Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին
գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անդրադարձած է Թուրքիան ցնցած
գաղտնալսման հրապարակումին, ուր ինք եւ ուժային կառոյցներու
ներկայացուցիչները գաղտնի կը խօսին Սուրիոյ ընդդիմութիւնը զինելու,
սուրիական կողմէն Թուրքիոյ դէմ սադրանք իրականացնելու եւ Սուրիոյ դէմ
պատերազմի սկսելու մասին: