ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Մայիսի 1-ին, առտուն կանուխ, գրեթէ հալածական, կը հեռանանք Պոլիսէն։
Բարեխնամ կառավարութիւնը, իր բոլոր զօրութեամբ իջած է փողոց՝ արգիլելու
ոեւէ մէկը՝ չնշելու Աշխատաւորութեան տօնը, յայտնուելով Թաքսիմի հրապարակին
վրայ։ Ոստիկանները փակած են բոլոր ճամբաները, նոյնիսկ հետիոտն անցորդներուն
համար (մեր անգտանելի նախագահը օրուան ընթացքին դեռ յայտարարէր պիտի, թէ
նման միջոցառումներու կը դիմեն, որպէսզի քաղաքացիներուն առօրեան
չխանգարուի։ Ճի՛շդ այսպէս)։