13.7.19

Կոստան Զարեանի եւ Էլէոնորա Տուզէի առասպելը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Յաճախ գրուած է իտալացի մեծահռչակ դերասանուհի Էլէոնորա Տուզէի (1858-1924) հայկական ծագման մասին, հիմնուած՝ Տիւզեան ամիրայական ընտանիքին հետ ենթադրեալ կապին վրայ: Անոր մահէն ետք ծնունդ առած այս պնդումը փաստուած իրողութիւն կը համարուէր 1950ական թուականներուն, երբ «հայազգի դերասանուհի Էլէոնորա Տիւզ»ը իբրեւ խորագիր կ՚երեւէր սփիւռքահայ մամուլին մէջ (1):
1968ին, ֆրանսահայ յայտնի արձակագիր ու թատերագէտ Նշան Պէշիկթաշլեան (1898-1972) կը գրէր, թէ Տուզէ «ամիրայական Տիւզեան գերդաստանին վերջին շառաւիղն էր» (2): Հպանցիկ ակնարկ մը Մխիթարեան միաբանութեան բանասէրներէն Հ. Գաբրիէլ Մէնէվիշեանի՝ՙ Տիւզեան գերդաստանի տոհմածառի ուսումնասիրութեան, կը բաւէ պարզելու, որ իտալացի դերասանուհին նման բան չէր կրնար ըլլալ, քանի որ Միհրան պէյ Տիւզ (1817-1891) վեց զաւակ ունեցած է, ներառեալ՝ չորս մանչ, որոնցմէ գոնէ երկուքը ամուսնացած են (3): Աւելի՛ն. հայկական ծագման յիշեալ պնդումը կը պահանջէ փաստել, որ Տիւզեան գերդաստանին անդամ մը Իտալիա հաստատուած է եւ որ Էլէոնորա Տուզէի Իտալիա ծնած ու կենսագիրներուն ծանօթ առաջին նախահայրը՝ դերասան Լուիճի Տուզէն (1792-1854), անոր շառաւիղն էր: Նման փաստարկում ցարդ գոյութիւն չունի:
Ի լրումն, պէտք է պատասխանել այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Տուզէ ընտանիքի ոեւէ անդամ, ներառեալ՝ դերասանուհին, ազնուական ծագման պնդում ըրած չէ:
Իրՙ «Հայերը համաշխարհային կինոյում» աշխատութեան մէջ, բանասէր ու շարժապատկերի մասնագէտ Արծուի Բախչինեան ամփոփած ու համակողմանի քննութեան ենթարկած է վարկածը, յանգելով այն եզրակացութեան, որ իտալացի դերասանուհիին ազգանունը Տիւզեան չէր, եւ որ իմաստ չունի խօսիլ անոր հայ ըլլալուն մասին, թէեւ ան կրնար հեռաւոր հայկական ծագում ունեցած ըլլալՙ հիմնուելով ֆրանսացի լրագրողուհիի մը 1937-ի այն տարտամ հաղորդումին վրայ, թէ «ինչպէս ասում ենՙ նրա ընտանիքը եկել է Հայաստանից» (4): Այս սպառիչ վերլուծումով, մեր կարծիքով, հարցը վերջնականապէս փակուած է:
Քսանամեակ մը առաջ, Տուզէի հայկական «կապ»ը երեւան եկած էր այլ ձեւով: Արդարեւ, գրականագէտ Արծրուն Աւագեան, որուն կը պարտինք Կոստան Զարեանի կեանքին ու գործին նուիրուած հայաստանեան առաջին մենագրութիւնը, գրած էր, թէ 1916-1921-ին Ֆլորանս ապրած «Զարեանի ընտանիքը կարճ ժամանակով բնակւում է յայտնի դերասանուհի Էլէոնորա Դուզէի բնակարանում, որի հետ գրողը ծանօթացել էր դեռեւս Վենետիկում, վայելել արգելուած եւ վտանգաւոր սիրոյ հաճոյքը, ունեցել արբեցումի օրեր եւ որի մասին «Անցորդում» յետագայում գրել է. «Սիրած ամէն մի կնոջ հետ մենք մի երազ ենք ապրում» (5):
Օրին գրախօսելով այս հատորը, դիտել տուած էինք, որ Զարեանի եւ Տուզէի կարծեցեալ սիրային յարաբերութիւնը սխալ նոյնացումի մը արդիւնք էր (6): Հարցին աւելի մանրամասն քննարկում մը թերեւս անհրաժեշտ է՝ յօդուածագիրներու թէ բանասէրներու կողմէ ապագայ մեքենական կրկնութիւններ կամ պարզամիտ ընդօրինակութիւններ կանխելու համար:
Զարեան առաջին անգամ Վենետիկ ժամանած է 1911-ին, ու հոն մնացած՝ մինչեւ 1912-ի վերջաւորութեան: Ճշդենք, որ Էլէոնորայի սիրային դրուագը մաս կը կազմէ «Արեւմուտք» ուղեգրութեան, որ 1928-1929ին լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագրին մէջ, եւ ո՛չ թէ «Անցորդը եւ իր ճամբան»ի: Հարցին պարզաբանման բանալին առաջին հանդիպումին նկարագրութիւնն է.
«Ես հանդիպել էի նրան առաջին անգամ Բենեդետօ Մարչելլոյի սրահում (7), սիմֆոնիք համերգի ժամանակ: Բարեկամներս ցոյց տուին նրան, որ ազնուական տոհմի մի անուն էր կրում, որ չնայած իր առաջացած տարիքին, դեռ հրաշալիօրէն գեղեցիկ էր եւ որի մասին ամբողջ Եւրոպան խօսում էր իր արքայական կապերի համար: Էլիօնորան նստած էր նրա մօտ, բնածին այն գոռոզութեամբ, որ յատկանշական է պատմական անուն կրող ընտանիքներին, եւ միեւնոյն ժամանակ, խօսելու ատեն, պարզ, համեստ եւ ամէնուն մատչելի այն ձեւերով, որոնք համակրութիւն են շարժում եւ հրապոյր:
Ես դիտում էի նրան հեռուից: Մօրը կապոյտ, խորը եւ կլանող աչքերը անհանգիստ պտոյտ էին գալիս դէմքերի վրայ (...): Էլիօնօրան նստած էր գրեթէ անշարժ, ինքը իր մէջ ամփոփուած, վարժ իր մօր շուքի մէջ ապրելու, ամբողջովին տարուած երաժշտութիւնով եւ, ինձ համար, աւելի գեղեցիկ քան իր մայրը, որովհետեւ հոգեպէս աւելի խոր» (8):
Թիւրիմացութիւնը յստակ կը դառնայ այս պարբերութեամբ.
ա) Մայր ու աղջիկ արքայական կապեր ունեցող ազնուական տոհմի մը կը պատկանին: Սակայն, Էլէոնորա Տուզէ ազնուական ծագում չունէր: Աւելցնենք, որ Տիւզեանները ո՛չ ազնուական տոհմ մըն էին եւ ո՛չ ալ արքայական կապեր ունէին:
բ) 1911-1912ին, Էլէոնորայի մայրը 53-54ամեայ Տուզէի տարեկիցը կրնար ըլլալ միայն: Ի դէպ, դերասանուհիին մայրը՝ Անժելիքա Գափելեթօ, մահացած էր 1906ին:
Պէտք է նաեւ նկատի ունենալ, որ 1900-1911 թուականներուն Տուզէ Վենետիկ ապրած չէ, այլՙ Ֆլորանս, ուր վարձած էր La Porziuncola անունով համեստ վիլլանՙ քաղաքի հիւսիս-արեւելքի մէկ բլրալանջին վրայ գտնուող Settignano բնակավայրին մէջ (9):
Զարեանի կրտսեր որդին՝ ճարտարապետ Արմէն Զարեանը (1914-1994), հաղորդած է այն տեղեկութիւնը, թէ 1917-ին իր ընտանիքը բնակած է Տուզէի ապրած տունը: Ան նշած է, թէ գրողն ու իր կինը՝ իրենց երկու նորածին մանչ զաւակներով, հոկտեմբեր 1914-ի վերջաւորութեան Պոլիսէն Սոֆիա փախչելէ ետք, 1915-ին անցած էր Սելանիկ, «ապա Նէապոլից Հռոմ, Լիվորնօ եւ 1916-ինՙ Ֆլորենցիա, որտեղ 1917-ի Օգոստոս 6-ին, Էլէոնորա Դուզէի տանը ծնւում է Նուարդը» (10):
28 Յունիս եւ 29 նոյեմբեր 1917-ին, Կոստան Զարեան Ֆլորանսէն երկու նամակ գրած է Արշակ Չօպանեանին, որոնց հասցէն յաջորդաբար Via della Robbia 54 կամ Via Robbia 54 էր(11): Թուականներէն պէտք է մակաբերել, որ այդ էր ապագայ քանդակագործուհի Նուարդ Զարեանի (1917-2005) ծննդեան հասցէն: Ի դէպ, Զարեան ընտանիքը շարունակած է նոյն տեղը ապրիլ գոնէ մինչեւ 1918-ի կէսերուն (12):
Էլէոնորա Տուզէի նամակագրութիւնը Անգլիա ապրող իր դստեր հետ մասամբ պահպանուած էՙ վերջինիս ընդօրինակութիւններուն շնորհիւ: Յուլիս 1911-ին եւ յունուար 1915-ին Ֆլորանսէն գրուած մէկական նամակ Via Robbia 54 հասցէն ցոյց կու տան (13): Յունուար 1917-ին Հռոմէն վերադառնալով Ֆլորանս, դերասանուհին մինչեւ Ապրիլ նախ ապրած է Via Lorenzo il Magnifico 38 եւ ապաՙ Hotel Italie (14): Ապրիլ-Յունիսի Հռոմ-Վիարեճօ-Միլան-Վիարեճիօ երթուղիէն ետք, Յունիս 1917-ին երկու օրով վերադարձած է Ֆլորանսՙ Via Robbia 54 հասցէին, Միլան երթալէ առաջ (15): Յունիս-Սեպտեմբերին դարձեալ տեղէ-տեղ կ՚երթայ (Միլան-Պերկամօ-Ուտինէ-Միլան), երկու օրով կրկին Ֆլորանս վերադառնալով 2 Հոկտեմբերին, ուրկէ գրած է դարձեալ Via della Robbia 54 հասցէէն, Միլան մեկնելէ առաջ (16): Այս անգամ, սակայն, կարճ ժամանակով բացակայած է քաղաքէն, ուր վերադարձած է 24 Հոկտեմբերին, հոն մնալով մինչեւ 24 Դեկտեմբեր (17): Տուզէի եւ, հետեւաբար, Զարեան ընտանիքի լրիւ հասցէն Via Luca della Robbia 54 եղած է: Այս փողոցը կը կրէ ԺԵ. դարու քանդակագործ Լուքա տէլլա Ռոպպիայի (1400-1482) անունը: Գոյութիւն ունի նաեւ Via dei della Robbia փողոցը, որուն անունը առնչուած է տէլլա Ռոպպիա ընտանիքին ընդհանրապէս, եւ որ պիտի յիշուէր լրիւ անունով, եթէ Տուզէ կամ Զարեան հոն ապրած ըլլային:
Դերասանուհիին 1917-ի շարժումներուն այս մանրամասն ներկայացումէն երկու կարեւոր հետեւութիւններ կարելի է ընել.
ա) Նուարդ Զարեանի ծննդեան ժամանակ (Օգոստոս 1917), Տուզէ Ֆլորանս չէր:
բ) 1911-ին եւ 1915-ին Ֆլորանսի Via della Robbia 54 հասցէէն գրած է, յունուար-ապրիլ 1917-ինՙ այլ հասցէներէ, եւ յունիս ու հոկտեմբեր 1917-ին (թերեւս նաեւ այնուհետեւ) վերադարձած է հին հասցէին: Այսինքնՙ այդ հասցէն մնայուն բնակարան մը չէր:
Այս եզրակացութիւնը լրիւ կը պարզուի դերասանուհիի նամականիին հրատարակիչ Մարիա Իտա Պիճիի յառաջաբանէն, որ ակնարկելով Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Տուզէի թափառական կեանքին, գրած է ի միջի այլոց. «(...) Ֆլորանսի մէջ հիւրընկալուած է Քաթերինա Քոնսիլիի հիւրատան (pensione) մէջ, Via Luca della Robbia 54 հասցէով, մինչ անոր յարկաբաժինը վարձուած կամ ենթավարձուած է եւ անոր գեղեցիկ պարտէզը, դժբախտաբար, մնացածՙ լքեալ վիճակի մէջ» (18):
Մեկնելով Արմէն Զարեանի վկայութենէն, որ անոր քոյրը «Էլէոնորա Դուզէի տանը» ծնած է, պէտք էր ակնկալել, որ իտալացի համբաւաւոր դերասանուհին ակնարկէր իր հիւրերուն իր աղջկան գրած նամակներուն մէջ: Սակայն, Զարեաններուն հետքն անգամ չկայ նամակներուն մէջ: Ըստ ձեւի՝ սխալ չէր լուսահոգի մտաւորականը: Ինք ու իր ընտանիքը ապրած են Տուզէի բնակած տունը, ուր եւ ծնած է անոր քոյրը: Սակայն, այդ բնակարանը սեփական կամ նոյնիսկ վարձու տուն մը չէր, այլ... հիւրատուն մը: Հետեւաբար, անոնք ապրած են այդ հիւրատան մէկ սենեակին (կամ սենեակներուն) մէջ: Փաստաթուղթերն ու պատմութիւնը ցարդ ոչինչ կ՚ըսեն մեզի, թէ ի՞նչ յարաբերութիւն մշակած են այդ հիւրատան բնակիչները, այս պարագայինՙ Տուզէն ու Զարեանները:
Իբրեւ եզրակացութիւն, առկայ տուեալները կը թելադրեն, որ Զարեանի ու Տուզէի յարաբերութիւնը բոլոր տուեալները ունիՙ առասպելի ոլորտին մէջ մնալու:

------------------------------------------
1) Տե՛ս, օրինակ, «Հայազգի անուանի դերասանուհի Էլէոնորա Տիւզի քմայքները», Հայրենիք, 5 Հոկտեմբեր 1951:
2) Նշան Պէշիկթաշլեան, «Թաղում», Հայրենիք, 28 Յունիս 1968:
3) Հ. Գաբրիէլ Մէնէվիշեան, Ազգաբանութիւն ազնուական զարմին Տիւզեանց, Վիեննա, 1890, էջ 49-50:
4) Արծուի Բախչինեան, Հայերը համաշխարհային կինոյում, Երեւան, 2003, էջ 599-604:
5) Արծրուն Աւագեան, Կոստան Զարեան. կեանքը եւ գործը, Երեւան, 1998, էջ 33:
6) Տե՛ս մեր գրախօսականը, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, ԺԹ. հատոր, 1999, էջ 423: Հմմտ. Վարդան Մատթէոսեան, Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, Անթիլիաս, 2009, էջ 402:
7) Նկատի ունի 1876ին հաստատուած Վենետիկի երաժշտանոցը, որ երգահան Պենետեթօ Մարչելլոյի (1686-1739) անունը կը կրէ:
8) Կոստան Զարեան, «Արեւմուտք», Հայրենիք ամսագիր, Դեկտեմբեր 1928, էջ 32-33: Հմմտ. նոյն, Երկեր, Անթիլիաս, 1975, էջ 456:
9) Jeanne Bordeux, Eleonora Duse: The Story of Her Life, London, 1925, p. 137.
10) «Մտքի յաւերժական ճամբորդը», Գրական թերթ, 8 Փետրուար 1991:
11) Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի եւ Արշակ Չօպանեանի նամակներէն», Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր ԻԷ., 2007, էջ 378, 380:
12) Տե՛ս Զարեանի 8 Փետրուար եւ 11 Մայիս 1918ի նամակները Չօպանեանին (անդ, էջ 382, 384):
13) Ma pupa, Henriette. Le lettere di Eleonora Duse alla figlia, a cura di Maria Ida Biggi, Venezia, 2010, p. 17, 35.
14) Անդ, էջ 150, 158:
15) Անդ, էջ 199-20
16) Անդ, էջ 215:
17) Անդ, էջ 219-237:
18) Անդ, էջ XXI:

«Ազգ-Մշակոյթ», 12 Յուլիս 2019

No comments:

Post a Comment