Showing posts with label Նիզամի. Show all posts
Showing posts with label Նիզամի. Show all posts

8.12.18

Թումանեանը՝ ուշացած, բայց ո՛չ ուշ...

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«Նոր Յառաջ»-ի 6 Դեկտեմբերի թիւէն ուրախութեամբ իմացանք Հայաստանի Մշակոյթի փոխնախարար Տիգրան Գալստեանի յայտարարութիւնը, թէ Յովհաննէս Թումանեանի արձանը պիտի զետեղուի Հռոմի Villa Borghese-ին մէջ, որ Յաւերժական Քաղաքի երեք ամենամեծ հանրային զբօսայգիներէն մէկն է։
Վիլլա Պորկեզէն, որ կը գտնուի Հռոմի համբաւաւոր Սպանիա հրապարակին մերձակայքը եւ ըստ մեզի կը գերազանցէ Նիւ Եորքի հռչակաւոր Սենթրալ Փարքը, իր անհատնում տեսարժան վայրերուն շարքին կը յատկանշուի գրողներու արձաններով զարդարուած քանի մը ծառուղիներով, ուր կը հանդիպինք, օրինակ, Վիքթոր Հիւկոյի, Կէօթէի, Պայրընի, Փուշկինի, Կոկոլի, Ֆիրտուսիի եւ բազմաթիւ այլ համաշխարհային դէմքերու տպաւորիչ ներկայութեան։
Մեր ուրախութիւնը յատուկ էր, քանի որ անցեալ Սեպտեմբերին առիթը ունեցած էինք քանի մը ժամով զբօսնելու Վիլլա Պորկեզէի գեղատեսիլ այգիին մէջ, հեռու մնալով անոր գեղարուեստական արժանիքներն ու վայրերը սպառելու փորձութենէն իսկ, եւ զարմանքով անդրադարձանք, որ... գրողներու խնճոյքին հայ բանաստեղծները ուշացած հրաւիրեալներ էին։

4.12.13

Իրանցի բանաստեղծ Նիզամին ատրպէյճանակացուա՞ծ է

Նոյեմբերի 22-ին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Նիզամի Գեանջաւի. կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը» խորագրով գիտաժողով:
Գիտաժողովին նախաձեռնողը ԵՊՀ Հայագիտական Հետազօտութիւնների Ինստիտուտն էր, իսկ հիմնական շարժառիթը այն էր, որ Ատրպէյճանը որոշած է «սեփականացնել» նաեւ իրանցի բանաստեղծ Նիզամի Գեանջաւիին: