Ժ.Չ.
100ամեակը միայն Ապրիլ 24ը չէր։ Բարեբախտաբար։ Նախաձեռնութիւնները դեռ կը
շարունակուին։
Խանդավառութիւնը
մեծ
է։
Ֆրանսայի
պարագային,
անսպասելի
էին շրջանային
արուարձաններու
քաղաքապետարաններու
բազմաբնոյթ
ձեռնարկները,
որոնք
կը
տարածուին
քանի
մը
ամիսներու
վրայ։
Գլխաւոր հարցադրումը նախքան 100ամեակն իսկ՝ վաղորդայնն էր։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղը, յաջորդ օրը։ Թէեւ շատերու համար՝ նոր մեկնակէտ, սակայն, վաղ թէ ուշ այդ հարցադրումին առջեւ պիտի գտնուինք։
Մէկ բան յստակ է,
գոնէ Ֆրանսայի մէջ, մինչեւ այսօր որեւէ ժամանակաշրջանի համակրութեան այսքան զօրաւոր ալիք չէր զգացուած։ Մինչեւ հիմա լրատու միջոցները այսքան ուշադրութիւն եւ յայտագիրներ չէին յատկացուցած։ Մինչեւ հիմա պատմագէտներ, բանախօսներ, մասնագէտներ հանրային կերպով այսքան դրական չէին արտայայտուած։
Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին կողմէ ժխտողականութեան դէմ պայքարի օրէնքի քուէարկութեան օրերուն բաղդատած, հասարարական կարծիքը 180 աստիճան շրջուած է։ Ի՞նչն է որ փոխուած է։ Ո՛չ Հայաստանի պետութեան, ո՛չ ալ սփիւռքահայութեան կազմակերպուածութիւնը բարեփոխուած է։ Ուրեմն ի՞նչն է որ փոխեց տպաւորութիւնը։ Զանազան հանրային վիճարկումներ կը բերէին հետաքրքրական պատասխաններ, առաջին՝ Միջին Արեւելքի վիճակը, ծայրայեղական իսլամապաշտներու անմարդկային ջարդերը, որոնք Հռոմի պապին կողմէ իսկ որակուեցան քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւն։ Երկրորդ՝ Թուրքիոյ նեցուկը իսլամ ծայրայեղականներուն։ Երրորդ՝ եւրոպացիներու վախը՝ ի տես եւրոպացի երիտասարդ մահմետականներու մասնակցութեան ՏԱՀԷՇ-ի բարբարոսութիւններուն եւ Եւրոպա վերադարձին՝ անոնց կողմէ նախաձեռնելի վտանգաւոր արարքներու սպառնալիքին։
Խառնակ Միջին Արեւելքի քաղաքական իրավիճակին կողքին, կան նաեւ երկու կարեւոր ազդակներ որոնք յեղաշրջեցին թրքանպաստ եւրոպական հոսանքը։ Առաջինը, պատմաբաններու տարած բացառիկ գիտական աշխատանքն է,
պատմագրական տուեալներու վրայ ամրագրելով ցեղասպանութեան փաստարկումը։ Եւ երկրորդ՝ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ գործընկերութեան վատթարացումը եւ Իսրայէլ - Իրաքեան Քիւրտիստան նոր դաշնակցութիւնը։ Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել՝ Թուրքիոյ մէջ, մահմետականացած հայերու զարթնումը, Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք եւ Հայկական հարցին իւրացումը քաղաքացիական շարժումներու կողմէ։
Այս բոլորով հանդերձ, սփիւռքահայերուս համար գլխաւոր հարցադրումը ի զօրու կը մնայ։ Իսկ վա՞ղը։ Հարիւրամեակ մը հարկ եղաւ, որ հայութիւնը Թուրքիոյ պահանջ ներկայացնելու մասին գործնական քայլեր առնէ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պահանջը, առաջին քայլն է,
միակ կազմակերպուած քայլը, որ կը պահանջէ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձը, ուրիշ՝ ոչինչ։ Իսկ եթէ այլ կալուածներու պահանջը պիտի յանձնուի ամերիկեան անկախ փաստաբաններու, ինչպէս պարագան եղաւ այն ամերիկացի-հայ երեք փաստաբաններուն որոնք AXA-ի հատուցման դրամագլուխին գրեթէ կէսը իւրացուցին վերապրողներու իրաւատէրերուն եւ հայկական ընկերակցութիւններու բաժնելու փոխարէն… նախընտրելի է հատուցումի չդիմել։
Ի՞նչ ընել։ Եւրոպական հայանպաստ կողմնորոշումները երկար չեն տեւեր։ Մանաւանդ երբ հայերու ներդրումը այնտեղ բախտորոշող չէ եղած։ Արդէն Ցեղասպանութեան նպաստաւոր դիրքերու կողքին յաճախ կը յիշուէր Հայաստանի ոչ ժողովրդավարական, կաշառակեր կառավարութիւնը, որ հարիւրամեակը կը շահագործէր Սփիւռքը սիրաշահելու եւ երկիրը ղեկավարելու իր անկարողութիւնը ծածկելու համար։ Բայց մինչեւ Հայաստան չերթանք, մնանք Եւրոպայի մէջ։ Նոյնիսկ Ֆրանսայի մէջ, Հայկական Ընկերակցութիւնները Համակարգող Խորհուրդը պէտք ունի ժողովրդավարական լուրջ ելեկտրաշոքի մը, որպէսզի ի զօրու ըլլայ ֆրանսական հասարակական կազմակերպութիւններու արժէքներու համակարգով աշխատելու եւ նկատի առնելու ֆրանսահայութեան քաղաքական, կրթական ու մշակութային բոլոր կալուածները։
«Նոր Յառաջ» (խմբագրական), Մայիս 7, 2015
No comments:
Post a Comment