Showing posts with label Ռօտտեր. Show all posts
Showing posts with label Ռօտտեր. Show all posts

15.5.12

Ռօտտեր՝ ծանօթ ու անծանօթ նկարիչը մեր աւանդական առասպելներուն

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«Նոր Յառաջ»ի Մարտ 15ի թիւին մէջ, սուրիահայ բանասէր Լեւոն Շառոյեան շահեկան անդրադարձ մը ունէր Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքոր»ի նոր հրատարակութեան մասին, որ իրագործուած է Հալէպի մէջ, «Կիլիկիա» գրատան նախաձեռնութեամբ։
Այս հրատարակութեան լուրը տեղին արծարծում մըն էր՝ Սուրիոյ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ դէմ յանդիման, կերպով մը յիշեցնելու հալէպահայ գաղութի վերջին երկու տասնամեակներու հրատարակչական-մշակութային աշխուժութիւնն ու զարթօնքը։