Showing posts with label Վարուժան Քէօսէեան. Show all posts
Showing posts with label Վարուժան Քէօսէեան. Show all posts

18.1.16

Թալին Սուճեան բանախօսեց Իսթանպուլի Պատմութեան Հիմնարկին մէջ

Իսթանպուլի Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) մէջ Յու­նուա­րի 5-ի ե­րե­կո­յեան բանախօսու­թեամբ մը հան­դէս ե­կաւ «Թուր­քիոյ մէջ հա­յեր. յետ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­սա­րա­կու­թիւն, քաղաքականու­թիւն ու պատ­մու­թիւն» անգլերէն գիր­քին հե­ղի­նա­կը՝ Թա­լին Սու­ճեան։ Հիւրընկալ հիմ­նար­կին ա­նու­նով Կիւ­վէն Կիւր­քան Էօզ­թա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ այս հաւաքոյ­թը։ Հարկ է նշել, որ Թա­լին Սու­ճեան Մի­ւնի­խի «Լութ­ֆիկ Մաք­սի­մի­լիըն» համալսարա­նի Մեր­ձա­ւոր ու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Հե­տա­զօ­տու­թեանց կա­ճա­ռին մօտ պաշտպանած էր վե­րո­յի­շեալ նիւ­թին մա­սին աւարտաճառ մը եւ այդ մէ­կուն անգ­լե­րէն բնագի­րը վեր­ջերս հրա­տա­րա­կուե­ցաւ նաեւ գիր­քի ձե­ւա­չա­փով (*)։ Նոյն աւարտաճառին հիմամբ կա­ռու­ցուած էր Թա­լին Սուճեա­նի բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը, ո­րուն սկիզ­բին ան ո­գե­կո­չեց եւ յարգանքով վեր­յի­շեց «Ժամանակ»-ի հան­գու­ցեալ ե­րախ­տա­շատ աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Վարուժան Քէօ­սէեա­նը, որ ու­սա­նո­ղու­թեան շրջա­նին կա­տա­րած հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար լուրջ օգ­նու­թիւն ցուցա­բե­րած էր ի­րեն նկատ­մամբ։