Showing posts with label Միքայէլ Նալբանդեան. Show all posts
Showing posts with label Միքայէլ Նալբանդեան. Show all posts

7.9.17

Օրհներգին առկախ խնդիրը եւ հատուածական կիրքին լուծուած հարցը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

1988-ի արցախեան շարժումի ծիրին մէջ, անցեալի մոռցուած կամ «թանգարանային» համարուած բազմաթիւ էջեր ու երեւոյթներ վերյայտնուեցան, որոնց շարքին՝ 1918-1920-ի անկախութեան երեք հիմնական խորհրդանիշերը։ Սփիւռքի միջին տարիքէն վեր ընթերցողը վստահաբար կը յիշէ “Մեր հայրենիք»-ի, ինչպէս եւ եռագոյն դրօշակի ու առաջին հանրապետութեան զինանշանի երկկողմանի անընդհատ օգտագործումը խորհրդային շրջանի քաղաքական հակամարտութեան մէջ։ Դրօշակն ու զինանշանը (որոշ փոփոխութիւններով) նախ 1990-ին եւ 1992-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի օրէնքներով ընդունուեցան, որոնք վերջնականօրէն ամրագրուեցան Յունիս 2006-ին անոր յաջորդին՝ Ազգային Ժողովի կողմէ վաւերացուած օրէնքներով։