20.5.15

Արեւմտահայերէն եւ արեւմտահայ մշակոյթ. ի՞նչ հեռանկարներ


ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

«…Հաւա­քական յի­շատա­կու­մը ու­նի իր ծի­սակա­նացած ձե­ւը՝ եկե­ղեցա­կան արարողութիւններ եւ յուշ-երե­կոյթներ, որոնք […] հետզհե­տէ ստա­նալով քա­ղաքա­կան ու պա­հան­ջա­տիրա­կան զօ­րաւոր շեշ­տադրումներ, մո­ռացու­թեան կը մղեն մշա­կու­թա­յինը եւ լե­զուա­յինը՝ Սփիւռքա­հայու­թեան սե­րունդնե­րուն Կար­միր Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն իբր ժառան­գութիւն մնա­ցած միակ հարստու­թիւնը։ Եւ անոնք ալ Սպի­տակ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ կ՚եր­թան, ընդհա­նուր խան­դա­վառու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ։ Պայ­քար կը մղուի Ճանաչու­մի հա­մար, Հա­տու­ցումի հա­մար, մինչ արեւմտա­հայե­րէնն ու մշա­կու­թա­յին կալուած­նե­րը մնա­ցած են որբ…։»
Ժ. Չ., «Նոր Յառաջ», 23 Ապրիլ, 2015

Գիտէինք, որ դժուար բան է ազ­գա­յին լե­զուի մը պահ­պա­նու­մը, երբ ազ­գա­յին պե­տու­թիւնը կը բա­ցակա­յի, կամ երբ հե­ռու է՝ աշ­խարհագ­րա­կան թէ ու­րիշ տե­սակի հե­ռաւո­րու­թեամբ։
Գի­տէինք յատ­կա­պէս, որ արեւմտա­հայե­րէնը, 1915ի ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ վերապրողներու աշ­խարհի չորս ծա­գեր ցրւու­մին իբր հե­տեւանք, վտան­գուած է։ Սկսած՝ եւրօ-ամերիկեան մեր հա­մայնքնե­րէն, որոնք կ՚ապ­րին արեւմտեան «մեծ» մշա­կոյթնե­րու ծի­րին մէջ։ Հոս է որ, շատ կա­նուխ, Սփիւռքի ծնունդի իսկ օրե­րէն, հա­յախօ­սու­թեան «նահան­ջը» ահա­զանգնե­րու առիթ տուած է, յա­ճախ աճա­պարան­քով եւ ամե­նայն կրաւորա­կանու­թեամբ։
Ար­դէն գի­տէինք բո­լո՛րս՝ բո­լոր սրտցաւ, մտա­հոգ հա­յերը։ Գո­նէ ես կը կար­ծէի, որ գիտէինք...


ԱՐԵՒՄՏԱ­ՀԱՅԵ­ՐԷՆ ԵՒ… ԻՒ­ՆԷՍՔՕ
Բայց եր­կու տա­րի առաջ, երբ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն «վտան­գուած լե­զու­նե­րու» իր ուսումնասիրութիւննե­րուն վրայ հիմ­նուած՝ հրա­տարա­կեց այդ լե­զու­նե­րու ցան­կե­րը, մերոնք՝ մա­մուլ եւ հան­րա­յին կար­ծիք, հա­կազ­դե­ցին տա­րօրի­նակ ձե­ւով. «Արեւմտահայերէնը վտան­գուած լե­զու­նե­րու կար­գին է եղեր, ԻՒՆԷՍՔՕ-ն է ըսո­ղը…»։
Ի՞նչ է։ Հա­ւաս­տի աղ­բիւրի՞ մը կը սպա­սէինք՝ հա­ւատա­լու հա­մար մեր սե­փական դատումով շա­տոնց հաս­տա­տուած մէկ իրո­ղու­թեան։ Թէ՞ գի­տէինք եւ նա­խընտրած էինք կրկնե­լով-կրկնե­լով՝ ահա­զան­գը վե­րածել ծէ­սի...։ Կամ կը պա­հուը­տէի՞նք՝ խոս­տո­վանե­լով մեր ան­կա­րողու­թիւնը՝ան­խուսա­փելիին դէմ, ինչպէս կ՚ընէ -կ՚ըսեն- ծա­նօթ խե­լօք թռչուն մը։ Կամ՝այդ բո­լո՞րը միասին...
Այսպէս կամ այնպէս, տե­ղեկու­թիւնը հա­ղոր­դուեցաւ գրե­թէ առանց որե­ւէ մեկնաբանութեան՝ որե­ւէ տեղ։ Եւ խնդի­րը հոն ալ մնաց։ Ընդհա­նուր չէ­զոքու­թեան մէջ, որոշ կե­ցուածքներ ալ կը մատ­նէին հան­դի­սաւոր «վկա­յական» ստա­ցողի զգա­ցում մը, ինծի հա­մար՝պղտոր ու տա­րօրէն հի­ւան­դա­գին...։ Իսկ աւե­լի ետք յայ­տա­րարուած նախաձեռ­նութիւններ, բխող ազ­գա­յին բարձր ատեան­նե­րէ կամ Սփիւռքի լու­սանցքին գոյատե­ւող մաս­նա­ւոր հիմ­նարկնե­րէ, նոյ­նիսկ եթէ դառ­նան իրա­գոր­ծում, դժուար թէ կայաց­նեն հա­ւաքա­կան գի­տակ­ցութեան մը են­թա­հողը...
Ստի­պուած եմ եզ­րա­կաց­նել, վե­րի են­թադրու­թիւններս ամ­փո­փելով, որ... չէինք գի­տեր, թէ «վտան­գուած ենք», կամ գի­տէինք՝ չգիտ­նա­լու պէս։
Դժուար կը թուի հա­ւատալ, որ 20ական-30ական, ու մա­նաւանդ՝ ան­մի­ջապէս հե­տեւող տաս­նա­մեակ­նե­րուն, կա­րելի չէր այլ կերպ վա­րուիլ, քան ինչպէս վա­րուե­ցանք.- Յա­ւակ­նիլ Սփիւռք վա­րել՝ առանց հիմ­նա­ւոր-հա­մապար­փակ հե­ռահար ծրա­գիր­նե­րու, ցրուած ուժերով ու թե­րի կազ­մա­կեր­պութեամբ։ Լա­ւագոյն պա­րագա­յին՝ կի­սամի­ջոց­ներ միայն տրա­մադ­րե­լով տե­սիլ­քի ու նա­խաձեռ­նութեան տէր սա­կաւա­թիւ երէց մշա­կու­թա­յին գործիչնե­րու, եւ՝ նո­րերու մեծ մա­սի պա­րագա­յին՝ բա­ւարա­րուե­լով ըլ­լալ անոնց ստուերը, պարզ շա­րու­նա­կող­ներ, առանց նոր պայ­մաննե­րու պատ­շա­ճեց­ման խոր­քա­յին աշխատան­քի։
Բայց փաս­տօ­րէն այդ է որ ըրինք։ Լե­զուա-մշա­կու­թա­յին վե­րապ­րումի պայ­քար կար­ծե­ցինք տա­նիլ խա­խուտ կի­սամի­ջոց­նե­րով, ու ատի­կա՝ գաղ­թա­կան ցրօն­քի մը տա­րած­քին, ուր՝ միւս կող­մէ՝ յա­ճախան­քի վե­րածուած էր մի­տու­մը, յայտնի կամ ծա­ծուկ, վայրկեան առաջ ձու­լուելու «հիւ­րընկալ» եր­կիրնե­րու մեծ զան­գուածին, անոր «գե­րադաս» մշա­կոյ­թին...
Աղի­տալի երկդի­մու­թիւն, աղի­տալի հա­կասու­թիւն, որ ատակ է եղած, օրին, ընդվզում ու զզուանք առա­ջաց­նե­լու զուսպ հան­րա­յին-քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չի մը մօտ, ինչպի­սին էր... Սի­մոն Վրա­ցեան, զայն նե­տելով դուրս՝ առար­կա­յական դի­տոր­դի իր սո­վորա­կան դիրքերէն.
«…Իսկ մենք շա­րու­նա­կում ենք բե­մերից ճա­ռել հա­յը հայ պա­հելու մա­սին։ Թեր­թե­րում անվերջ յօ­դուած­ներ են լոյս տես­նում...։ Ամէն­քը՝ ամէն կող­մից կուրծք են ծե­ծում՝ Հա­յը հայ պա­հենք... հա­յը հայ պա­հենք... Կեղ­ծա­ւոր­ներ եւ փա­րիսե­ցիներ»։

ԵՐԷԿ ԵՒ… ԱՅ­ՍՕՐ
Ապա, ան­մի­ջապէս հարց կրնայ դրուիլ՝ տար­բե՞ր է այժմ. երէ­կի քննա­դատու­մը աւե­լի փայլուն ներ­կա­յի՞ մը կը կռթնի։ Կամ՝ ան­ցեալ թե­րինե­րը կը չքմե­ղե՞ն ներ­կա­յի անբաւարարու­թիւննե­րը։
Մա­նաւանդ՝ կրնանք փոր­ձուիլ հարց տալ, թէ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու Հայ Դա­տի, ու այ­սօր՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեակի քա­ղաքա­կան գոր­ծունէու­թեան յա­րաճու­մը, այս ոլոր­տի կեն­դա­նու­թեան փաս­տե­րը՝ հա­կադեղ չե՞ն հա­յեցի ապամ­շա­կու­թայնաց­ման նշուած ախ­տին։
Ոչ ոք թող յոգ­նի մեզ հա­մոզե­լու՝ օտա­րախօս եւ օտա­րամ­շա­կոյթ, բայց «հո­գիով հայ» մարդու շող­շո­ղուն պատ­կե­րով։ Այդպի­սի պայ­ծառ բա­ցառու­թիւններ, փոք­րա­մաս­նութիւն-խմբակ­ներ կը ճանչնանք, Արեւ­մուտքի տա­րած­քին ճանչցեր ենք ու ջա­նացեր ենք ճանչցնել շա­տո՛նց՝ մի­ջին-արե­ւելեան մեր գօ­տինե­րուն մէջ, ուր նախ­նա­կան մտայնութիւնը դեռ հայ ինքնու­թեան նա­խապայ­ման կը նկա­տէր հա­յախօ­սու­թիւնը՝ անհատ առ ան­հատ։ Ոչ ալ հա­յերէ­նի եւ հայ մշա­կոյ­թի տի­րու­թիւնը կը շփո­թենք նախնական, «բնա­կան», տե­ղական պայ­մաննե­րու բեր­մամբ պահ­պա­նուած այն հայախօսու­թեան հետ, որուն անդրա­դարձ կ՚ըլ­լայ հոս՝ աւե­լի վար, եւ որ ո՛չ մէկ ձե­ւով երաշ­խիք է «ոգիի հայեցիու­թեան»։ Բայց խօս­քը հոս ան­հատնե­րու մա­սին չէ, փոքր թի­ւի մա­սին չէ. համայնքի, հա­ւաքա­կանու­թեա՛ն մա­սին է. եւ հա­ւաքա­կանու­թեան մը գոյատեւու­մը կ՚իրականա­նայ միայն լե­զուով ու անով ապ­րող, ար­տա­յայ­տուող, զար­գա­ցող մշա­կոյ­թով։
Իսկ այ­սօր, գի­տենք, լե­զուա-մշա­կու­թա­յին մեր ներ­կան այ­լա­պէս աղի­տալի է։ Եւ նոյ­նիսկ եթէ ատի­կա մա­սամբ հե­տեւանք է երէ­կի դա­սալ­քութիւննե­րու,- ներ­կան չի զեր­ծա­նիր իր պա­տաս­խա­նատո­ւութիւննե­րէն։
Ճիշդ է, Սփիւռքի հե­տեւող տաս­նա­մեակ­նե­րը, մա­նաւանդ վեր­ջին քա­ռորդ դա­րը, տե­սան հայ վար­ժա­րան­նե­րու ցան­ցի մը երկչոտ տա­րածու­մը այս եր­կիրնե­րուն մէջ - յատ­կա­պէս Ֆրան­սա, Գա­նատա եւ Միացեալ Նա­հանգներ (աւե­լի՝ արեւմտեան ափ)։ Բայց այս շարժումը, որ­քան ալ՝ դրա­կան, կը հաս­նի շատ ուշ եւ կը մնայ՝ հա­մեմա­տու­թիւննե­րով շատ սահ­մա­նափակ։ Ապա մա­նաւանդ, անի­կա կ՚իրա­կանա­նայ... ի վնաս մի­ջին-արեւելեան հա­մայնքնե­րու, անոնցմէ գրե­թէ մնա­յուն դար­ձած ար­տա­հոս­քի շնոր­հիւ ու միջոցով։
Եւ վեր­ջա­պէս, նա­հան­ջող յետ­սա­պահ գունդե­րու այս պայ­քա­րը այ­սօր շրջա­պատուած է ու մա­սամբ կաշ­կանդուած՝ լե­զուա-մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան հա­մաշ­խարհա­յին նո­րատի՛պ տագ­նա­պով մը...։ Նա­յուածք մը դէ­պի Արեւ­մուտք (եւ ոչ միայն՝ դէ­պի Արեւ­մուտք), ու կը տես­նենք լսա-տե­սողա­կան ու թուան­շա­յին «մշա­կոյ­թի» հո­ղին մէջ բու­սած եւ­րո­պացի, ամե­րիկա­ցի սե­րունդնե­րը, որոնց մէջ «մայ­րե­նի լե­զու» գրե­թէ չգիտ­ցող, առ­հա­սարակ լեզո՛ւ չգիտ­ցող ու անմշա­կոյթ տար­րը որ­քան կա­րեւոր հա­մեմա­տու­թիւն կը կազ­մէ։
Տե­ղածին-բնիկ այս սե­րունդի կող­քին՝ նոյն եր­կիրնե­րուն մէջ կը տես­նենք դեռ յա­րաճուն
համ­րանքով գաղ­թա­կան (ափ­րի­կեցի, ասիացի թէ այլ) սե­րունդնե­րու բա­բելոն մը, ուր լե­զու ու­սուցա­նելու հար­կադրան­քը մէկ կող­մէ կ՚անճրկեց­նէ «մեծ» մշա­կոյթնե­րու պետութիւնները, միւս կող­մէ կը մղէ մե­թոտա­բան մաս­նա­գէտ­ներ նո­րանոր հնարքնե­րով ման­կա­վար­ժա­կան լու­ծումներ ստեղ­ծե­լու։

ԱՐԵՒ­ՄՈՒՏՔ ԵՒ ԱՐԵ­ՒԵԼՔ…
Արե­ւելեան Սփիւռքի՝ Մի­ջին Արե­ւել­քի մեր հա­մայնքնե­րը, վե­րը նշուեցաւ, նկա­տուեր են «լե­զու պա­հող, մշա­կոյթ պա­հող» հա­մայնքներ։ Այդպի­սին ալ եղած են, ճիշդ է։ Բայց ճշմար­տութեան աւե­լի մօտ կ՚ըլ­լանք, եթէ քա­ջու­թիւն ու­նե­նանք աւելցնե­լու, ան­գամ մը եւս, թէ այդպի­սին եղած են շնոր­հիւ առար­կա­յական պայ­մաննե­րու, մի­ջին-արե­ւելեան երկիրնե­րու ըն­կե­րա-մշա­կու­թա­յին ու կրօ­նական մաս­նա­յատուկ վի­ճակին կամ կառոյցներուն, առա­ւելա­բար...
Աւե­լի՛ եւս մօտ՝ կ՚ըլ­լանք ճշմար­տութեան, եթէ նաեւ փնտռենք-գտնենք, որ նպաս­տա­ւոր պայ­մաններ վա­յելող «ան­խառն հա­յախօս» այս շրջան­նե­րուն ապ­րե­ցու­ցած հա­յերէ­նը այսօր որ­քա՛ն թե­րի է իբր մայ­րե­նի լե­զու, այս բա­ռի բնա­կանոն իմաս­տով։ Որ՝ շրջա­բերող արեւմտա­հայե­րէնի աղ­քա­տաց­ման ըն­թացքը աչք ծա­կող երե­ւոյթ է այ­սօր՝ իր գոր­ծածման մա­կար­դակնե­րով ու մար­զե­րով.- Խօ­սակ­ցա­կան լե­զու մը՝ աղ­քա­տացած ու­րոյն, ապ­րող ասոյ­թա­ձեւե­րէ, զար­դա­րուած տե­ղական լե­զուէ փո­խառեալ բառ ու ասոյթնե­րով, իսկ զարգա­ցեալ տար­րին մօտ՝ ծան­րա­ցած օտար բառ-եզ­րե­րով, նոյնպէս փո­խառեալ...։ Անխառն խօ­սուած-գրուած հա­յերէն մը փաս­տօ­րէն դա­տապար­տե­լով մնա­լու անըն­կա­լելի, ան­հասկնա­լի՝ գրե­թէ բո­լորէն...։
Հիւ­ծումի կի­սածա­ծուկ այլ ան­վի­ճելի նշան­ներ՝ «լե­զու եւ մշա­կոյթ պա­հող» մեր այս համայնքնե­րուն մօտ.- Մայ­րե­նի լե­զուի ու­սուցման որա­կական տագ­նա­պը, ու որա­կէն առաջ՝ ու­սուցիչ մար­դուժի՛ իսկ ահա­զան­գա­յին նուազու­մը. փաս­տեր՝ որոնք, նաեւ առարկա­յական ազ­դակնե­րով պայ­մա­նաւոր, բայց սեր­տօ­րէն կա­պուած են նաե՛ւ որակական այս նուազու­մին։ Դեռ՝ վա­տուժ, «բրա­ծոյ» հրա­պարա­կագ­րա­կան լե­զու-ոճ մը, որ կ՚ողո­ղէ այ­սօր Սփիւռքի մա­մու­լը մեծ մա­սամբ։ Ապա՝ ջա­հակիր գրա­կան նոր սե­րունդի եւ նոր անուննե­րու բա­ցակա­յու­թեամբ՝ գո­սացու­մը գրա­կանու­թեան երա­կին։ Ու ասոր հետեւող՝ աս­տի­ճանա­կան անէացու­մը գրա­կանու­թեան ստեղ­ծա­գործ լե­զուի։
Ահա ահա­զան­գիչ նշան­նե­րը, որոնք կու գան մեր առ­ջեւ պատ­կե­րելու, թէ ինչպէ՛ս լե­զու մը՝ ապ­րող օր­կա­նիզ­մէ՝ աս­տի­ճանա­բար կը հիւ­ծի, կը դառ­նայ մե­ռեալ լե­զու - «գրա­բար»...
Մայ­րե­նի լե­զուն՝ կա՛մ գրե­թէ լրիւ կոր­սուած, կա՛մ կորսնցու­ցած՝ որակ ու կենսունակութիւն, ինքզինք նո­րոգե­լու կա­րողու­թիւն...։ Ահա՛ տար­բե­րու­թիւնը Արեւմուտքի եւ Արե­ւել­քի մի­ջեւ։ Աս­կէ ան­դին՝ հա­յախօս հա­մայնքնե­րու մա­սին խօ­սիլ որքա­նո՞վ կը հա­մապա­տաս­խա­նէ իրա­կանու­թեան, ու որ­քա­նո՞վ կ՚ըլ­լայ սոսկ մխի­թարիչ պատ­րանք։ Ա՛լ դժուար չէ որո­շել։
Եւ քա­ղաքա­կան Դա­տի երե­ւու­թա­պէս կեն­սունակ գոր­ծունէու­թիւն մը չէ որ պի­տի փոխարի­նէ մեր ազ­գա­յին-մարդկա­յին ինքնու­թիւնը, անոր բո­վան­դա­կու­թիւնը կա­յաց­նե­լու կո­չուած լե­զու-մշա­կոյթ էու­թիւնը, դար­մա­նէ անոր բա­ցը։ Քա­ղաքա­կան գի­տակ­ցութիւ­նը դրա­կան գոր­ծօն կը դառ­նայ յօ­գուտ մեր ինքնու­թեան՝ միա՛յն եթէ առիթ տայ գի­տակ­ցե­լու լե­զուա-մշա­կու­թա­յին այդ մի­ջու­կի անհրա­ժեշ­տութեան, ան­փո­խարի­նելիու­թեան. եւ գրգիռ տայ վե­րադառ­նա­լու անոր՝ մշա­կու­թա­յին վե­րահա­յացու­մի։ Ատով միան­գա­մայն ապահովե­լով իր իսկ յա­րատե­ւու­թիւնը։ Այ­լա­պէս, քա­ղաքա­կանը, մա­նաւանդ եթէ ինքնիրեն վե­րագ­րէ ինքնու­թիւն փո­խարի­նողի խա­բու­սիկ հան­գա­մանք, կ՚ու­նե­նայ կարճաշունչ գո­յու­թիւն։ Աւե­լի՛ն. արթնցնող գոր­ծօ­նէ՝ կը վե­րածուի թմրե­ցու­ցի­չի, ժխտական գոր­ծօ­նի։

ԼԵ­ԶՈՒ-ՄՇԱ­ԿՈՅԹ՝ ՊԱՀ­ՊԱ­ՆԵԼԻ ԵՆ ՄԻԱՅՆ ՈՐԱ­ԿՈՎ…
Ար­դեօ՞ք աւե­լի դժուար է լե­զուա-մշա­կու­թա­յին ինքնու­թիւն փրկել, քան ազ­գա­յին-քաղաքա­կան Դա­տի պայ­քար տա­նիլ։ Այդպէս կ՚երե­ւի...։
Մտա­հոգի­չը այն է, որ արեւմտա­հայե­րէնի այս ան­հե­տացու­մը կամ որա­կազրկու­մը զուտ լե­զուա-մշա­կու­թա­յին երե­ւոյթ չէ։ Անի­կա ար­դէն աւե­լի դիւ­րին կ՚ըն­կա­լուի, երբ կը տեղադրուի մեր հա­մայնքնե­րու՝ մարդկա­յին հո­գե-մտա­ւոր որա­կի՛ նուազ­ման երե­ւոյ­թին։ Եւ ընդլայ­նուած այս բա­ցատ­րութեան մէջ՝ ա՛լ աւե­լի իրա­րու կը մօ­տենան եւրօ-ամերիկեան եւ մի­ջին-արե­ւելեան տի­պի մեր հա­մայնքնե­րը, թէ՛ իբր կա­ռոյց ու ընթացք, թէ՛ իբր ապա­գայի հե­ռա­նկար...
Դար­ձած ենք հա­մայնքներ՝ յա­ճախ յոգ­նած կո­րիզով, կծկուած. պարզ պահ­պանման ձգտող մշա­կոյ­թով։ Եւ՝ այդ կո­րիզին շատ թոյլ կա­պուած, կամ ան­կէ լրիւ խզուած՝ լու­սանցա­յին մեծամաս­նութիւն մը, նե­րառեալ՝ կա­րեւոր հա­մեմա­տու­թիւն մը թան­կա­գին որա­կէն...։ Ու ասի­կա՝ ամէ՛ն տեղ, Արեւ­մուտքէն՝ Արե­ւելք, եթէ զեղ­չենք աս­տի­ճան­ներ ու տե­ղային տարբե­րու­թիւններ։
Մշա­կու­թա­յին կո­րիզ եւ լու­սանցք՝ այսպէս եր­կուքն ալ կը հա­կին ծայ­րա­գոյն վի­ճակ­նե­րու. լու­սանցքը՝ ցրուելու, կո­րիզը՝ կծկուելու, գո­ցուե­լու։ Եւ գոց մշա­կոյթ մը, որ կ՚ար­գե­լակէ նորոգու­մը ե՛ւ մշա­կոյ­թին, ե՛ւ զայն դրսե­ւորող լե­զուին, իր կար­գին կը դառ­նայ վնա­սակար։ Վնա­սակար՝ ընդհան­րա­պէս, բայց յատ­կա­պէս մե­զի նման տա­րաս­փիւռ, ոչ-պե­տական հա­ւաքա­կանու­թիւննե­րու հա­մար։
Գո՛ց մշա­կոյթ, որ՝ ու­րիշ թե­րինե­րու կար­գին՝ կը տա­ռապի անա­տակու­թե­նէ ինքզինք մատու­ցա­նելու նոր սե­րունդնե­րուն։ Չու­նի ման­կա­վար­ժութիւն։ Լե­զուի եւ մշա­կոյ­թի փոխան­ցումը (հոն՝ ուր դեռ կայ դպրոց ու փո­խան­ցում...) կ՚ապ­րի իբր տա­ժանե­լի բեռ ու իմաս­տա­զուրկ ծէս, ո՛չ իբր ու­րա­խու­թեան տօն, իբր հա­ղոր­դութի՛ւն...։ Եւ բնա­կանօ­րէն նաեւ կը վախ­նայ ինքզինք երի­տասար­դացնե­լէ, երի­տասարդ ու­ժե­րու տեղ տա­լէ. թե­րեւս ար­դա­րօրէն վախ­ցած՝ անոր ան­բա­ւարար որա­կէն (բայց որո՞ւ մեղ­քով...), եւ անարդարօրէն վախ­ցած՝ սերնդա­փոխի բե­րելիք նո­րու­թիւննե­րէն ու նո­րոգու­մէն...։
Լա՛ւ գի­տենք ող­բալ հա­մաշ­խարհայ­նա­ցու­մը, բայց երա­նի՜ ող­բա­լու փո­խարէն գոր­ծա­ծէինք քիչ մը արթնու­թիւն ու կամք՝ անոր կոյս-ան­տառնե­րու նո­րանոր պտուղնե­րը քա­ղելու. լեզուի ու­սուցման ման­կա­վար­ժա­կան մե­թոտ­նե­րու հմտա­նալով՝ չա­րիքը ի նպաստ մե­զի շրջե­լու - գո­նէ մա­սով մը...։
Այո՛, յայտնօ­րէն, աւե­լի դժուար կ՚երե­ւի լե­զուա-մշա­կու­թա­յին ինքնու­թիւն փրկել, քան ազգա­յին-քա­ղաքա­կան Դա­տի պայ­քար տա­նիլ։ Յօ­գուտ այս վեր­ջի­նին՝ ի վի­ճակի ենք՝ քիչ շատ՝ նո­րագոյն զէն­քեր դարբնե­լու, գո­նէ փո­խառու­թեամբ գոր­ծա­ծելու։ Ու հարց է՝ ին­չո՞ւ նոյնքան ար­դիական եւ ար­դիւնա­ւէտ զէն­քե­րով ու ոճով չենք յա­ջողիր տա­նիլ մեր լե­զուա-մշա­կու­թա­յին Դա­տի պայ­քա­րը։ Ո՞չ որով­հե­տեւ ասի­կա պայ­քար է… ընդդէմ մեր իսկ միջակու­թեան, որա­կային ան­բա­ւարա­րու­թիւննե­րուն։ Մեր պայ­քա­րը՝ մե՛ր դէմ…։

…ԵՒ ԳՈ­ՅԱՏԵՒ­ՄԱՆ ՍԵ­ՓԱԿԱՆ ՈՐՈ­ՇՈՒ­ՄՈՎ
Սփիւռքնե­րու հա­մար, ինչպէս մե­րինին, այս քրո­նիկ, վտան­գա­ւոր կա­ցու­թե­նէն փրկութիւնը՝ կարճ խօս­քով՝ ա՛յն պի­տի ըլ­լար, որ մշա­կու­թա­յին կո­րիզը ջա­նար բա­ցուիլ լու­սանցքին, ձգտե­լով զար­գա­նալ, որակ ստեղ­ծել։ Նաեւ՝ բա­ցու­թեամբ եւ որա­կով ներգրաւել լու­սանցքը, զայն մօ­տեց­նել, յանձնա­ռու­թեան բե­րել։ Բա­ցուե­լով տա­րածուիլ։
Կո­րիզի եւ լու­սանցքի մի­ջեւ հա­ւասա­րակշռու­թեամբ, մեր մշա­կոյ­թը միան­գա­մայն պի­տի դրուէր հա­ւասա­րակ­շիռ դիր­քի՝ տե­ղական-շրջա­նային եւ հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կու­թա­յին ոլորտնե­րու հետ։ Եւ պի­տի ըլ­լար շատ աւե­լի առողջ, պի­տի չվախ­նար առ­ճա­կատե­լու՝ տեղական թէ հա­մաշ­խարհա­յին տի­րող մշա­կոյթնե­րու հետ։ Բազ­մամշա­կու­թայնու­թեան այս հա­ւասա­րակշռու­թիւննե­րուն հաս­նի­լը միայն կրնար ապա­հովել մեր գո­յատե­ւու­մը, մեր առողջ հո­լովոյ­թը՝ իբր ազ­գա­յին հա­ւաքա­կանու­թիւն։
«Բա­ցու­մի», առ­ճա­կատու­մի այսպի­սի ըն­թացք մը մեզ զերծ պի­տի պա­հէր ինչպէս մեկուսա­ցու­մէ, այնպէս ալ տե­ղական մշա­կոյթնե­րու շիլ յա­րու­մէ մը, օգ­նե­լով գտնե­լու ճիշդ դե­ղաչափ՝ զոյգ ուղղու­թիւննե­րով։ Մեզ պի­տի պա­տուաս­տէր նաեւ տե­ղայ­նա­ցու­մի փորձութիւննե­րէ, լճա­ցու­մէ։ Եւ հոս ու հոն աճող սե­րունդի հա­տուած­նե­րը, փո­խանակ հեռանա­լու-ցրուելու, պի­տի մօ­տենա­յին իրա­րու, ան­պայման։ Ստեղ­ծե­լով հա­րուստ ֆոնտ մը հա­սարա­կաց գի­ծերու, ապա­հովե­լով անոր նկա­րագ­րա­յին միու­թիւնը, այ­լա­զանու­թեան մէջ։
Բազ­մամշա­կոյթ պա­տուաս­տեալ, որա­կաւոր սե­րունդի մը աճե­ցու­մը դեռ պի­տի նշանակէր՝ ե՛ւ Արեւ­մուտքի մեր հա­մայնքնե­րուն մէջ հա­յախօ­սու­թեան նոր թափ տալ հոգե-ման­կա­վար­ժա­կան ար­դի մե­թոտ­նե­րու որ­դեգրու­մով, ե՛ւ Արե­ւել­քի հա­մայնքնե­րու մէջ ձգտիլ հայ լե­զուի ու մշա­կոյ­թի որա­կաւոր­ման՝ տե­ղական ու հա­մաշ­խարհա­յին մշակոյթնե­րու հետ հաշտ գո­յակ­ցութեան եւ փոխ­թա­փան­ցումի կրթա­կան ռազմավարութեամբ մը։
Այսպէս է նաեւ, միա՛յն այսպէս, որ քա­ղաքա­կան Դատ, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչում ու հա­տու­ցում՝ պի­տի ստա­նան իրենց շօ­շափե­լի պա­րու­նա­կը, բա­ռացիօրէ՚ն իմաս­տա­ւորուին - երբ իրենց պաշտպան­նե­րը ազ­գա­յին լե­զուա-մշա­կու­թա­յին բո­վան­դա­կու­թեամբ կեն­դա­նի, մարդկա­յին հա­մայնք դառ­նան, եւ ոչ քա­ղաքա­կան բարձրա­խօս­նե­րու սարք մը...
Կը մնայ հարց տալ, թէ հի­մա ո՞ւր ենք՝ յա­րաբե­րաբար այսպի­սի հե­ռան­կա­րի մը։
Ու մա­նաւանդ հարց տալ, թէ արեւմտա­հայե­րէն ու արեւմտա­հայ մշա­կոյթ, եթէ «վտանգուած» են, ին­չո՞ւ վտան­գուած են։ Ճա­կատագ­րի ան­խախտե­լի հրա­մանո՞վ մը, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ախ­տա­ճանա­չու­մով ու նա­խատե­սու­թեա՞մբ,- թէ՞, այդ բո­լորէն առաջ ու վեր, իբր հե­տեւանք մեր սե­փական կե­ցուած­քին ու որո­շու­մին - մեր դա­սալ­քութեան։

ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ...
Կրնայ հար­ցուիլ.- Հա­պա՚ Հա­յաս­տա՞նը…։ Հոս չե՞նք ան­տե­սեր հար­ցի Սփիւռք-Հայ­րե­նիք կա­պի հրա­մայա­կան­նե­րը։ Չեմ կար­ծեր։ Մեր­ձե­ցում եւ գոր­ծակցու­թիւն հա­յու­թեան գլխաւոր այս եր­կու հա­տուած­նե­րուն մի­ջեւ՝ ընդհան­րա­պէս փա­փաքե­լի են, ու աւե­լին՝ անհրա­ժեշտ։ Բայց հոս՝ խօս­քը հոս կը վե­րաբե­րի աւան­դա­կան Սփիւռքի մշա­կու­թա­յին ինքնու­թեան, այ­սինքն յա­տուկ աւան­դուած եւ օրը օրին ապ­րե­լի, վերստեղ­ծե­լի արժէքներու հա­մակար­գի մը։ Կարճ ըսած՝ գո­յու­թեա՚ն գոր­ծընթա­ցի մը՝ որ պար­տի ձգտիլ ինքնու­րոյնու­թեան, ինքնա­բաւու­թեան։ Յատ­կութիւններ՝ որոնք, ար­դէն ան­բա­ւարար, կրնան աւե­լի եւս արագ ջլա­տուիլ մեր մէջ, ինչպէս ան­խուսա­փելիօրէն կ՚ըլ­լայ՝ «դուրսէն» կա­խեալ, «դուրսէն» բա­րիք սպա­սող որե­ւէ հա­ւաքա­կանու­թեան մօտ։
Աւե­լի մաս­նա­ւորե­լով կրթա­կան հա­մակար­գին, միշտ ամ­փոփ՝ պի­տի ըսենք, որ Սփիւռքը, իբր կրթա­կան-ման­կա­վար­ժա­կան յղացք, իր առար­կա­յական կա­րիք­նե­րով՝ հե­ռու է ու շատ տար­բեր՝ Հա­յաս­տա­նի աւան­դութիւննե­րէն եւ կի­րար­կումնե­րէն։
Հասկնա­լի է, որ խօս­քը չի վե­րաբե­րիր Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թողնե­րու «տնտե­սական» նոր Սփիւռքին, որու հա­մար բա­նաւոր պի­տի ըլ­լար՝ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րէն յենարան ակնկա­լել։ Եւ որու մշա­կու­թա­յին կա­րիք­նե­րու հո­գը ար­դէն –ի դէպ- կրնայ լայնօրէն սպա­ռել Երե­ւանէն տրա­մադ­րուելիք ամէն ճիգ…

«Նոր Յառաջ», 16 Մայիս 2015

No comments:

Post a Comment