Showing posts with label Տարօն-Տուրուբերան. Show all posts
Showing posts with label Տարօն-Տուրուբերան. Show all posts

31.7.17

Տարօն եւ տարօնցիք (Տարօն-Տուրուբերանի Հայր. Միութեան 100-ամեակին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Հայ սփիւռքի պատմութեան հետաքրքրական երեսներէն մէկն է, անկասկած, հայրենակցական միութիւններու գոյառումը, անոնց աստիճանական վերելքն ու գործունէութիւնը։
Մեծ Եղեռնէն անմիջապէս յետոյ, 20-ական թուականներու առաջին տարիներուն, երբ կեանքի կը կոչուէին գաղութային մեր առաջին կառոյցները, —փայտաշէն մատուռներ, թիթեղածածկ դպրոցներ, համեստ ակումբներ,— անոնց քովն ի վեր՝ այնքա՜ն եռանդով կը կազմուէին նաեւ երփներանգ անուններ կրող բազմաթիւ հայրենակցական միութիւններ։
Ասոնք բոլորն ալ ունէին գլխաւոր առաքելութիւն մը կամ նպատակ մը.- Նիւթապէս օժանդակել գաղթական հայրենակիցին, անտէր չթողուլ զայն, յենարան դառնալ անոր ընտանիքի անդամներուն։
Այս հիմնական առաջադրութեան կողքին, հայրենակցական միութիւնները շուտով ստանձնեցին կարեւոր այլ պարտականութիւն մը եւս. հայրենահան հայ մարդուն հոգիին մէջ վառ պահել հայրենի կորսուած երդիքին յիշատակը։ Այդ «կորսուած երդիք»-ը Խարբերդն էր, Տիգրանակերտը, Կարինը, Սասունը, Վանը, Սեբաստիան, Կիլիկիոյ հայաբնակ քաղաքները, նոյնիսկ՝ Կեսարիան, Մալաթիան, Ամասիան, Չարսանճաքը…։

27.12.15

Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ Տարօն-Տուրուբերանի Հայր. Միութեան 2016-ի պատի օրացոյցը

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Պատերազմական վիճակը իր ամբողջ սաստկութեամբ կը շարունակուի Հալէպի մէջ։
Ասիկա գլխաւոր պատճառներէն մէկն է՝ որ մարդիկ գաղթեն անվարան, կամ անմիջական ծրագիրներ մշակեն գաղթելու համար, մանաւանդ որ արեւմտեան երկիրներ այնքա՜ն դիւրութեամբ բացեր են իրենց դռները…։
Գաղտնիք չէ, որ ներսը մնացողները կ՛ապրին տաժանելի ու դժուար պայմաններու մէջ։ Ամէն ոք, ամէն ընտանիք, կքած է առօրեայ սպառիչ հոգերու ծանրութեան տակ։
Հակառակ այս բոլորին, մենք նստանք ու պատրաստեցինք (հերթական 14-րդ տարին ըլլալով) Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան պատի օրացոյցը։
Այրուող քաղաքի մը մէջ՝ օրացոյցը հաւանաբար վերջի՜ն մտահոգութիւնն էր մարդոց…։ Ճի՛շդ էք։ Բայց այս աշխատանքը մեր ճիտին պարտքն էր, ու մտածեցինք որ պէտք էր չթերանալ այդ պարտականութեան մէջ։