ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ապրիլ 24-ին Թաւրիզի մէջ տեղի ունեցած ապրիլեան նահատակաց յուշատօնին
ներկայ գտնուեցայ: Տեղ առած էի հանդիսականներուն կարգին, աթոռներու գրեթէ
վերջին շարքերէն մէկուն մէջ: Բաւական ճոխ էր յուշատօնին յայտագիրը` մեներգ,
խմբերգ ու արտասանութիւն, աւագներու եւ կրտսերներու երգչախումբերու
կատարում եւ այլն: Այսքան փոքրաթիւ գաղութ մը բաւական որակաւոր յուշահանդէս
կազմակերպած էր, ինչ որ մխիթարութիւն էր ինծի համար, որ միշտ ալ
կատարուածին քանակէն ու որակէն անդին` մատուցումին կազմակերպ նկարագիրը կը
փնտռեմ: