Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային Հայ
Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի
նախաձեռնութեամբ 15 Դեկտեմբերին, համալսարանի հայ բանասիրութեան
բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկած են Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Արամ
Սիմոնեանը եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը: Ընթերցուած է Հայաստանի Սփիւռքի
նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ուղարձները, յղուած՝ գիտաժողովի մասնակիցներուն: