ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական
Աթոռի Եկեղեցականաց համագումար ժողովին ընդունած վերջին
որոշման արձագանգները կը շարունակուին։ Արդարեւ, Թուրքիոյ
հայոց 84-րդ պատրիարքը՝ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան կոչուեցաւ
հանգստեան ու գահը պաշտօնապէս հռչակուեցաւ թափուր։ Նորին
Ամենապատուութեան անբուժելի հիւանդութեամբ պայմանաւորուած
աւելի քան ութ տարուան գործընթացի ներկայ փուլին՝ առաջին անգամ
ընտրութեան հեռանկարը, նո՛ր պատրիարք մը ընտրելու հորիզոնը
այսքան յստակօրէն ուրուագծուեցաւ մեր համայնքին առջեւ։
Թրքահայութեան օրակարգը յեղաշրջուած է, նաեւ համայն հայութեան
ուշադրութիւնն ալ որոշ չափով թեքուած՝ անոր վրայ։ Յայտնի է, որ այս
պատմական իրադարձութիւնը պիտի շարունակէ երկար ժամանակ
լրջօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ողբերգական
հիւանդութեամբ պայմանաւորուած այս գործընթացին մէջ
իւրաքանչիւր փուլ ուղղորդուած է բազում հարցականներով։ Այս
անգամ ալ նոյնն է պարագան։ Հասարակութեան մտքին մէջ ծագած են
բազմաթիւ հարցականներ։ Մեր համայնքը, ակնյայտ է, որ երկար
ժամանակ կորսնցուցած է, նոյնիսկ մսխած՝ այս խնդրի լուծման համար։
Յամենայնդէպս, ըստ երեւոյթին, գտնուած է բարւոք լուծում մը սկզբունքօրէն՝
եթէ անշուշտ գործադրութիւնն ալ ըլլայ համահունչ։