Showing posts with label օրհներգ. Show all posts
Showing posts with label օրհներգ. Show all posts

1.10.17

Չհիմնաւորուած յայտարարութիւններ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ (*)


Վերջերս, «Պայքար» շաբաթաթերթը իր մէկ խմբագրականով կը քննէր օրհներգին հարցը, որ իրաւականօրէն առկախ մնացած է, յայտնելով, թէ «վստահաբար օգտակար կը դառնայ հակընդդէմ գաղափարներու արծարծումը»։ Այդ համոզումով, նուաստս յօդուած մը ստորագրած էր Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեային մէջ (https://armeniaca-haygagank.blogspot.com/2017/09/blog-post.html

30.9.17

Նամակ «Նոր Յառաջ»-ի խմբագրութեան



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Յարգարժան խմբագրութիւն «Նոր Յառաջ»-ի,
Հետաքրքրութեամբ կարդացի Ստեփան Պօղոսեանի «ազատ կարծիք»-ը («Նոր Յառաջ», 23 Սեպտեմբեր), որուն վերջին բաժինը յատկացուած էր նուաստիս վերջերս գրած յօդուածին՝ «Մեր հայրենիք»-ի մասին։ Տեղին կը նկատեմ կարգ մը լուսաբանութիւններ ընել.

7.9.17

Օրհներգին առկախ խնդիրը եւ հատուածական կիրքին լուծուած հարցը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

1988-ի արցախեան շարժումի ծիրին մէջ, անցեալի մոռցուած կամ «թանգարանային» համարուած բազմաթիւ էջեր ու երեւոյթներ վերյայտնուեցան, որոնց շարքին՝ 1918-1920-ի անկախութեան երեք հիմնական խորհրդանիշերը։ Սփիւռքի միջին տարիքէն վեր ընթերցողը վստահաբար կը յիշէ “Մեր հայրենիք»-ի, ինչպէս եւ եռագոյն դրօշակի ու առաջին հանրապետութեան զինանշանի երկկողմանի անընդհատ օգտագործումը խորհրդային շրջանի քաղաքական հակամարտութեան մէջ։ Դրօշակն ու զինանշանը (որոշ փոփոխութիւններով) նախ 1990-ին եւ 1992-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի օրէնքներով ընդունուեցան, որոնք վերջնականօրէն ամրագրուեցան Յունիս 2006-ին անոր յաջորդին՝ Ազգային Ժողովի կողմէ վաւերացուած օրէնքներով։