Showing posts with label Թալին Սուճեան. Show all posts
Showing posts with label Թալին Սուճեան. Show all posts

5.2.16

Յանուն տաճկահայերի նոր պատմութեան

ՏԻԳՐԱՆ ԵԿԱՒԵԱՆ
Թարգմ. Պ. Ք.
 
Պատմաբան Թալին Սուճեանը անգլերեն հրապարակած իր The Armenians in Modern Turkey հիմնարար աշխատութեան մէջ առաջարկում է քեմալական հանրապետութեան ստեղծումից յետոյ մեծ ոճրագործութեան վայրերում մնացած տաճկահայերի սոցիալ-քաղաքական պատմութիւնը: Դա ծանրակշիռ աւանդ է Հրանտ Դինքից առաջ Թուրքիայի հայերի նորագոյն պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ:

18.1.16

Թալին Սուճեան բանախօսեց Իսթանպուլի Պատմութեան Հիմնարկին մէջ

Իսթանպուլի Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) մէջ Յու­նուա­րի 5-ի ե­րե­կո­յեան բանախօսու­թեամբ մը հան­դէս ե­կաւ «Թուր­քիոյ մէջ հա­յեր. յետ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­սա­րա­կու­թիւն, քաղաքականու­թիւն ու պատ­մու­թիւն» անգլերէն գիր­քին հե­ղի­նա­կը՝ Թա­լին Սու­ճեան։ Հիւրընկալ հիմ­նար­կին ա­նու­նով Կիւ­վէն Կիւր­քան Էօզ­թա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ այս հաւաքոյ­թը։ Հարկ է նշել, որ Թա­լին Սու­ճեան Մի­ւնի­խի «Լութ­ֆիկ Մաք­սի­մի­լիըն» համալսարա­նի Մեր­ձա­ւոր ու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Հե­տա­զօ­տու­թեանց կա­ճա­ռին մօտ պաշտպանած էր վե­րո­յի­շեալ նիւ­թին մա­սին աւարտաճառ մը եւ այդ մէ­կուն անգ­լե­րէն բնագի­րը վեր­ջերս հրա­տա­րա­կուե­ցաւ նաեւ գիր­քի ձե­ւա­չա­փով (*)։ Նոյն աւարտաճառին հիմամբ կա­ռու­ցուած էր Թա­լին Սուճեա­նի բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը, ո­րուն սկիզ­բին ան ո­գե­կո­չեց եւ յարգանքով վեր­յի­շեց «Ժամանակ»-ի հան­գու­ցեալ ե­րախ­տա­շատ աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Վարուժան Քէօ­սէեա­նը, որ ու­սա­նո­ղու­թեան շրջա­նին կա­տա­րած հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար լուրջ օգ­նու­թիւն ցուցա­բե­րած էր ի­րեն նկատ­մամբ։

Ո՞ւր է Շնորհք Պատրիարքին յուշատետրը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
 
Պատմաբան Թալին Սուճեան Պատմութեան հիմնարկին մէջ սարքած իր վերջին բանախօսութեան ընթացքին Զաւէն Տէր-Եղիայեան եւ Մեսրոպ Նարոյեան պատրիարքներուն յուշագրութեանց անդրադառնալէ ետք ըսած է, թէ «հանրապետական շրջանի պատրիարքները այլեւս չեն գրեր իրենց յուշերը»։
Օրագրութիւն մը արդեօք կրնա՞յ փոխարինել յուշագրութիւնը՝ չեմ գիտեր, սակայն յստակ է որ շատ անգամ կրնայ աւելին ըսել։

20.1.14

Սփիւռքահայ պատմաբան. ինչպիսի՞ երկիր պիտի լինի Հայաստանը

ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
 

Թալին Սուջեանը պատմաբան է, բնակւում է Միւնխենում, աշխատում է Լիւդվիգ-Մաքսիմիլիանի համալսարանի Արեւելագիտութեան ինստիտուտի թրքագիտութեան ամբիոնում իբրեւ գիտաշխատող: 2013 թ. դեկտեմբերին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով մասնակցել է խորհրդաժողովի, որին հրաւիրուած էին Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի արեւմտահայ մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ: Կային նաեւ Հայաստանից ներկայացուցիչներ:

15.5.11

Զապէլ Եսայեանի գիւտը

Չէ՞ պատահած ձեզի, որ Երեւանի մէջ թաքսի նստիք եւ վերջին քսան տարիներուն անունը փոխած փողոց մը յուշէք վարորդին։ Եթէ Կենտրոն թաղամասէն դուրս կ՚երթաք, պատրաստ եղէք կա՛մ ուղղութիւնը դուք տալու եւ կամ, հակառակ պարագային, հին անունը ձեր միտքը պահելու։ Յաճախ պատահած է ինծի, որ Երրորդ մաս ուզեմ երթալ եւ Մանանդեանի փողոցին անունը տամ։ Քանի որ տարիներու սովորութեամբ արդէն ճամբան սորվեր եմ, միշտ առաջին տարբերակը կ՚ընտրեմ։ Նախընտրելի է ատիկա, քան յիշողութեան մէջ արթնցնել խորհրդային «Թելմանի փողոց» անունը, որ կը բխի գերմանացի համայնավար ղեկավար Էռնստ Թելմանէն (1886-1944), որուն գլխաւոր արժանիքը, դատելով «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ի յօդուածէն, նացիներէն Պիւխէնվալտ նետուած ու հոն սպաննուած ըլլալն է։ Եօթանասուն տարի »սովետական ինտերնացիոնալիզմ»ով բաւական զբաղող եղաւ. այժմ թող գերմանացիները Թելմանով զբաղին, որքան որ ուզեն եւ եթէ կ՚ուզեն։