ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ (*)
1916 թուականի առաջին օրը Յովհաննէս Խաչերեան արթնցաւ ձայնէն իր մօտերը գտնուող կնոջ մը, որ «Առաւօտ լուսոյ» շարականը կ’երգէր: Քանի մը երկվարկեան տեւեց, մինչեւ որ գիտակցեցաւ, թէ կը գտնուի ո՛չ թէ իր պապերուն հարազատ հողին` Պարտիզակի իր տան մէջ, այլ Ալ Պապ աւանին մերձակայքը գտնուող կեդրոնացման ճամբարի մը մէջ. աւան մը, որուն անունն իսկ նախապէս չէր լսած:
Յովհաննէս Ալ Պապ հասած էր նախորդ իրիկուն` 31 Դեկտեմբերին: Յորդառատ անձրեւին տակ ան եւ իրեն հետ եղողները մօտեցած էին քաղաքին դարպասներուն` ի զուր փորձելով կաշառքով քաղաք մտնել: Անոնց ստիպած էին երթալ մօտակայքը գտնուող կեդրոնացման ճամբար, ուր հազարաւոր հայեր ապաստանած էին վրաններուն տակ :
Յովհաննէս կարճ ժամանակի ընթացքին պիտի հասկնար, որ Ալ Պապի մէջ հայերը չքաւորութեան, հիւանդութեան եւ բռնութեան պայմաններուն զոհ կ՛երթան: Նոյնիսկ եթէ կենդանի մնային, մղձաւանջը տակաւին երկար պիտի տեւէր:
Սակայն Յովհաննէս կրցած է ողջ դուրս ելլել Ալ Պապի գաղթակայանէն, որուն մասին պատերազմէն ետք պիտի գրէր: Յովհաննէսին գաղթակայան հասնելէն 101 տարի անց, այս տողերը գրուած ատեն, ՏԱՀԵՇ-ի հակակշիռին տակ գտնուող Ալ Պապը կը գրաւէ թերթերուն խորագիրները:
ԱՆՁՐԵՒ ԵՒ ՁԻՒՆ
Տեղահանութեան եւ կոտորածի առաջին ալիքէն փրկուող հայերը մայիս 1915-էն
սկսեալ կը հասնին Հալէպի հիւսիսարեւելեան շրջանը գտնուող Ալ Պապ աւան:
Ասիկա ամէնէն մեծ գաղթակայաններէն եւ դէպի անապատ տանող աքսորի գլխաւոր
անցակէտներէն մէկն էր:
21 մայիսին մեծամասնութեամբ Զէյթունէն, Մարաշէն, Հաճընէն եւ մօտակայ
գիւղերէն տեղահանուած 1466 աքսորականներու կարաւանը կայք կը հաստատէ Ալ
Պապի մէջ: Աշնան առաջին անձրեւներուն հետ գաղթակայանին մէջ սկիզբ պիտի
առնեն աղքատութիւնն ու չքաւորութիւնը: Ալ Պապը, որ կը գտնուի կաւահողի
վրայ, ամբողջութեամբ ճահիճի պիտի վերածուէր, որովհետեւ հողը պիտի չներծծէր
անձրեւին ջուրը:
Ցեղասպանութենէն փրկուող Յակոբ Սերոբեան, որ Ալ Պապի գաղթակայանէն անցած
էր, իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Անծայրածիր տարածութեան վրայ տեղակայուած
հայ աքսորականներու գաղթակայանը մեր աչքին առջեւ կառուցուեցաւ: Բառերը ի
զօրու չեն նկարագրելու իրավիճակը: Գիշերային անձրեւները գաղթակայանը լիճի
վերածած էին: Ջուրը մարդոց ծունկերուն սկսած էր հասնիլ, անոնց ամբողջ
առարկաները ջուրին մէջ թաղուած էին: Ուժասպառ մարդիկ նոյնիսկ աղտին,
հիւանդութեան եւ սովին մէջ չէին կրնար տեղերնէն շարժիլ… Գիշերային
փոթորիկին եւ անձրեւին պատճառով փլած վրաններուն տակ հազարաւոր մարդիկ,
անվերջ տառապանքներու մէջ, լաթերու վրայ անշարժացած պառկած էին: Ո՛չ
Կարմիր խաչ կար, ո՛չ օգնող ձեռք եւ ո՛չ իսկ յոյսի նշոյլ մը…»:
Անգամ մը նոյնիսկ ձիւն տեղացած էր: Խաչերեան կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս 1916
թուականին, փետրուարեան առաւօտ մը, կ՛արթննայ ու կը տեսնէ, որ գաղթակայանը
ամբողջութեամբ ձիւնի բարակ շերտով պատուած էր. «Ասիկա վերջին բանն էր, որ
աղքատութեան դէմ մաքառող, սոված եւ հիւանդ մարդը կրնար փափաքիլ»:
ԿԵԱՆՔ ՈՒ ՄԱՀ
Գաղթակայանը կիսով բաց էր: Տեղացիները առեւտուրի կամ կին ու երեխայ
փախցնելու համար կը մտնէին այդտեղ: Կը պատահէր, որ գիշերները կը յարձակէին,
գողութիւն կ՛ընէին կամ մարդ կ՛առեւանգէին, իսկ զինուորները կը
բաւարարուէին միայն այդ բոլորը դիտելով եւ երբեմն աւարէն բաժին ստանալու
համար անմեղ զոհերուն վնաս հասցնող մարդոց կ՛օգնէին:
Շատ քիչ էր ուտելիքը: Անճրկութիւնը հազարաւոր մարդիկ կը մղէր նոյնիսկ
սատկած անասուններ ուտելու: Գաղթակայանի բնակիչները ժանգոտած երկաթներով
անասուններուն ոսկորներէն միս կը քերէին: Արամ Անտոնեան կը պատմէ. «Յաճախ
միսի համար կը վիճէին եւ ապահովուած միսը հում-հում կ՛ուտէին: Բախտաւոր կը
նկատուէին անոնք, որոնք փճացած միսը եփելու կամ տաքցնելու համար կրակ
կրնային վառել»:
Կային հայ ընտանիքներ, որոնք չկարենալով կերակրել իրենց երեխաները,
տեղացիներու տուին զանոնք: Ցեղասպանութենէն վերապրողներէն Վերժին Թնկըրեան
կը պատմէ, որ երբ Ալ Պապ գաղթակայանին մէջ տիֆի համաճարակը կը բռնկի,
կ՛որոշէ իր երեխան ուրիշին տալ. «Անօթի-ծարաւ էինք ու աղքատութեան մէջ: Այս
բոլորը չէր բաւեր, վրայ հասաւ տիֆը: Ես ալ հիւանդացայ, չկար մէկը, որ
աղջկաս հոգ տանէր: Մտածելով, որ կը մահանամ, աղջիկս տուի արաբի մը»:
Նոյեմբեր 1915 թուականին, առտու կանուխ Ալ Պապ կ՛այցելէ Հայր Տաճատ
Արսլանեան եւ սահմռկեցուցիչ պատկերի մը դէմ յանդիման կը գտնուի.
«Անձրեւներու պատճառով լճակի վերածուած հողակտորին վրայ, ցեխի եւ ջուրի
մէջ, հազարաւոր վրաններ լարուած էին: Վրաններուն ծայրերը դիակներ կամ
մահուան մահիճին մէջ եղող մարդիկ պառկած էին: Այնքան մեծ էր նմաններուն
թիւը, որ մահացածները թաղելու համար կառավարութեան կողմէ նշանակուած մարդիկ
չէին հասներ զանոնք թաղելու»: Հայր Տաճատ, գիտակցելով, որ գաղթակայանի
բոլոր հոգեւորականները մահացած կամ հիւանդ էին, կացութեան վերահսկողութիւնը
ինք կը ստանձնէ: Տիֆի պատճառով, որ ամբողջ գաղթակայանը կուլ տուած էր, օրը
350-400 մահացողներու դիակները հողին յանձնելու համար գայմագամէն
օգնութիւն խնդրած էր: Իրաւասուները դիակները ամփոփելու համար 50
գերեզմանափոր եւ մէկ հսկիչ ղրկած էին: Գերեզմանափորները երկու խումբի
բաժնուած էին: Մէկ խումբը ամէն առաւօտ կը շրջէր 5000 վրանները եւ դիակները
կը հաւաքէր, իսկ միւս խումբը գաղթակայանէն դուրս խոշոր փոս կը փորէր:
Կէսօրէ ետք դիակները փոսին մէջ կը թաղէին: Հայր Տաճատ կը պատմէր. «Այդպէս, Դեկտեմբեր 1915-էն մինչեւ Յունուար-Փետրուար 1916 36-40 հազար հոգի հողին
յանձնած են»:
ԴԱՐՁԵԱԼ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՆԱՊԱՏ
1916 թուականի սկիզբը կեդրոնացման ճամբարի պահակները կրկին
աշխուժացուցին տեղահանութեան ընթացքը, կիները, տղամարդիկ եւ նոյնիսկ
երեխաները մահակներով կը ծեծէին: Խաչերեան կը պատմէ, որ կը պոռային «Դե՜հ,
ոտքի՛ ելէք, վրանները քանդեցէ՛ք, ոչ ոք պիտի մնայ այստեղ»: Ալ Պապի դժոխքէն
փրկուողները կ՛ուղարկուէին Մեսքենէէն Տէր Զօր Եփրատ գետի երկայնքին փռուած
կեդրոնացման ճամբարներ , որոնք եւս 1916 թուականին Մարտ ամիսէն սկսեալ
պիտի պարպէին` հոծ բազմութիւնը ուղղելով դէպի Տէր Զօրի անապատ: Այնտեղ 1916
թուականի ամրան ողջ մնացած 200 հազար հայեր սպաննուեցան թուրք
ժանտարմաներու կողմէ` հրոսակախումբերու աջակցութեամբ:
Հալէպի մէջ Գերմանիոյ փոխհիւպատոս Հոֆման օգոստոսի վերջերը կը զեկուցէր,
որ` «Հալէպէն Տէր Զօր գացող ճամբան մեռելային լռութիւն կը տիրէ: Մեսքենէէն
հեռու գտնուող գաղթակայաններու մէջ ապաստանողներուն թիւը զգալիօրէն
նուազած էր: Տէր Զօրի մէջ մնացած էին միայն քանի մը հայ արհեստաւորներ:
Սակայն 8 շաբաթ առաջ այս գաղթակայանին մէջ հազարաւոր մարդիկ կային»: Ըստ
Հոֆմանի, գաղթակայաններուն մէջ պահուըտած, կամ այլ շրջանի տուներուն մէջ
բնակող մարդիկ «անհետացած էին»: Տէր Զօրէն միսիոնարներուն նամակներն ու
բացիկները չէին հասներ այլեւս: Խարբերդի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոս
Լեսլի Ա. Տեւիս այս բոլորին վերաբերեալ կը գրէ. «Յայտնի էր, որ այնտեղ տեղի
ունեցող կոտորածներուն վերաբերեալ շշուկները կը համապատասխանեն
իրականութեան»:«Ազդակ», 23 Յունուար 2017
---------------------------
(*) Ընթացքի մէջ գտնուող ուսումնասիրութեան մը այս հատուածը նախապէս լոյս տեսած է «Ակօս»ի մէջ, ըստ «Ազդակ»ի յայտարարութեան, թէեւ չկրցանք զայն գտնել պոլսահայ թերթի կայքէջին մէջ։ Անգլերէնէ արեւելահայերէնի թարգմանած է Անահիտ Քարտաշեան, իսկ արեւմտահայերէնի վերածած՝ Մարիա Արապաթլեան («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment