Showing posts with label Դիանա Աբգար. Show all posts
Showing posts with label Դիանա Աբգար. Show all posts

19.1.18

Հայ-ճափոն կապերու հանրագումարը

ՍԵԴԱ ՕՀԱՆԵԱՆ
 
2004 թուականին Երեւանի մէջ լոյս է տեսած «Հայաստան-Ճապոնիա» երկլեզու (հայերէն-ճափոներէն) ժողովածուն, որ կ՚ընդգրկէ հայ եւ ճափոնցի ժողովուրդներու միջեւ եղած ամենատարբեր առնչութիւններու վերաբերեալ մասնագէտներու յօդուածներ: Կը թուէր, թէ այդ ժողովածուէն ետք նիւթը սպառած պիտի ըլլար, քանի որ Ճափոնի հետ հայ ժողովուրդի յարաբերութիւններու պատմութիւնը համեմատաբար նոր է (սկիզբ կ՚առնէ ընդամէնը 19-րդ դարէն): Սակայն 2017-ին լոյս տեսած եւ 2018-ին վերահրատարակուած Արծուի Բախչինեանի «Հայ-ճապոնական պատմական եւ մշակութային առնչութիւնները» ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ տակաւին չբացայայտուած բազմաթիւ տեղեկութիւններ կան, որոնց շրջանառումը նորովի կը ներկայացնէ այդ կապերու պատմութիւնը:

22.1.16

Հայ կինը՝ երէկ, այսօր եւ վաղը. հարցազրոյց Սոնա Զէյթլեանի հետ

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Հայ կինը դարերու ընթացքին զանազան դերեր ստանձնած է. ունեցած ենք հայ թագուհիներ. օտար լուծի եւ օտար կրօնքի ազդեցութեան տակ, հայ կինը դարձած է ստորադաս էակ. հայ կինը մասնակցած է կիներու ազատագրական առաջին շարժումին, իսկ յետ Ցեղասպանութեան, հայ կնոջ դերը մեծ եղած է ազգային վերականգնումին մէջ: Սակայն, հայ կնոջ արժէքը պէտք եղած ձեւով չէ արժեւորուած: Հայկական իրականութեան մէջ հայ կինը անտեսուած է, ու անոր պատմութիւնը մեծապէս բացակայ է մեր դասագիրքերու եւ պատմութեան գիրքերու էջերուն մէջ:
Վերջերս բախտաւորութիւնը ունեցայ այս կարեւոր նիւթին շուրջ զրուցելու «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակի դափնեկիր, բազմավաստակ գրող եւ դաստիարակ Սոնա Զէյթլեանի հետ: