Իսթանպուլի Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) մէջ Յունուարի 5-ի
երեկոյեան բանախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ «Թուրքիոյ մէջ
հայեր. յետցեղասպանութեան հասարակութիւն, քաղաքականութիւն
ու պատմութիւն» անգլերէն գիրքին հեղինակը՝ Թալին Սուճեան։ Հիւրընկալ
հիմնարկին անունով Կիւվէն Կիւրքան Էօզթանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ
այս հաւաքոյթը։ Հարկ է նշել, որ Թալին Սուճեան Միւնիխի «Լութֆիկ
Մաքսիմիլիըն» համալսարանի Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի
Հետազօտութեանց կաճառին մօտ պաշտպանած էր վերոյիշեալ նիւթին
մասին աւարտաճառ մը եւ այդ մէկուն անգլերէն բնագիրը վերջերս
հրատարակուեցաւ նաեւ գիրքի ձեւաչափով (*)։ Նոյն աւարտաճառին հիմամբ
կառուցուած էր Թալին Սուճեանի բանախօսութիւնը, որուն սկիզբին ան
ոգեկոչեց եւ յարգանքով վերյիշեց «Ժամանակ»-ի հանգուցեալ
երախտաշատ աշխատակիցներէն Վարուժան Քէօսէեանը, որ
ուսանողութեան շրջանին կատարած հետազօտութիւններուն համար
լուրջ օգնութիւն ցուցաբերած էր իրեն նկատմամբ։