Showing posts with label Թեհրան. Show all posts
Showing posts with label Թեհրան. Show all posts

29.9.16

Կարծրատիպերը քանդելու մղումները


ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

«Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի տօնակատարութիւնը եւ այդ առիթով կազմակերպուած ուղեւորութիւնները, հանդիպումներն ու քննարկումները լիարժէք ծառայեցին թերթին մասին գոյութիւն ունեցող ընդհանուր գաղափարը, պատկերացումները խորացնելու եւ մանաւանդ անդրադառնալու զգայուն տարածաշրջանի մը մէջ լոյս տեսնող 85-ամեայ օրաթերթին ստանձնած դերին եւ այդ դերի կատարումի ազդեցիկութեան կամ այժմէական իրադարձութիւնները նկատի ունենալով` անհրաժեշտութեան:
Հայ մամուլի ներկայացուցիչներու ընդգրկուն ներկայութիւնը Իրանի մէջ, եւ այդ առիթով անկախ պատմամշակութային տեսարժան վայրեր այցելելէ եւ այդ առումով որոշ եզրակացութիւններու յանգելէ, առիթը լիարժէքօրէն օգտագործուած էր նաեւ համայնքի պատասխանատուներուն եւ պետական շրջանակներուն հետ հարցեր քննելու, քննարկումներ ունենալու:

Միջին Արեւելքի մէջ պարսկահայ համայնքը բարեկամութեան կամուրջ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 
Տարիներէ ի վեր արեւմտեան երկիրները Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ազդեցութեան գօտիները ամրացնելու համար հեռուէն կամ մօտէն թիրախ առած են Իրանը։ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղ իսլամական շարժումներու դէմ պայքարին մէջ կարեւոր գործօն կը հանդիսանայ իրանեան զինեալ միջամտութիւնը։ Այս բոլորին կողքին, իրանեան հիւլէակայաններու տագնապը ամենէն ծանրակշիռն էր, որովհետեւ Արեւմուտքը Իրանին պարտադրեց տնտեսական եւ ելեւմտական խիստ պատիժներ, որոնք տարիներ շարունակ շնչահեղձ դարձուցին երկիրը։ Բարեբախտաբար բարեյաջող աւարտ մը ունեցաւ, ինչ որ առիթ տուաւ Իրան այցելութիւններու նոր հոսանք մը ստեղծելու։
Սեպտեմբեր 12-էն 20, աշխարհասփիւռ հայ մամուլի եւ Հայաստանի լրատու միջոցներու պատասխանատուներու խմբակ մը Իրան այցելեց։ Շարժառիթը՝ պարսկահայութեան երկարամեայ «Ալիք» օրաթերթի (*) 85-ամեակն էր։ Ութօրեայ հրաւէրը կը համընկնէր պարսկահայութեան կազմակերպած Համահայկական մարզական 48-րդ խաղերու բացման հանդիսութեան եւ կը նախատեսէր այցելութիւններ՝ Թեհրանի, Թաւրիզի եւ Նոր Ջուղայի համայնքային եկեղեցական, կուսակցական, կրթական, մարզական, մշակութային ու Հայ դատի կեդրոններ։ Ծրագրուած էին նաեւ հանդիպումներ իրանեան լրասփիւռներու եւ Իրանի Մշակոյթի նախարարութեան հետ, ինչպէս նաեւ Խոմէյնիի դամբարանի այցելութիւն։