ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի լրացաւ հայ մեծ բանաստեղծ քնարերգու, հասարակական-քաղաքական
գործիչ Վահան Տէրեանի ծննդեան 130-ամեակը: Այս յոբելեանին ընդառաջ, բանաստեղծին ծոռը՝ հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Գէորգ
Էմին-Տէրեան, հեղինակած եւ հրատարակած է «Վահան Տէրեան. անտիպ եւ անյայտ
էջեր» հատորը, որ, ինչպէս հեղինակը կը նկատէ, ի յայտ կը բերէ նոր Տէրեանը:
Տասնամեակներ շարունակ Վահան Տէրեանի քնարերգութիւնը, անոր ապրած կեանքը եւ
ծաւալած հասարակական-քաղաքական գործունէութիւնը այլ լոյսի մը ներքեւ
ճանաչելի եղած են հայ ընթերցողին, զանազան դրդապատճառներու բերումով
թաքնուած են որոշ հանգամանքներ կամ աղաւաղուած են իրական փաստեր: Գէորգ
Էմին-Տէրեան տէրեանասէրներու համար բացայայտած է Վահան Տէրեանը՝ այլ
տեսանկիւնէ, ի յայտ բերելով հայ մեծ գրողին կեանքի անյայտ էջերը եւ զանոնք
ամփոփած է գիրքին մէջ: