1.10.17

Չհիմնաւորուած յայտարարութիւններ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ (*)


Վերջերս, «Պայքար» շաբաթաթերթը իր մէկ խմբագրականով կը քննէր օրհներգին հարցը, որ իրաւականօրէն առկախ մնացած է, յայտնելով, թէ «վստահաբար օգտակար կը դառնայ հակընդդէմ գաղափարներու արծարծումը»։ Այդ համոզումով, նուաստս յօդուած մը ստորագրած էր Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեային մէջ (https://armeniaca-haygagank.blogspot.com/2017/09/blog-post.html
Յօդուածը «խմբագրական» վերտառութեան տակ լոյս տեսած գրութիւնը կը քնն(ադատ)էր եւ ո՛չ թէ զայն գրող անհատը, հակառակ անոր, որ ծանօթագրութեան մէջ անցողակի նշած էինք («Պայքար»-ը եօթ հոգինոց խմբագրական կազմի մը կողմէ կը ղեկավարուի), թէ խմբագրականը «Ազգ»-ի կողմէ արտատպուած էր Ե. Ա. սկզբնատառերով, որոնք «Պայքար»-ի խմբագրութեան անդամներէն Երուանդ Ազատեանին կը պատկանին։ Այս բանասիրական մանրուքին հետեւանքով, վերջինս պատասխանած է ստորագրեալ յօդուածով մը («Պայքար», 17 Սեպտեմբեր 2017)։
Ըստ վաստակաւոր հրապարակագրին, օրհներգին շուրջ վէճը «հիմնականին մէջ ունի քաղաքական-գաղափարական խորք. աւելին՝ հատուածական քաղաքականութիւն պարտադրելու բնոյթ»։ Այս ճշդումին բուն նպատակն է, ըստ երեւոյթին, հաղորդել, թէ այդ վէճին «գլխաւոր դերակատարի պարտականութիւն ստանձնած է հմուտ եւ յարգելի մտաւորական մը, յանձին Վարդան Մատթէոսեանի»։ Լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է. կուսակցական դիրքեր պաշտպանելու ռազմավարութիւնը կռիւ ու անձնականացում կը թուի պահանջել (յօդուածագիրը հեգնած է իր անունին վերոյիշեալ յիշատակումը իբրեւ «պատմական զգայացունց յայտնութիւն մը»՝ «կռիւը անձնականացնելու բացայայտ դիտումով»), առաւել՝ «հատուածական քաղաքականութիւն»ը շեշտել, որպէսզի յստակ դառնայ, թէ «գլխաւոր դերակատարի պարտականութիւն» ստանձնողը «միայն ու միայն ջուր կը հայթայթէ Դաշնակցութեան ջաղացքին որ տէրն ու տիրականը դարձած է “Մեր հայրենիք”ին, քաղաքական եւ հատուածական բազմաթիւ պատճառներով»: 
Նման «պարտականութեան» գոյութիւնը մեր յարգարժան ընդդիմախօսի բեղուն երեւակայութեան արգասիքն է, անշուշտ, քանի որ մեր գրութիւնը ո՛չ պատուէրի եւ ո՛չ ալ հաշիւներու կը հպատակէր. «Մեր անդրադարձը միայն ու միայն կը մեկնի առարկայական փաստերու եւ տրամաբանական եզրայանգումներու քննարկումի արդիւնքէն, առանց որեւէ կողմնակցութեան կամ կուսակցական ենթախորքի»։ Այս յստակացումը կոչուած էր խեղաթիւրուելու պատասխանին մէջ, բնականաբար («դիտումն ու առաքելութիւնը քօղարկելու մտահոգութիւն», «ընթերցողն ու իրեն հակաճառողները զինաթափելու փորձ», «տրամաբանութեան մենաշնորհը պահել»ու նպատակ), փաստի սովը ծածկելու նպատակով, ըստ Յակոբ Պարոնեանի յայտնի խօսքին, թէեւ առանց հայհոյանքի զիջելու գռեհկութեան։ Պատճառը այն է, որ յօդուածը փաստերու մէկտեղումով ու վերլուծումով ջուր կը հայթայթէր 1950-1980-ականներու Պաղ Պատերազմի հոգեբանութենէն ժառանգ մնացած եւ 2010-ականներու աւարտին վերամշակումի (recycling) ենթարկուած վաթսունամեայ պնդումներու... ջրումին։
Մենք մերժած էինք «ընդունիլ որ խորհրդանշանները – որքան ալ անցեալին` նուիրական - պատանդ դարձած էին կուսակցութեան մը ձեռքը, որ կ'ուզէր համայն հայութեան պարտադրել իր կամքը», ինչ որ կը նշանակէր հակապատմական իրավիճակ մը ընդունիլ, ուր կուսակցութիւն մը (այս պարագային՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը) ամբողջական վերահսկողութեան կարելիութիւնը ունէր Սփիւռքի մէջ՝ իր կամքը «համայն հայութեան պարտադրել»ու, երբ Սփիւռքը ամբողջատիրական վարչակարգ չէր։ Ահա թէ ինչու վիճակագրութիւններ կը պահանջէինք (ո՛չ թէ կը փնտռէինք, քանի որ այդ իրավիճակին գոյութիւնը մեր առաջադրանքը չէր) «փաստելու համար այդ պարտադրանքը», աւելի՛ն՝ համայն հայութեան անունով խօսելու իրաւասութիւնը։
Միւս կողմէ, արդեօք պատմական իրողութեան կը համապատասխանէ՞, որ Հայաստանի Հանրապետութեան «անցեալին՝ նուիրական» խորհրդանշանները առեւանգուած կամ յափշտակուած էին («պատանդ դարձած էին») կուսակցութեան  մը կողմէ՝ հայ ժողովուրդի (կամ այդ խորհրդանշանները մէկդի ձգած կողմերու) կամքին դէմ։ Անցեալի «արիւնալի դրուագներով հիւսուած խորհրդանշաններու այս հակամարտութիւնը» եւ «ցաւալի իրականութիւնը» կարելի չէ փոխել, ինչպէս որ արիւնալի դրուագներուն ու ցաւերուն միաձեւ ու միագոյն պատմուճան մը կարելի չէ հագցնել։ 
Խեղաթիւրումի ուրիշ տեսակ մը մը կը յայտնուի Արամ Խաչատուրեանի օրհներգին մեր տեսակէտներուն առիթով. «Գալով Արամ Խաչատրեանի օրհներգին` Պրն. Մատթէոսեան կը մարտնչի հին տուեալներով թէ սովետի շրջանին ամէն ինչ մութ էր ու խաւար: Տեսակէտ մը որ չի դիմանար պատմական փաստերու, բայց կը յայտնաբերէ քաղաքական կեցուածք մը որուն ծագումը կ'երթայ մինչեւ Ցուրտ Պատերազմի օրերը եւ կը սերի հակահայաստանեան սեւացրէքեան քաղաքականութենէն – "[Խաչատրեանի] օրհներգին երաժշտութիւնը պիտի մատնէ "ժամանակի շունչ"ը»:
Հոս կը փորձուի երկսայրի մեթոտ մը։ Նախ՝ ըստ կամս մեկնաբանութիւն։ Մեր յօդուածին աննախապաշար ընթերցողը պիտի նկատէ, որ ո՛չ «ամէն ինչ մութ էր ու խաւար»-ի տեսակէտին կողմնակից ենք (նմանօրինակ բառեր չենք ալ գործածած), ոչ ալ «հակահայաստանեան սեւացրէքեան քաղաքականութենէն» կու գանք։  Յետոյ կու գայ ըստ կամս մէջբերումը, քանի որ խնդրոյ առարկայ նախադասութիւնը ամբողջութեամբ կ՚ըսէ. «Արդարեւ, առանց ուրանալու երգահանին բնատուր տաղանդը եւ հոգեւոր երանգի՝ "Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ" շարականի մեղեդիին օգտագործումը, օրհներգին երաժշտութիւնը միշտ պիտի մատնէ "ժամանակի շունչ"ը» (ընդգծումը մերն է)։
Այս բոլորի նպատակն է ընթերցողը համոզել, թէ քանի որ «խորհրդային շրջանին կային նաեւ լուսաւոր կէտեր, որոնցմէ մէկն էր Խաչատրեանը, իր տաղանդով եւ "օրհներգ"ով», ուրեմն «պարզապէս քաղաքական վերաբերում է Խաչատրեանի տաղանդին դէմ դիրքորոշուիլը»: Սակայն, մեր ընդգծած տողերը ցոյց կու տան, որ մենք չենք դիրքորոշուած Խաչատուրեանի տաղանդին դէմ, այլ միայն յայտնած ենք, որ օրհներգը պիտի մատնէ խորհրդային շրջանի քաղաքական պայմանները («ժամանակի շունչը»)։
Բնականաբար, խնդրոյ առարկան այն չէր, թէ օրհներգերը կրնան լաւատեսութեամբ վերջանալ կամոչ, այլ այն պնդումը, թէ օրհներգը պէ՛տք է այդպէս վերջանայ (յար եւ նման խորհրդահայ անցեալին՝ «Ժողովրդոց սուրբ դաշինքով անսասան / Դու ծաղկում ես եւ կերտում լոյս ապագադ»)։ Ընդամէնը փորձած էինք ցոյց տալ, թէ ազատութեան համար զոհուիլը մեր օրհներգին յատուկ երեւոյթ մը չէ եւ 1776-էն մինչեւ 1830 անկախացած (Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին, Ուրուկուայ) կամ բռնութենէ ազատած (Ֆրանսա) երկիրներ այդ թեմայով օրհներգ պահած են դար մը կամ աւելի։   
 Յօդուածագիրը, գնահատելով այդ չորս երկիրներու օրհներգէն մէջբերումը, առարկած է, որ իր եւ այլոց ուզած ապագայի հանդէպ լաւատեսութեան թեմայով վերջաբանը կարելի է գտնել ՄԱԿ-ի անդամ 193 երկիրներէն գոնէ 90-ին օրհներգերուն մէջ։ Թերեւս օր մը այդ ենթադրեալ 90 վերջաբանները յայտնուին. մինչ այդ, անոնց շարքէն կրնանք զեղչել իտալական օրհներգին վերջին չորս տողերը.
«Միանանք գունդով, / Պատրաստ ըլլանք մեռնելու, / Պատրաստ ըլլանք մեռնելու, / Իտալիան կանչա՛ծ է։ Այո՛»։ 
Հայրենիքի կանչին անսալով մեռնիլը փառաբանող այս օրհներգը ժամանակաւոր կերպով վերստին որդեգրուած էր 1946-ին՝ իտալական թագաւորութեան անկումէն ետք, եւ օրէնքով հաստատուած՝ հինգ տարի առաջ։ Ըստ երեւոյթին, իրենց երկրին միաւորումէն աւելի քան 150 տարի ետք, իտալացիները ապագայի նկատմամբ լաւատեսութիւն չունին...։
«Ճաշակ ունեցող հայը պիտի գիտնայ գնահատել Խաչատրեանի օրհներգը եւ նոյնանալ անոր հետ», կ՚եզրակացնէ Ազատեան: Միեւնոյն սկզբունքով, ճաշակ ունեցող իտալացին գիտէ գնահատել Ճուզեփփէ Վերտիի «Նաբուկօ» օփերայի "Va Pensiero" երգը եւ կը նոյնանայ անոր հետ (ոչ-իտալացին ալ նոյնը կ՚ընէ), բայց զայն իր երկրին օրհներգը չի դարձներ, որքան որ վերջինիս այսօր մոռցուած հեղինակ Միքելէ Նովարան երաժշտական գաճաճ մըն է Վերտիի տաղանդին դէմ յանդիման։  
Հարկ է արձանագրել, որ մեր յարգելի ընդդիմախօսը հոս ու հոն բարենիշեր կը շնորհէ, երբեմն՝ հեգնախառն գովասանքով. «Քիչ կը մնայ որ "Պայքար"ի խմբագրութիւնը շնորհակալութեան գիր մը յղէ հմուտ մտաւորականին՝ թերթի խմբագրականէն առաջնորդուելով կատարած է [sic] բանասիրական խղճամիտ աշխատանքին համար, որուն արդիւնքը կրնայ ծառայել իբրեւ աղբիւր ապագայի ուսումնասիրողներուն, այս վէճերուն հանգումէն տարիներ վերջ»: Սակայն, մեր «համադրած նիւթերը աւելի կը ծառայեն խնդրին շուրջ ստեղծուած գրականութեան ճոխացման, աւելի քան բանավէճի մը յաղթական ելքին: Որովհետեւ կան օրինակներ, ուր փաստերու եւ փաստաբաններու առատութիւնը չառաջնորդեր [sic] միշտ ճշմարտութեան յայտնաբերումին»։ Իմա՛՝ բան չենք ապացուցած։ Ըստ երեւոյթին, ոչինչով հիմնաւորուած յայտարարութիւնները աւելի ճշմարտութիւն կը յայտնաբերեն, քան փաստերով հիմնաւորուած տեսակէտները (իբրեւ թէ «դիմացինը փաստախեղթ [sic]» ընող), ինչպէս հետեւեալ պարբերութիւնը ցոյց կու տայ.
«Միքայէլ Նալպանտեա՞նը յօրինած է իտալացի աղջկան երգին բառերը թէ ան ներշնչուած է Մարքանթինիի [sic] մէկ բանաստեղծութենէն: Նալպանտեանի օրերուն չեն պակսիր օրինակները թարգմանածոյ բանաստեղծութեան իւրացումներու, ինչ որ սովորական երեւոյթ էր նոյնիսկ Նալպանտեանի համար:
Այստեղ եւս փաստերու հեղեղումէն ետք դէմ յանդիման կու գանք հետեւեալ վճիռին. "Այսպէսով կը հերքուի այն տեսակէտը, թէ բանաստեղծութիւնը հեռու է հայութենէն ու Հայաստանէն": Իրականութեան մէջ ոչ մէկ բան կը փաստուի այստեղ»:
Քանի որ փաստուած չէ, որ Նալբանդեան «թարգմանածոյ բանաստեղծութեան իւրացում» կատարած է (հմմտ. Նահապետ Ռուսինեանի «Կիլիկիա»-ն՝ Նորմանտիոյ մասին ֆրանսերէն բանաստեղծութենէ մը կէս թարգմանուած ու կէս յարմարցուած), ուրեմն միակ ելքը յայտարարութեամբ «հերքում»ն է, որուն արուեստականօրէն կը կապուի երկրորդ յայտարարութիւնը (երկու պարբերութիւնները իրարու հետ աղերս չունին), թէ «փաստերու հեղեղումէն ետք» չենք փաստած որ «Մեր հայրենիքը» հեռու չէ հայութենէն ու Հայաստանէն։ Ինչպէս կ՚ըսեն լատիներէն, magister dixit («վարպետը ըսաւ») եւ վերջ։ 
Տիար Ազատեան կը փորձէ հակասութիւն մը ստեղծել, գրելով, թէ «յօդուածագիրը մէկ կողմէ կ'ողջունէ փաստը թէ նոր սերունդը մոռացութեան սկսած է տալ անցեալի այդ տխուր դէպքերը, միւս կողմէ շարունակելով կառչիլ այդ օրերու "թշուառ"ութիւններուն»: Քառորդ դարէ աւելի պաշտօնապէս չերգուող «Մեր հայրենիք, թշուառ անտէր» տողին կրկին ակնարկելով, ան միեւնոյն ստեղծարար ոգին դրսեւորած է իր եզրակացութեան մէջ. «Բոլոր անոնք որոնք 21րդ դարու սեմէն ներս կը փորձեն քաշկրտել անցեալի վէճերէն յոգնած դատ մը, իսկապէս արժանի են կոչուելու "թշուառ"ականներ» (**):
Եթէ մոռացութեան տալը ողջունելով իրապէս մոռցուածին կը կառչէինք, ուրեմն նաեւ անհրաժեշտ էր բացատրել թէ ի՞նչ կը նշանակէր մեր յօդուածը եզրափակող տողը. «Հարկ կա՞յ ժամանակավրէպ դարձող կիրքը վերստին դրսեւորելու...» (ընդգծումը մերն է)։ Արդարեւ, յօդուածագիրը մոռցած է, ըստ երեւոյթին, որ իր գրիչէն ծնունդ առած խմբագրականը «21-րդ դարու սեմէն ներս» կը քաշքշէր «անցեալի վէճերէն յոգնած դատ մը», ինչ որ հարց կը յառաջացնէ, թէ իսկապէս ովքե՞ր «արժանի են կոչուելու "թշուառ"ականներ»։
Պատասխանը թող ընթերցողը գտնէ։

----------------------------
(*) Նկատի ունենալով այս ակնարկին բնոյթը, նախընտրեցինք մեր պատասխանի իրաւունքէն օգտուելով չծանրաբեռնել տպագիր մամուլի սուղ էջերը, այլ միայն առցանց հրապարակել (Վ.Մ.)։
(**) Այս տողը գրելէ ետք, Ազատեան խօսքը տուած է Յովհաննէս Թումանեանին, մէջբերելով անոր գրածը Մայիս 1915-ին Վանի գրաւումէն ետք, ուր «Մեր հայրենիք»ը երգուած է. «Բայց... էս անգամ վերջին անգամն է, որ մենք երգում ենք է՛ս տեսակ ազգային երգ. է՛լ հայ ժողովուրդն է՛ս տեսակ լալկան երգ չի՛ երգելու, է՛լ հայ բանաստեղծն է՛ս տեսակ երգ չի՛ յօրինելու (...)»։ Արդեօք Թումանեան մտքէն ի՞նչ տեսակ ոչ-լալկան երգ անցուցած է, երբ Էջմիածինի մայրավանքն ու անոր շրջակայքը լեցուած սովալլուկ ու կիսամեռ գաղթականներուն սրտաճմլիկ տեսարանին դիմաց, վեհարանին դուռը բացած է անոնց առջեւ։ Ի դէպ, Թումանեանի կողմէ ստեղծուած «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»-ի տիտղոսը, զոր յօդուածագիրը յատուկ կերպով յիշած է (եթէ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծը» ըսած է, ուրեմն հասարակ մահկանացուներուս ըսելիքը անիմաստ է), Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.-ի հետ ունեցած խօսակցութենէն ծնունդ առած է։

No comments:

Post a Comment