ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
1959-ին Պոլսոյ Պաղլարպաշըի գերեզմանատան հանդիպակաց փողոցը լայնցնելու պատրուակով
քաղաքային իշխանութիւնները կը պետականացնեն գերեզմանատան այն հատուածը, ուր բազմաթիւ
շիրիմներու շարքին կը գտնուէր նաեւ Պետրոս Դուրեանի՝ Աբովեանի, Քուչակի, Սայեաթ-Նովայի,
Նարեկացիի, Շնորհալիի համահաւասար ուժով այս հանճարի (փոխ կ՚առնեմ Օշականէն) գերեզմանը։