ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ակսել Բակունցի հրապարակագրական կեանքի սկիզբը անքակտելիօրէն կապուած է Շուշիի հետ։ Ինչպէս յայտնի է, Յուլիս 1915ին, Գէորգեան ճեմարանի 16ամեայ սանը Արցախի մայրաքաղաքի սոցիալ-դեմոկրատ «Փայլակ» թերթին մէջ կը հրատարակէր Գորիսի քաղաքապետ Մատթէոս Տէր-Գրիգորեանի եւ գաւառական վարչութեան դէմ ուղղուած «Փոքրիկ ֆելիետոն» խորագրուած յօդուածը՝ «Թեզ գնացող» ստորագրութեամբ, որուն հետեւանքով, «ինձ բանտարկեցին, եղաւ “փոթորիկ”, եւ ես բանտարկութեան 34-րդ օրը ազատուեցի, որպէսզի ուսուցիչ գնամ այն հեռու գիւղը` Լորը», պիտի գրէր ինքնակենսագրական ակնարկի մը մէջ, 1932ին[1]։