Showing posts with label հայերէնի դասագիրքեր. Show all posts
Showing posts with label հայերէնի դասագիրքեր. Show all posts

26.6.17

Դասագիրքերու շարքի մը մասին

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«Պայքար»-ի 7 Մայիսի խմբագրականը՝ «Մեր կրթական կեանքի հեռանկարները» խորագրով, նուիրուած էր ամերիկահայ կրթական գործի քննակումին։ Ան բաւական իրապաշտ ու իրազեկ կերպով, երբեմն՝ առանց բառեր ծամծմելու, ներկայացուցած է մեր համայնքի կրթական գործունէութեան հիմնական գծերը, շեշտը դնելով նաեւ հետեւեալ վէրքին վրայ. 
«Քառորդ դար մը առաջ հայ դպրոցը մամուլի եւ ազգային խօսակցութեանց մէջ հրատապ նիւթ մըն էր։ Այսօր ընդհանուր լռութիւն մը եւ անտարբերութիւն կը տիրէ, հակառակ որ հայ կրթական կեանքը աւելի տագնապալի հանգրուանի մը հասած է»։