6.5.15

Հարցազրոյց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ Սիսի Կաթողիկոսարանի յարուցած դատական հայցին մասին




Ինչպէս մամուլով յայտարարուած էր, 28 Ապրիլին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ դատ բացաւ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Նկատի ունենալով սոյն իրաւական քայլին պատմական նշանակութիւնը  ու եզակի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ծիրին մէջ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ «Հասկ»ը հարցազրոյց մը ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի հետ, որ եղաւ նախաձեռնողը եւ մղիչ ուժը իրաւական այս աննախընթաց քայլին։


Հարցում.- Վեհափառ Տէր, ի՞նչ էին դրդապատճառները, որոնք մղեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատական նման յանդուգն քայլի դիմելու Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի մեր աշակերտութեան օրերէն սկսեալ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացումը  մեզի համար, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի բովէն անցած բոլոր սաներուն համար եղած է մեր ամենօրեայ ապրումին, տագնապին, մտածողութեան ու երազներուն անանջատելի մասը։ Այլ խօսքով, մեր հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ, մեր ազգային պահաջատիրութիւնը միշտ եղած է կարեւոր գործօն։ Բնականաբար, երկու կարեւոր ազդակներ մղած են մեր ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումը առանցքային ներկայութիւն դարձնելու մեր կեանքէն ներս. առաջին՝ սփիւռքեան իրականութիւնը, որ պարտադրեալ իրավիճակ մըն է ցեղասպանին կողմէ, եւ երկրորդ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արտաքսումը Սիսի իր դարաւոր Կաթողիկոսարանէն։ Մեր Ս. Աթոռը իր հայրապետներու, միաբաններու, ժողովական կառոյցներու ու թեմերու ճամբով առաջնահերթ կարեւորութիւն է տուած մեր ազգային պահանջատիրութեան։ Չմոռնանք երբեք, որ մեր եկեղեցին ազգի՛ն եկեղեցին է եւ հոգեւորի կողքին նաեւ ունի ազգային նկարագիր ու առաքելութիւն։ Արդ, ազգին տագնապը նաեւ եկեղեցւոյ տագնապն է, ազգին պահանջքը՝ նաեւ եկեղեցւոյ պահանջքը։ Տակաւին կը յիշենք 1965-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, որպէս պատանի մեր արտասանած Դանիէլ Վարուժանի Կիլիկեան ջարդերու նուիրուած բանաստեղծութիւնը (ի դէպ յիսուն տարիներ յետոյ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, մեր պատգամը սկսանք նոյն բառերով.- «Պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած եւ մենք զաւակներդ օգոստափառ, պիտի կերտենք նո՜ր արշալոյս...»)(*)։ Երբ սկսանք մօտենալ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, մտածեցինք թէ ինչ պէտք է ընել, որ մեր ժամանակակից պատմութեան այս կարեւոր հանգրուանը ըլլայ եզակի, պատմական եւ մեր հարիւր տարիներու պահանջատիրական պայքարին առջեւ նոր հորիզոններ բացող եւ նոր ընթացք ճշդող։ Այս մտածումը մեզ մղեց կազմակերպելու 2012-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, միջազգային համագումար մը «Ճանաչումէ դէպի հատուցում» նիւթով։ Համագումարին հրաւիրեցինք միջազգային օրէնքի ու ցեղասպանութեան 30 օտար մասնագէտներ։ Թէ՛ հրապարակային քննարկումներու եւ թէ՛ անոնց հետ մեր ունեցած առանձին զրոյցներու ընթացքին ուզեցինք իմանալ մեր պահանջատիրութիւնը իրաւական շրջագիծի մէջ դնելու կարելիութիւնները։ Մասնագէտներու մօտեցումները ընդհանրապէս երկդիմի էին. սակայն ըսին, որ կ’արժէ նման յանդուգն քայլի մը դիմել։ Մենք անձնապէս համոզուած էինք, որ տասնամեակներէ ի վեր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքը նոր ընթացք մը ստանար, շեշտը դնելով հատուցման վրայ։ Արդարեւ, միջազգային օրէնքի համաձայն, ճանաչում ու հատուցում իրարու հետ սերտօրէն առնչուած են։ Հետեւաբար, ա՛յս մօտեցումով պէտք է շարունակենք մեր աշխատանքը հարիւրամեակէն անդին։

Հարցում.- Վեհափառ Տէր, ի՞նչ ձեւով սկիզբ առաւ դատի պատրաստութեան գործընթացը,  որուն ղեկավարութիւնը դուք ստանձնած էիք ։
Ինչպէս քիչ առաջ ըսինք, մեր դատի իրաւական մարզը քննարկելու կոչուած միջազգային համագումար մը կազմակերպելու Կաթողիկոսութեան նպատակը յստակօրէն կը հետապնդէր մեր պահանջատիրութիւնը իրաւական տուեալներով ու հիմնաւորումներով հետապնդելու ծրագիրը։ Անցնող տասնամեակներուն Հայ Դատի աշխատանքը առաւելաբար կեդրոնացած էր Ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ եւ այս նպատակով  կատարուած էր քաղաքական, քարոզչական, յարաբերական ու հրատարակչական հսկայ աշխատանք։ Ճի՛շդ է, իրաւական գծով եւս որոշ հրատարակութիւններ կատարուած էին անցեալին (օրինակ՝ Մուսա Բրէնսի, Un génocide impuni: l’Arménocide եւ Շաւարշ Թորիկեանի The Armenian Question and International Law)։ Սակայն իրաւական դաշտը կը կարօտէր համապարփակ ուսումնասիրութեան՝ միջազգային օրէնքներու ու համաձայնագրերու ինչպէս նաեւ թրքական իրաւական օրէնքներու լոյսին տակ։ Յիշեալ համագումարէն անմիջապէս յետոյ, որոշ կապեր հաստատեցինք միջազգային օրէնքի կարգ մը մասնագէտներու հետ, ունենալու նաեւ անոնց տեսակէտը։ Այս խորհրդակցութիւններէն ետք կազմեցինք մասնագէտներէ բաղկացած փոքր խումբ մը եւ սկսանք աշխատանքի՝ հեռու լուսարձակներէ։ Յիշեալ խումբին մաս կազմեցին հետեւեալ անձերը.- Դոկտ. Բայամ Ախաւան (ցեղասպանութեան օրէնքի դասախօս Մքկիլ Համալսարանի մէջ եւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարանի մօտ փաստաբան), Դոկտ. Դիմ Էյք (միջազգային դատերու փաստաբան Եւրոպական Մարդկային Իրաւանց Դատարանի մօտ), Ճէմ Մուրադ Սոֆուօղլու (Իսթանպուլի Համալսարանի դասախօս եւ կալուածական ու մարդկային իրաւանց հարցերու փաստաբան), Դոկտ. Թանէր Աքչամ (Հայոց Ցեղասպանութեան դասախօս Քլարք Համալսարանին մէջ), Դոկտ. Իշթար Կէօզայտը Սաւասիր (միջազգային եւ թրքական օրէնքներու դասախօս Իսթանպուլի Համալսարանին մէջ), միջազգային ու թրքական օրէնքներու համալսարանի այլ թուրք դասախօս մը եւ թուրք պատմաբան մը (վերջին երկու անձերը հասկնալի պատճառներով չուզեցին իրենց անունները բացայայտել հանրութեան), Թենի Բիրրի Սիմոնեան (մարդկային իրաւունքներու դասախօս Ժընեւի Ուէպսթըր Համալսարանին մէջ), Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան (քաղաքագիտութեան եւ միջազգային օրէնքի դասախօս Լիբանանեան Համալսարանին մէջ) եւ Ֆաթիմա Սաքայա (անգլերէն ու թրքերէն լեզուներու դասախօս Միացեալ Նահանգներու մէջ)։ Մասնագէտներու այս խումբը ճշդուած էր նկատի ունենալով մեր դատին պատմական ենթահողը, թրքական դատավարական օրէնքները եւ յատկապէս՝ ցեղասպանութեան ու մարդկային իրաւանց առնչուած օրէնքները։ Մեր աշխատանքը կազմակերպուեցաւ հետեւեալ կերպով.- անցնող շուրջ երկու տարիներու ընթացքին, չորս հանդիպումներ ունեցանք Ժընեւի մէջ եւ երկու մասնակի հանդիպումներ՝ Անթիլիասի մէջ։ Աշխատանքը կատարուեցաւ հաւաքական կերպով. անձի մը կողմէ պատրաստուած աշխատանքը յանձնախումբին կողմէ քննարկուեցաւ եւ իր վերջնական ձեւը ստացաւ։ Մակարը պատմական ենթահողը պատրաստեց, որովհետեւ թրքական դատարանը իր ներքին գործընթացներուն համաձայն կրնայ պահանջել թուրք պատմաբանի մը տեսակէտը։ Բնականաբար Թուրքիոյ դատավարական օրէնքներու առնչուած հարցերը պէտք է ուսումնասիրուէին թուրք մասնագէտներու կողմէ։ Բայամ եւ Դիմ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանի առնչուած հարցերը քննարկեցին։ Աքչամը առաւելաբար օգտակար եղաւ օսմանեան արխիւներու մէջ պրպտումներ կատարելու գծով։ Թենին, մարդկային իրաւանց գծով իր ունեցած փորձառութեան առընթեր նաեւ համադրումի աշխատանքը կատարեց։ Նորան, որպէս միջազգային օրէնքի դասախօս, իր մասնակցութիւնը բերաւ յատկապէս իրաւական հարցերու քննարկման։ Բոլոր փաստաթուղթերը նախ թրքերէնով պատրաստուեցան, ապա անգլերէնի թարգմանուեցան եւ թրքերէնով իրենց վերջնական ձեւը ստացան։ Պատրաստուեցան երեք թղթածրարներ.- պատմական թղթածրար (15 էջ), իրաւական թղթածրար (60 էջ) եւ դատի դիմումնագրի թղթածրար (10 էջ)։ Յիշեալ թղթածրարներուն առընթեր, նաեւ պատրաստուեցան այլ փաստաթուղթեր ու նկարներ Սիսի Կաթողիկոսարանին իրաւատէրի հանգամանքը ճշդող, անոր պատմական դերը պարզող եւ Օսմանեան պետութեան կողմէ անոր բռնագրաւումը եւ Կաթողիկոսարանին Անթիլիաս հաստատուիլը նկարագրող։

Հարցում.- Այնպէս կը թուի, Վեհափառ Տէր, որ Ձեր գլխաւորութեամբ կատարուած աշխատանքը այնքան ալ դիւրին ու հեզասահ չեղաւ։
Բարդ ու դժուար աշխատանք մը կատարուեցաւ յանձնախումբին կողմէ։ Բացատրենք։ Առաջին հերթին, Սիսի Կաթողիկոսարանը պահանջելու մեր դատական քայլին համար հիմնական էր Կաթողիկոսարանին սեփականութիւնը հաստատող փաստաթուղթ մը, ինչ որ չունինք։ Որքան ալ նկարներ, վկայութիւններ ներկայացնենք դատարանին, դատական սկզբունքներու եւ դատավարական օրէնքներու համաձայն սեփականութիւնը միայն կը փաստուի սեփականաթուղթով (թափու)։ Մեզի կը պակսէին նաեւ այնպիսի փաստաթուղթեր, որոնք կրնային այլապէս օգտակար հանդիսանալ դատավարութեան ընթացքին (չմոռնանք երբեք թէ ի՜նչ ահաւոր ու սարսափելի պայմաններու մէջ ապրեցաւ մեր ժողովուրդը ջարդի ու ցեղասպանութեան օրերուն...)։ Փորձեցինք Սիսի քաղաքապետութենէն որոշ տեղեկութիւններ քաղել, ինչ որ կարելի չեղաւ։ Սիսի կալուածային գրասենեակը մերժեց որեւէ տեղեկութիւն ու հաստատագիր տալ մեր փաստաբանին։ Մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, վարչապետարանէն շրջաբերական գացած է բոլոր շրջաններու կալուածական գրասենեակներուն, ոչ մէկ տեղեկութիւն կամ փաստաթուղթ հայթայթելու բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն իրենց կալուածները պահանջել (այս խումբին մաս կը կազմեն հայեր, ասորիներ եւ յոյներ)։ Սակայն չմոռնանք, որ եթէ դատավարութեան առնչուած փաստաթուղթեր կը պակսին մեզի որովհետեւ ո՛չ բնականոն պայմաններու մէջ Կաթողիկոսութիւնը հեռացաւ իր կայքէն, սակայն պատմութեան տուեալները աղաղակող փաստեր են Սիսի Կաթողիկոսարանի ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող վանքերու ու եկեղեցիներու եւ ընդհանրապէս ազգապատկան կալուածներու ինքնութիւնը ու պատկանելիութիւնը վկայող։ Ամէն պարագայի Թուրքիոյ դատարանը պատմա-իրաւական մօտեցումով չի կրնար մերժել Սիսի Կաթողիկոսարանին հայ եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը։ Այս է նաեւ իրաւագէտներու տեսակէտը։

Հարցում.-Ինչո՞ւ Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատական հայցը ուղղակիօրէն կը ներկայացուի Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարան։
Որեւէ երկրի պարագային, դատավարական կառոյցը կը բաղկանայ նախադատ, վերաքննիչ եւ վճռաբեկ ատեաններէ։ Շարք մը երկիրներ ունին նաեւ սահմանադրական դատարան։ Բնականաբար իւրաքանչիւր դատարան իր գործունէութեան ու իրաւասութեան սահմանները ունի։ Նկատի ունենալով, որ Սիսի քաղաքապետարանը մերժեց պարզ կալուածաթուղթի մը պահանջքը, իրաւաբաններ անիմաստ գտան դիմելու տեղական դատարան եւ հայցը ներկայացուեցաւ ուղղակի Սահմանադրական Դատարան: Այս վերջինէն մերժուելու պարագային, պիտի դիմենք Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարան։ Մեր դատական բոլոր փաստաթուղթերը նաեւ այս հեռանկարով պատրաստուեցան։

Հարցում.- Վեհափառ Տէր, ակնարկեցիք Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին։ Կրնա՞ք այս ուղղութեամբ որոշ լուսաբանութիւններ տալ։
Ինչպէս դատարանին անունը ցոյց կու տայ, մարդկային իրաւանց առնչուած հարցերով կը զբաղի յիշեալ դատարանը, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Սթրազպուրկի (Ֆրանսա) մէջ։ Դատական այս ատեանը սկսած է գործել 1959-ին եւ ցարդ տասը հազարէ աւելի դատեր վճռած է։ Ներկայիս 47 պետութիւններ (ներառեալ Հայաստան եւ Թուրքիա), անդամ են յիշեալ դատարանին։ Մարդկային Իրաւանց Դատարան կրնան դիմել պետութիւններ, համայնքներ, կազմակերպութիւններ ու նոյնիսկ անհատներ։ Դատարանին կողմէ տրուած վճիռը պարտադիր է։ Յիշեալ դատարանը կրնայ զբաղիլ այն դատերով, որոնք տեղական դատարանին կողմէ մերժուած են եւ կը քննարկէ թղթածրարները այն երկիրներուն, որոնք անդամ են Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին։ Յիշեցնենք, որ վերջերս Զուիցերիոյ առնչուած Փերինչէքի հարցով զբաղեցաւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանը։

Հարցում.- Ի՞նչ հակազդեցութիւն կրնայ ունենալ Թուրքիան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ նախաձեռնուած այս դատավարական ընթացքին գծով։
Որեւէ առողջ մտածողութիւն ունեցող անձ կամ հաւաքականութիւն բնական պիտի տեսնէ մեր Ս. Աթոռին կողմէ առնուած այս իրաւական քայլը։ Նախ դիտենք պատմական ենթահողը։ Հարիւր տարիներ առաջ, Սիսի մեր պատմական Կաթողիկոսարանը բռնագրաւուեցաւ օսմանեան-թուրք պետութեան կողմէ, ինչպէս մեր բոլոր եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներն ու կառոյցները։ Յաջորդող թուրք կառավարութիւնները, այսպէս կոչուած «լքեալ կալուածներու» գծով որոշումներ առին անտեսելով այդ կալուածներուն իրաւատէրերը եւ միջազգային օրէնքները ու փաստօրէն մեր ժողովուրդին կալուածները աշխարհին դիմաց սեփականացուցին։ Ո՞վ կրնայ ուրանալ այս իրողութիւնը։ Մեր պահանջատիրութեան անբաժան մասը կը կազմէ մեր ժողովուրդի սեփականութիւնը եղող՝ անհատական, ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը։ Եթէ այդ կալուածներուն կալուածագրերը այսօր գոյութիւն չունին, հասկնալի պատճառներով, սակայն աղաղակող փաստեր կան անոնց ինքնութիւնը վկայող։ Անցնող հարիւր տարիներուն, ճի՛շդ է, մեր պատասխանատու մարմինները այս հարցով չկրցան զբաղիլ, որովհետեւ ջարդէն ու աքսորէն յետոյ, սփիւռք դարձած մեր ժողովուրդի գոյատեւումը ու կազմակերպումը մեզի համար առաջնահերթութիւն էր։ Այսօր, փա՜ռք Աստուծոյ, ազատ ու անկախ Հայաստան ունինք, կազմակերպուած ու պահանջատէր սփիւռք ունինք եւ հետեւաբար Թուրքիոյ կ’ըսենք՝ մեր իրաւունքները կը պահանջենք. քու պապերուդ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում կը պահանջենք։ Այս առիթով կ’ուզենք յիշեցնել, որ անցնող երեք տարիներու ընթացքին երկու նամակներ յղած ենք Թուրքիոյ այդ օրերու վարչապետ եւ այժմ նախագահ Էրտողանին. առաջին նամակը մեր ստորագրութեամբ եւ երկրորդ նամակը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ մեր միատեղ ստորագրութեամբ։ Երկու նամակներուն մէջ ալ պահանջեցինք մեր եկեղեցապատական ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձը։ Ոչ մէկ պատասխան ստացանք։ Թուրքիոյ այս ամբարտաւան կեցուածքին դիմաց մենք պէտք է ցուցաբերենք ամուր կամք ու պահանջատիրական ոգի։ Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հակազդեցութեան, վստահաբար կը հետեւիք մամուլին։ Անցեալ շաբաթ Ուաշիկթընի մէջ կազմակերպեցինք մամլոյ ասուլիս. արդիւնքը դրական էր։ Յատկապէս թրքական հակազդեցութիւնը անմիջական էր ու յարձակողական։ Պէտք է շարունակել նոյն ընթացքը։ Յաջորդաբար մամլոյ ասուլիսներ կը ծրագրենք կազմակերպել կարեւոր մայրաքաղաքներէ ներս։

Հարցում.- Ինչպէս ծանօթ է Ձեզի, Հայոց Ցեղասպանութենէն յետոյ, յաջորդաբար երկու համաժողովներ տեղի ունեցան Սեւրի (1920) եւ Լոզանի (1923) մէջ, որոնք անմիջականօրէն առնչուած էին Հայ Դատին։ Վեհափառ Տէր, արդեօք Կաթողիկոսարանի բացած դատին մէջ որեւէ նշում պիտի ըլլա՞յ յիշեալ համաժողովներուն մասին։
 Անկասկած, յիշեալ երկու համաժողովները քաղաքական եւ իրաւական իմաստով յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն մեր դատին։ Եթէ անոնց դաշնագրերուն հայ ժողովուրդին հետ առնչուած յօդուածները կարդաք, պիտի տեսնէք թէ լայն իրաւունքներ կը տրուին հայ ժողովուրդին եւ թրքական կառավարութիւնը յանձնառու կ’ըլլայ Ազգերու Դաշնակցութեան Խորհուրդին (League of Nations) հետ համախորհուրդ, անհրաժեշտ միջոցառումներու դիմելու, գործադրելու համար դաշնագրերու տրամադրութիւնները։ Հակառակ անոր որ Սեւրի դաշնագիրը չվաւերացուեցաւ, նախագահ Ուիլսընի կողմէ ճշդուած Հայաստանի սահմանները պատմական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, որովհետեւ Ուիլսընի ծրագիրը Ցեղասպանութենէն յետոյ Թուրքիոյ կողմէ կատարուելիք իրաւական, քաղաքական ու հողային հատուցման առաջին եւ հիմնական քայլն էր միջազգային օրէնքի ծիրէն ներս։ Սակայն դժբախտաբար Սեւրը չգործադրուեցաւ. պատմութեան թանգարանը նետուեցաւ, եւ Սեւրին յաջորդեց Լոզանի դաշնագիրը։ Ներկայ դատը հիմնուած է առաւելաբար Լոզանի դաշնագրին վրայ, որովհետեւ թրքական պետութիւնը ճանչցաւ եւ յանձնառու եղաւ գործադրելու Լոզանի դաշնագրի բոլոր պայմանները։ Լոզանի դաշնագրի 37-էն 45 յօդուածներուն մէջ կը պաշտպանուին փոքրամասնութիւններու՝ ներառեալ մեր ժողովուրդին շահերն ու իրաւունքները։ Բնականաբար Սեւրի դաշնագիրը պէտք է նկատի ունենալ որպէս իրաւա-քաղաքական կարեւոր մէկնակէտ, սակայն Լոզանի դաշնագրի տրամադրութիւններուն վրայ հարկ է յենիլ։ Այս է նաեւ մասնագէտներու տեսակէտը։ Կաթողիկոսութեան բացած դատին մէջ Լոզանի դաշնագիրը կարեւոր տեղ է գրաւած։ Կ’ուզենք նաեւ յիշեցնել, որ միջազգային օրէնքին համաձայն (տես օրինակ, Basic Principles and Guidelines on the Right to Reparation for Victims of Gross Violation of Human Rights and International Humanitarian Law եւ, Basic Principles and Guidelines on the Right to a Remedy and Reparation for Victims of Gross Violation of International Human Rights Law and Serious Violations of International Humanitarian Law) զոհուածներու ժառանգորդները, անհատապէս եւ հաւաքաբար, իրաւունք ունին պահանջելու անոնց իրաւունքները։

Հարցում.- Վեհափառ Տէր, արդեօք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու ամբողջական ցանկը ունի՞։
Կաթողիկոսարանի տրամադրութեան տակ կը գտնուին իրեն պատկանող ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու ամբողջական ցանկը։  Օսմանեան կայսրութենէն ներս, կրօնական կառոյցներ իրաւունք չունէին իրենց անունին արձանագրել կալուածներ։ Հետեւաբար, անոնց կալուածները կ’արձանագրուէին կամ վստահելի անձի մը եւ կամ սուրբի մը անունով։ 1912-ին կարելի դարձաւ կրօնական կառոյցներու անունով կատարել արձանագրութիւնը։ 1912-13-ին, պետութեան որոշումով, փոքրամասնութիւններ, ներառեալ հայ համայնքը, պատրաստեցին իրենց ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու ամբողջական ցանկը եւ փոխանցեցին պետութեան։ (Մեր համայնքին պատկանող կալուածներու ցանկը տպուած է Խ. Սաֆրաստեանի կողմէ «Էջմիածին» ամսագրի 1965-6 տարուան յաջորդական թիւերուն մէջ)։ 1921-ին, Ֆրանսան, որուն հովանաւորութեան տակ կը գտնուէին Սուրիան, Լիբանանն ու Կիլիկիան, Սահակ Կաթողիկոսին առաջարկեց պատրաստել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կալուածներու ցանկը՝ անոր կցելով նաեւ կալուածներու ու շինութիւններու նիւթական արժեւորումը։ Յիշեալ ցանկը պատրաստուեցաւ եւ փոխանցուեցաւ Ֆրանսայի պետութեան։ Անոր պատճէնը կը գտնուի Կաթողիկոսարանի արխիւներուն մէջ (տպուած է նաեւ Բ. Եղիայեան, Ատանայի Հայոց Պատմութիւն, Անթիլիաս, 1970, էջ 871-891)։ Հետագային, երբ Ֆրանսան հեռացաւ շրջանէն, ֆրանսայի իշխանութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Վեհափառին յայտնեց, թէ ինք իրաւունք չունի Թուրքիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու...։ Կալուածներու հարցին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ունենալու համար կրնաք նայիլ K.K. Baghdjian, The Confiscation of Armenian properties by the Turkish Government said to be Abandoned, Antelias, 2010 եւ Aram I, Issues and Perspectives, Antelias, 2013, pp. 78-92, 233-235։

Հարցում.- Վեհափառ Տէր, օրինական ի՞նչ հիմնաւորումներով կը կարծէք որ այս դատը կրնայ իր դրական ընթացքը ունենալ։
Հարցումին պատասխանելէ առաջ կ’ուզենք յայտնել որ յանձնախումբին հետ կատարուած աշխատանքին մասին ամբողջական տեղեկագիր մը պատրաստած ենք, անոր կցելով մեր տրամադրութեան տակ գտնուող արխիւները։ Այս աշխատանքը կատարեցինք պատմութեան համար։ Վերադառնալով հարցումին, անհրաժեշտ է շեշտել պատմական ենթահողը։ Ներկայ Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունի կամ ոչ, 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս ապրող հայերու դէմ կատարուած ջարդը ցեղասպանութիւն որակէ կամ ոչ, պատմական անհերքելի իրողութիւն մըն է, որ նոյնիսկ Թուրքիոյ բացատրութեամբ «մեծ թիւով հայեր սպաննուեցան եւ մեծ թիւով հայեր իրենց կալուածները ետին լքելով հեռացան Թուրքիայէն»։  Թուրքիան քաջ գիտնալով իր ունեցած աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը եւ հետեւաբար մեծ ուժերու զգուշաւոր մօտեցումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, հետզհետէ աւելի կ’ամրացնէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը։ Արդ, Թուրքիան այս հանգրուանին կրնայ կատարուածը որպէս ցեղասպանութիւն չընդունիլ՝ հակառակ իր ժխտումը հիմնաւորող փաստերու բացակայութեան։ Սակայն Թուրքիան չի կրնար ուրանալ որ օսմանահպատակ հայեր հարիւր հազարաւոր կալուածներ պարտադրաբար ձգելով հեռացած են Թուրքիայէն։ Այս անկիւնէն մենք կը փորձենք մօտենալ մեր դատին։ Միջազգային օրէնքը յստակ կերպով կ’ըսէ, թէ պատերազմի եւ ոչ բնականոն պայմաններու տակ բռնագրաւուած կալուածները պէտք է վերադարձուին իրենց սեփականատէրերուն եւ այս ուղղութեամբ պետութիւնը իր պատասխանատուութիւնը ունի։ Հետեւաբար, նման մարտավարական մօտեցում մը ո՛չ միայն կրնայ դիւրացնել հատուցման գործընթացը, այլ նաեւ կրնայ դէպի ճանաչում առաջնորդող ճամբան դարձնել աւելի հեզասահ։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք չէ դառնայ ինքնանպատակ ու բարձրագոյն գագաթը մեր պահանջատիրական պայքարին։ Առանց անտեսելու ճանաչման կարեւորութիւնը, անհրաժեշտ է 100-ամեակէն յետոյ յատուկ շեշտ դնել, նոյնիսկ առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայել, հատուցման եւ այդ ծիրէն ներս` որպէս առաջին քայլ կալուածներու վերադարձին։ Ցեղասպանութեան հատուցումը համապարփակ գործընթացներու ամբողջութիւն մը կ’ենթադրէ միջազգային օրէնքի տուեալներուն համաձայն։ Այդ գործընթացներուն մաս կը կազմեն նաեւ բռնագրաւուած հողերու եւ ինչքերու վերադարձը ու անոնց ոչնչացման պարագային՝ նիւթական հատուցումը։

Հարցում.- Որպէս եզրակացութիւն, Վեհափառ Տէր, ի՞նչ ունիք ըսելիք։
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքը ներկայացնելով, մեր նպատակը դուռը բանալն է մեր ազգապատկան ու եկեղեցապատկան բոլոր կալուածներու վերադարձի թղթածրարին։ Մարտավարական նոր մօտեցում մըն է սա, որ վստահաբար կ’ամբողջացնէ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները։ Բնականաբար հարկ է ըլլալ զգոյշ։ Հայ Դատը իր իրաւական ու քաղաքական խորքէն պէտք չէ հեռացնել՝ զայն սոսկ նիւթական հատուցման շրջագծէն ներս դնելով։ Հարկ է մշակել լուրջ ռազմավարութիւն, նկատի ունենալով ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմանները։ Երեւանի մէջ մեր հրապարակած հռչակագիրը պէտք է մէկնակէտը դառնայ մեր պահանջատիրութեան, նաեւ ճշդելով հատուցման մեր համապարփակ մօտեցումը եւ ապա՝ թղթածրարը։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հիմնական աշխատանքները պէտք է սկսին հարիւրամեակէն յետոյ, համազգային տարողութեամբ, միասնական ոգիով ու ամբողջական յանձնառութեամբ։ Այս գործընթացին ղեկավարութիւնը պէտք է ստանձնէ Հայաստանի պետութիւնը, յատուկ գրասենեակ մը, նոյնիսկ նախարարութեան համազօր բաժանմունք մը հաստատելով։ Յիշեալ աշխատանքին մաս պէտք է կազմեն մեր կրօնական ու կուսակցական կառոյցները եւ ցեղասպանութեան ու միջազգային օրէնքի մասնագէտներ։ Եթէ նման լուրջ քայլի չդիմենք, եւ շուտո՛վ, 100-ամեակը պիտի կորսնցնէ իր իմաստը, պատգամը ու մարտահրաւէրը։

------------------------------------------------
(*) Նախադասութիւնը Դանիէլ Վարուժանի՝ կիլիկեան ջարդերուն նուիրուած բանաստեղծութենէ մը քաղուած չէ. ան կազմուած է Յովհաննէս Թումանեանի «Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութեան («Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած»), գրուած՝ 1915ին, եւ Դանիէլ Վարուժանի «Նաւասարդեան» բանաստեղծութեան («Մե՛նք, Զաւակներդ օգոստափառ, պիտի կերտենք Նո՜ր Արշալոյս») տողերէն։ Վերջինս հրատարակուած է 1914ի («Հայկականք»)։


No comments:

Post a Comment