-այդ մեր մանկութեան շրջանի որբանոցային կեանքը աչքի առաջ
ունենալով եւ այլեւս արուեստի, գրականութեան խոր գիտակցութեամբ,
կրնամ ըսել, … ենթագիտակցական վիճակի մը մատնելով է որ ինքզինքս,
սկսայ գրել «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» գիրքը…»։ Ենթագիտակցական
վիճակի մը առկայութիւնը, երբ վերջինս կ՚առնչուի մանկութեան
տարիներուն մանաւանդ, անշուշտ, դիւրացուցած է հեղինակին
ներաշխարհին արտաբերումը թուղթին վրայ, հնարաւոր դարձնելով 30-ամեակ
մը առաջ կատարուածներուն վերյիշումը իր բոլոր
մանրամասնութիւններով։
«Մանկութիւն
չունեցող մարդիկ» շարքը անվերապահ ձեւով կրնանք կոչել
վկայութիւնը ժամանակահատուածի մը, որ Ծառուկեանի սերունդին կը
պատկանէր. սերունդ մը, որուն կեանքը անցաւ որբանոցներուն մէջ,
սերունդ մը, որ որբանոցներուն մէջ ապրելով հանդերձ ծնունդ տուաւ
Յարութիւն Կալենցի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Վազգէն Շուշանեանի,
Վահէ Վահեանի ու նման մարդոց։ Այս սերունդն էր դարձեալ, որ կրցաւ
ճեղքել իր պատեանը, մոռնալ ինքզինք ու զոհելով իր գուցէ չունեցած
ապագան՝ կերտել ապագան տարտղնած ժողովուրդի մը, գրականութիւն ու
արուեստ տալով, մշակոյթ ստեղծելով ու որոշադրելով կացութիւնը
սփիւռքացած հանրութեան մը, թոյլ չտալով, որ ամէն ինչ կորսնցուցած
ժողովուրդը վերածուի ամբոխի։ «Անպայման հրաշք մը կար մեր դժբախտ
գոյութիւններուն վերեւ», ինչպէս կ՚ըսէ Ծառուկեան «Մանկութիւն
չունեցող մարդիկ» հատորին մէջ տեղ մը։ Այդ հրաշքը կեանքը վաղահաս
ընկալած ըլլալու, զայն հասկցած ըլլալու ստիպողութիւնն էր գուցէ,
որովհետեւ որբանոցին մէջ կը խտանար կեանքը՝ իր բոլոր
հակասութիւններով, բրտութիւններով ու գեղեցկութիւններով,
դաւաճանութիւններով ու բարեկամութիւններով նաեւ։ Որբանոցին մէջ,
թռուցիկի մը պատճառով ծագած վէճը տարիներ վերջ հետեւեալ
արձագանգը կը գտնէ Ծառուկեանի գրչին տակ. «Այո՛, թռուցիկները մեր
առջեւ բացին երկինքի ճամբան… Ու թռուցիկ մը եղաւ դարձեալ, որ առաջին
անգամ սորվեցուց ինծի, դեռ մանուկ տարիքիս, թէ ուր որ գեղեցիկ
թռիչքի մը կարելիութիւնը կայ, սաւառնող հոգիի մը թեւաբախումը, կայ
նաեւ մութին մէջ ծուարած նախանձի օձը, շաշ գեղամներու
կերպարանքով…»։ Որբանոցին մէջ ճանչցուած կեանքը թերեւս ուղենիշ
մըն էր հետագայի համար, բայց եւ այնպէս տասը «տարեկանին դժուար էր
հասկնալ կեանքը։ Ու քառասունին դիւրին, դիւրին չէ կրել…»։ Մանաւանդ
երբ մարդ մըն ես, որ մանկութիւն չէ ունեցած…
«Մանկութիւն
չունեցող մարդիկ» ինքնապատումը կը վկայէ տարիքային որոշ շրջանէ
մը, կը պատմէ մանկութիւնը, կը ջանայ տալ որբանոցային պայմաններու
տակ հասակ նետող սերունդի մը նկարագիրը։
«Ակօս», 14 Յունուար 2017
------------------------------
(*) 1997ին լոյս տեսած է նաեւ սպաներէն՝ Պերճ Աճէմեանի թարգմանութեամբ («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment