Showing posts with label Ռիչարտ Յովհաննէսեան. Show all posts
Showing posts with label Ռիչարտ Յովհաննէսեան. Show all posts

1.6.18

«Հայաստանի Հանրապետութիւն-100» գիտաժողով

ՍՈՒՐԷՆ Թ. ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը մայր հայրենիքում եւ Սփիւռքում այս օրերին տօնում է հայոց պետականութեան վերակերտման 100-ամեայ պանծալի յոբելեանը: Ամէնուրեք աննախադէպ աշխուժութիւն է ու իւրայատուկ մրցակցութիւն: Ով աւելի շատ բան կ՚ասի, ով աւելի հաւաստի փաստեր կը վկայակոչի ու աւելի վստահելի գործիչներից յղումներ կ՚անի եւ ցոյց կը տայ, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը երկար ու ձիգ ընդմիջումից յետոյ համայն հայութեան ոգու ճիչն էր, պոռթկումն ու աշխարհի քաղաքակիրթ ժողովուրդների շարքում հաւասարի կարգավիճակով իր երթը շարունակելու առհաւատչեայ:
Երբեմն-երբեմն լսւում են ձայներ, որոնք օրիգինալ երեւալու մարմաջով տարուած, իրենց նվնվոցներով փորձում են «ցոյց տալ», որ այդ անկախութիւնը մեզ «նուիրել են» ոչ այլ ոք, քան ցեղասպան թուրքերը: Աւելին, երբեմն ամենալուրջ դէմք ընդունելով նրանք վկայակոչում են օտարների կողմից հէնց այս պատմական հեռուի համար սարքուած փաստաթղթեր եւ «ապացուցում անապացուցելին»: Թերթային յօդուածի ծաւալները թոյլ չեն տալիս աւելի ընդարձակ քննարկել հիմնախնդիրը, այլապէս բաւականին հեշտութեամբ ի ցոյց կը դրուէին մի քանի վաւերագրերի կեղծ եւ սնանկ լինելն ու դրանց հաւատացողների ու անհարկի վկայակոչողների մոլորութիւնը:

6.11.17

«Արաս»-էն հրատարակութեան տարափ

Երկար տարիներէ ի վեր, Պոլսոյ գրական կեանքին մէջ հաճելի աւանդութեան մը վերածուած է գիրքի փառատօնը, որ իր դրոշմը կը բերէ՝ աշնան մռայլ օրերուն ալեկոծելով հրատարակչական ընդարձակ շուկան։ Այս տարի, հայերէն գիրքերը թրքերէն ընթերցող հասարակութեան մատուցող «Արաս» հրատարակչատունը մեծ եռանդով պատրաստուած է փառատօնին։ Հրատարակութիւններու բաւական հարուստ ցանկ մը կայ մեր դիմաց, որու միջոցաւ «Արաս» պիտի փորձէ ընթերցողին ուշադրութիւնը ապահովել հայերէն գրականութեան ընդարձակ դաշտին։ Անմիջապէս փառատօնի նախօրեակին «Արաս» կը ներկայանայ արեւմտահայերէն գրականութեան դասական կարեւոր հեղինակներէն Զապէլ Եսայեանի հետզհետէ մոռցուած մէկ գործով։ «Սպասման սրահին մէջ» անուն գիրքը նախապէս լոյս տեսած էր թերթօնի ձեւով եւ ապա առանձին հատորի մէջ չէր հրատարակուած։ «Արաս»՝ «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի էջերէն քաղելով, անգամ մը եւս կը վերակենդանացնէ այս գործը։ Այսպէսով լոյս աշխարհ եկած կ՚ըլլայ Եսայեանի անտիպ գործերու եռեակի մը առաջին հատորը։