17.8.14

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Գերմանիոյ դեսպան Ճէյմս Կրինֆիլդի մասին

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ (*)
 
Մարալանի Ս. Աստուածածին հնամենի մեր մատուռը (**) շրջապատող պատմական գերեզմանատան մէջ թաղուած օտարազգիներէն է Այզէկ Կրինֆիլդը, ծագումով գերմանացի, որ ամուսնացած է թաւրիզահայ Հռիփսիմէ Բժշկեանի հետ: Սոյն ամուսնութենէն 1873-ի Մարտ 3-ին ծնած Ճէյմսը, 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ դեսպան կը նշանակուի Գերմանիոյ մէջ, եւ Պերլին հաստատուելով իր պաշտօնը ձեռնհասութեամμ կը վարէ, որովհետեւ գերմաներէնի նման նաեւ կը տիրապետէր հայերէն լեզուին, իբրեւ իր մայրենի երկու լեզուներէն մէկը:
 Մեր Ազգային Առաջնորդարանի տոմարները պրպտելով ի յայտ բերած ենք Ճէյմսի ծննդեան արձանագրութիւնը: Բերդաթաղի (Ղալա) Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հոգելոյս Տ. Յովսէփ քհնյ. Յովսէփեան, օրուան առաջնորդ եւ զինք ձեռնադրող Տ. Նիկողայոս արքեպիսկոպոս Կարբեցիէն (1834-1850) պատուէր ստանալով, եկեղեցւոյ խորհրդակատարութիւններու տոմարը գեղեցիկ ձեռագրով ու խղճմտօրէն պահած է: Իր նախկին գրածը աղաւաղուած ըլլալով, նորը կ՚արտագրէ եւ բծախնդրութեամբ օրը օրին կ՚արձանագրէ իր թէ ուրիշ հոգեւորականներու կողմէ 1848-էն սկսած բոլոր խորհուրդները, մինչեւ 1886:
Գրաբար ոսկեղնիկ լեզուով գրած իր յառաջաμան-յիշատակարանին մէջ, Տէր Յովսէփը յոյս կը յայտնէ որ իրմէ ետք ալ կը գտնուին պարտաճանաչ գրչագրեր, որոնք համբերատարութեամբ կը շարունակեն տոմարի արձանագրութեան երախտարժան աշխատանքը:
Եկեղեցւոյ տոմարին մէջ Ճէյմսի հօր՝ Այզէկի կենսագրութեան վերաբերող բոլոր տեղեկութիւնները պահպանուած են: Այնտեղէն կ՚իմանանք, թէ Այզէկ Կրինֆիլդը 20 Մայիս 1850 թուին ամուսնացած է թաւրիզահայ Աստուածատուրի դստեր՝ Հռիփսիմէի հետ: Պսակը տեղի ունեցած է Բերդաթաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Տ. Յովսէփ քահանայի: Այս ամուսնութենէն ծնած են վեց երեխաներ՝ Յովսէփը (7 Հոկտեմբեր 1862), Գէորգը (25 Դեկտեմբեր 1864), Էլինէն (22 Յուլիս 1869), Ճէյմսը (3 Մարտ 1873), Կատինկան (3 Նոյեմμեր 1874) եւ Էմիլը (25 Մայիս 1877):
Եկեղեցւոյ տոմարին մէջ, 1873 տարուան գլխակարգումին տակ թողուած արձանագրութեան տողերուն մէջ կը կարդանք. «Մօսիօ Այզեկին եղեւ ուստր, մկրտե[ա]լ ի Մար[տիրոս] Ք[ա]հ[ա]ն[ա]յէ, կոչեցաւ Ջիմի, կնք[ա]հ[ա]յրն Ղազար Առաքելե[ա]ն»: Ինչպէս կը տեսնենք, Տէր Յովսէփը անունը «Ջիմի» արձանագրած է, հաւանաբար այդ օրերուն անոր տրուած փաղաքշական կոչման ձեւով:

Ղալայի եկեղեցւոյ տոմարին արձանագրութիւնը Ճէյմս Կրինֆիլդի ծննդեան եւ մկրտութեան մասին
Մարալանի այգիի գերեզմանատան մէջ թաղւած Այզէկի տապանաքարի վրայ երկլեզուեան (անգլերէն եւ հայերէն) կը կարդանք հետեւեալ արձանագրութիւնը. «SACRED / TO THE MEMORY OF / ISAAC GREENFIELD / WHO DIED AT TABREEZ / 25 DECEMBER 1885 / AGED 65 YEARS / ՏԱՊԱՆ / ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿ / ՄՕՍԻՕ ԱՅԶԷԿԻ ԿՐԻՆՖԻԼԴԻ / ԾՆԵԱԼ 1821 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ / ՓՈԽԵՑԱՒ ԱՍԴԷՆ ԱՌ / ՔՐԻՍՏՈՍ ՅՈՅՍՆ ԱՄԵՆԱՅՆ / ՀԱՒԱՏԱՑԵԼՈՑ Ի 25 ԴԵԿՏԵՄ/ԲԵՐԻ 1885 ԱՄԻ ԴԱՎՐԷԺ / ԱՂՕԹԵՑԷՔ ՎԱՍՆ ՆՈՐԱ»:
Այզէկ Կրինֆիլդի տապանաքարը
Նոյն տապանաքարին վրայ փոքր տառերով երկու այլ արձանագրութիւններ եւս կան, որոնք հետագային աւելցուած են ըստ երեւոյթին, երբ մահացած են իր կինը ու Էմիլ անուն երեխան: Շատ հաւանաբար նոյն վայրին մէջ թաղուած ըլլալով, անոնց անունները նոյն քարին վրայ, քիչ մը աւելի փոքր, եւ ծայրամասերուն աւելցուած են: Անգլերէն բաժնին մէջ, գերեզմանաքարի ծայրամասերուն կը կարդանք. «ԵՒ ԻՒՐ ԿՈՂԱԿԻՑ Մ[Ա]Հ[ՏԵՍ]Ի ՀՌԻՓՍԻՄԷԻ / ԾՆԵԱԼ 1832 ԱՊՐ[ԻԼ] 16 / ՎԱԽ[ՃԱՆԵԱԼ] 1908 ՄԱՐՏ 7»: Ուրեմն, Հռիփսիմէն մահտեսի էր, ինչպէս կը կոչէին անցեալին Երուսաղէմ ուխտի գացած մարդիկը:
Գերեզմանաքարի հայերէն բաժնին վերի երկու կողմերու դատարկ մասերուն յիշատակագրութիւնը կայ անոնց որդիին՝ Էմիլին, որ 10 տարեկան հասակին մահացած է. «ԵՒ ԷՄԻԼԻ ՈՐԴՒՈՅ / ԻՒՐՈՅ ԾՆԵԱԼ Ի 25 / ՄԱՅԻՍԻ 1877 ԱՄԻ / Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ / 11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ / 1887 ԱՄԻ»: Անոր մահուան պատճառը չէ՛ յիշուած, սակայն հաւանաμար հիւանդութեամբ մահացած պէտք է ըլլայ:
Երկրորդ յիշատակը որ Կրինֆիլդ ընտանիքէն պահպանուած է մեր մօտ, առաջնորդական մեր բնակարան բարձրանալու ընթացքին, պատին մէջ ամրացուած յուշաքար մըն է, որուն վրայ արձանագրուած է ջրամբարի կառուցման յիշատակարան մը՝ հայերէն լեզուով: Սոյն քարը Ազգային Առաջնորդարանի գետնայարկին մէկ անկիւնը կը գտնուէր, իսկ մենք երբ վերանորոգեցինք վերի յարկը, սոյն յուշաքարը զետեղեցինք աստիճաններուն գլուխը, անմահացնելու համար յիշատակը Կրինֆիլդ բարեգործ ընտանիքին: Յիշեալ յուշաքարին արձանագրութեան մէջ կը կարդանք. «ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ / ՇԻՆԵՑԱՒ ԱՅՍ ՋՐ/ԱՄԲԱՐՍ ԱՐԴԵԱՄԲ / ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԲԱՐԵ/ԳՈՐԾ ԱՅԶԵԿ ԿՐԻՆ/ՖԻԼԴԻ Ի ՎԱՅԵԼՈՒՄՆ / ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԻ ԺՈ/ՂՈՎՐԴԱԿԱՆԱՑ Ի / ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՈԳՒՈՅ / ԻՒՐՈՅ Ի 1 ՅՈՒՆԻՍԻ / 1887 ԱՄԻ / ԱՂՕԹԵՑԷՔ Վ[ԱՍ]Ն Ն[Ո]Ր[Ա]»:
Ջրամբարին յուշաքարը
 Մեր ենթադրութեամբ, ջրամբարը Մարալանի այգիին մէջ պէտք է եղած ըլլար, պահպանելու համար բնութիւնը, կանաչապատ տարածքի ջրտուքը կատարելու ի խնդիր: Ներկայիս ջուրի պակասի հետեւանքով տագնապի մատնուած ենք, վիթխարի ծառերուն հոգ տանելու դժուարութեան դիմաց գտնուելով: Անոր մահէն
երեք տարիներ առաջ կը սկսի այդ ջրամբարի կառուցումը, որ հայ ժողովուրդին կ՚ընծայուէր իμրեւ նուէր Այզէկ Կրինֆիլդի կողմէ, իսկ ատոր աւարտէն առաջ վրայ կը հասնի բարերարին մահը, որով արձանագրութիւնը անոր յիշատակին կը թողուի վերոյիշեալ յուշաքարին վրայ:
Ճէյմսը 1880 թուին, 7 տարեկան հասակին հօր կողմէ կ՚ուղարկուի Գերմանիա, ուր քրիստոնէական դպրոց մը կը յաճախէ Կիւսթրօ քաղաքին մէջ: Բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Լայփցիկի համալսարանին մէջ, աւարտելով իրաւագիտութեան ճիւղը: Պարսկական պետութեան սահմանադրական դրութեան մասին իր գրած ուսումնասիրութիւնը ներկայացնելով ("Die Verfassung des persischen Staates: nebst einem Anhang über Gesetze, Bildungswesen, sanitäre und wirtschaftliche Zustände im heutigen Persien", Berlin 1904), Թիւպինկէնի համալսարանին կողմէ կ՚արժանանայ դոկտորական տիտղոսի:
1899-ին Ճէյմս Կրինֆիլդը՝ հետեւելով իր հօր օրինակին, կ՚ամուսնանայ հայուհիի մը՝ Քաթարինա Թումանեանի հետ: Զոյգը կը բախտաւորուի երեք զաւակներով: Ընտանիքը նախ կը բնակի Երեւան, ապա Պաքու եւ Թիֆլիս:
1918-ին երբ Հայաստանը կ՚անկախանայ, Ճէյմսը կը նշանակուի Գերմանիոյ մօտ ՀՀ լիազօր դեսպան եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչ եւ կը հաստատուի Պերլինի մէջ, նոյն պաշտօնը վարելով մինչեւ 1920 թուական: Ան հայերէն եւ գերմաներէն լեզուներուն հետ նաեւ կը տիրապետէր պարսկերէն, թրքերէն եւ քրտերէն լեզուներուն: Քսան տարի շարունակ ան եղած է Գերմանահայ Ընկերակցութեան փոխ-նախագահը:
1934 թուին վերջնականապէս կը հեռանայ Պերլինէն ու կը հաստատուի Թեհրան, ուր նաեւ կ՚ընտրուի եկեղեցական խորհուրդի նախագահ: 21 Հոկտեմբեր 1939-ին կը կնքէ իր մահկանացուն, եւ հայածէս կարգով կը թաղուի Թեհրանի Հայոց Ազգային Գերեզմանատան մէջ:
Գերմանացի հօր եւ հայ մօր այս զաւակը, որ իր կեանքը աւելի հայութեան հետ միազանգուած ապրած է, օրինակ կրնայ ծառայել այսօր այն հայերուն, որոնք հանգստաւէտ կեանքի հետամուտ, պատրաստ են ո՛չ միայն իրենց լեզուն, այլեւ իրենց ինքնութիւնն ալ վաճառքի հանելու ապահայացնող շուկաներու մրոտած մայթերուն վրայ…:
Իսկ Այզէկ Կրինֆիլդի ծոռը՝ ճարտարապետ Թետ Կրինֆիլդ, Գերմանիոյ Դետմոլտ քաղաքէն, կը հետաքրքրուի իր հայասէր պապուն մասին, ու մեծ փափաք կը յայտնէ այցելութեան գալ անոր շիրիմին՝ Մարալանի գերեզմանատուն:

(Ատրպատականի հայոց թեմի Առաջնորդարանի հաղորդագրութիւն)
---------------------------------
(*) Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ (կեդրոն՝ Թաւրիզ)։
(**) Թաւրիզի Մարալան շրջանին մէջ կը գտնուի Ս. Աստուածածին պատմական մատուռը, ուր տարին քանի մը անգամ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, եւ յատկապէս անոր անուանակոչութեան տօնին օրը՝ Ս. Կոյսի Վերափոխման առիթով խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն կը կատարուի շրջափակին մէջ:
Նոյն շրջափակին մէջ կը գտնուի թաւրիզահայոց պատմական գերեզմանատունը, հնամենի տապանաքարերով, ուր նաեւ անցեալին թաղուած են օտարազգի քանի մը նշանաւոր քրիստոնեաներ, կա՛մ հայու հետ ամուսնացած ըլլալու պատճառով, եւ կամ՝ այդ օրերուն քրիստոնէական միակ գերեզմանատունը ըլլալու պատճառով:

No comments:

Post a Comment