ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
«…Հաւաքական յիշատակումը ունի իր ծիսականացած ձեւը՝ եկեղեցական արարողութիւններ եւ յուշ-երեկոյթներ, որոնք […] հետզհետէ ստանալով քաղաքական ու պահանջատիրական զօրաւոր շեշտադրումներ, մոռացութեան կը մղեն մշակութայինը եւ լեզուայինը՝ Սփիւռքահայութեան սերունդներուն Կարմիր Ցեղասպանութենէն իբր ժառանգութիւն մնացած միակ հարստութիւնը։ Եւ անոնք ալ Սպիտակ Ցեղասպանութեան զոհ կ՚երթան, ընդհանուր խանդավառութեան մթնոլորտին մէջ։ Պայքար կը մղուի Ճանաչումի համար, Հատուցումի համար, մինչ արեւմտահայերէնն ու մշակութային կալուածները մնացած են որբ…։»
Ժ. Չ., «Նոր Յառաջ», 23 Ապրիլ, 2015
Գիտէինք, որ դժուար բան է ազգային լեզուի մը պահպանումը, երբ ազգային պետութիւնը կը բացակայի, կամ երբ հեռու է՝ աշխարհագրական թէ ուրիշ տեսակի հեռաւորութեամբ։
Գիտէինք յատկապէս, որ արեւմտահայերէնը, 1915ի ցեղասպանութեան եւ վերապրողներու աշխարհի չորս ծագեր ցրւումին իբր հետեւանք, վտանգուած է։ Սկսած՝ եւրօ-ամերիկեան մեր համայնքներէն, որոնք կ՚ապրին արեւմտեան «մեծ» մշակոյթներու ծիրին մէջ։ Հոս է որ, շատ կանուխ, Սփիւռքի ծնունդի իսկ օրերէն, հայախօսութեան «նահանջը» ահազանգներու առիթ տուած է, յաճախ աճապարանքով եւ ամենայն կրաւորականութեամբ։
Արդէն գիտէինք բոլո՛րս՝ բոլոր սրտցաւ, մտահոգ հայերը։ Գոնէ ես կը կարծէի, որ գիտէինք...