Showing posts with label Ուրուկուայ. Show all posts
Showing posts with label Ուրուկուայ. Show all posts

9.10.17

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
 
Մինչեւ 2009-2010, Լատինական Ամերիկայի մէջ հակահայ արշաւը գրեթէ բացառապէս թրքական դիւանագիտութեան նախաձեռնութիւնն էր եւ կեդրոնացած Ցեղասպանութեան ժխտումի ջանքերուն վրայ: Այդ արշաւը, որ առաջ կը տարուէր մասնաւորաբար Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ երեք համայնքներու երկիրներու՝ Արգենտինա (*), Ուրուկուայ եւ Պրազիլ քաղաքական-դիւանագիտական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքին ուղղութեամբ, չյաջողեցաւ:

26.12.15

Յակոբ արք. Գլընճեան - 60

ԶԱԻԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Յոբելեանները յուզումնախառն առիթներ են արժեւորելու վաստակը վաստակի արժան մարդոց, կշռելու թանկագին ծանրութիւնը այդ վաստակին եւ շնորհաւորելու վաստակեալը որ գիտակցած է, կը գիտակցի եւ պիտի գիտակցի իր ի վերուստ ստացածը մշակել, կոփել եւ ազնուացնել միտքի թռիչքով եւ սիրտի տրոփումով:
Ի վերուստ ստացածը... ի վերուստ կը ստանայ նա՛մանաւանդ այն մարդը, որ հասակ կ՛առնէ շուքին տակ լերան, կ՛ապրի կարօտովը այդ լերան: Նա՛մանաւանդ այն մարդը, որուն սիրտին մէջ կը մնայ լեռնացած այդ լերան խորհուրդը:
Հաւատքը լեռներ կը շարժէ,- կ՛ըսեն լերան խորհուրդը իրենց հոգեւոր տունը համարող լեռնցի մարդիկ: Այդ լեռնցի մարդոցմէ է այսօրուան մեր յոբելեարը՝ մեր բոլորիս սիրելի եւ յարգելի Սրբազան Հայրը (*): Հայաշունչ եւ հայատրոփ Քեսապի երախտագէտ եւ կարօտակէզ որդին՝ Կասիոս լերան ստորոտին իրենց սիրոյ բոյնը հիւսած Յովհաննէս Գլընճեանի եւ Աննա Թիթիզեանի:

24.1.14

Եոհանա Ռիվա Կարապետեան՝ «Միսս Ուրուկուայ» 2014


Հայազգի մոտել Եոհանա Ռիվա Կարապետեան Կիրակի, Յունուար 19ին հռչակուած է 2014 թվականի Ուրուկուայի գեղեցկուհի Փունթա տէլ Էսթէ ծովեզերեայ քաղաքին մէջ, հանդիսանալով «Միսս Ուրուկուայ» գեղեցկութեան մրցոյթին յաղթականը։          

19.7.13

Ուրուկուայի Հայկական Ցեղասպանութեան Թանգարանի հրապարակային յայտարարութիւնը

Ինչպէս յայտարարած էինք, Ուրուկուայի Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Ոգեկոչման Յանձնախումբը միասնաբար նախաձեռնած էին  Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի յառաջիկայ իրականացման հրապարակային յայտարարութեան, որ տեղի ունեցած է Յուլիս 17ին նախագահական պալատին մէջ, Մոնթէվիտէօ։

15.7.13

Ողջունելի քայլ մը Ուրուկուայի մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

1964ին, ուրուկուահայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու միացեալ նախաձեռնութիւնը առաջնորդած էր Մեծ Եղեռնի 50ամեակի աննախընթաց ոգեկոչման եւ Ուրուկուայի կողմէ որպէս ցեղասպանութեան ճանաչման 1965ին։ Յուլիս 5, 2013 թուակիր հաղորդագրութիւն մը, ստորագրութեամբ Ուրուկուայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլընճեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանի, կը տեղեկացնէ, որ կազմուած է Ուրուկուայի Հայ Համայնքի Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Ոգեկոչման Յանձնախումբը։ Այս յանձնախումբը կազմուած է համայնքի (կեդրոնացած՝ մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ) բոլոր կրօնական ու աշխարհական կազմակերպութիւներու ներկայացուցիչներով։

27.9.11

Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարը ի՞նչ ըսած է Արցախի մասին

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Հայ-ազերի քարոզչական պատերազմի նոր ռազմաճակատ մը բացուած է Լատին Ամերիկայի մէջ որպէս հետեւանք Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի Սեպտեմբեր 9ի յայտարարութիւններուն Մոնթէվիտէոյի մէջ, տեղւոյն Հ. Յ. Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ նորակազմ Ուրուկուայ-Հայաստան Միջ-Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակին կազմակերպած սեմինարին, ուր կը կանխագծէր Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումին հաւանականութիւնը (տե՛ս «Նոր Յառաջ», Սեպտեմբեր 13, 2011)։

21.4.11

Շնորհակալ ենք քեզ՝ Ուրուկուայ

Ռ. ՄԱԼԱՔԵԱՆ
 
Արդ­եօ՞ք գի­տէք, որ աշ­խար­հում Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեա­նը նուիր­ուած թո­ղարկ­ուել է ընդամէ­նը չորս փոս­տա­յին նա­մա­կա­նիշ:

18.1.11

«Միանանք» - "Mianank"

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ 
Ստորեւ կու տանք «Միանանք» երգին բնագիրը (խօաք եւ երաժշտութիւն՝ Գրիգոր Պուտաքեան), որ 1970 թուականին հրապարակ իջաւ՝ Ուրուկուայի երբեմնի «Հայկական ելեկտրոնիկ նուագախումբ»ի մեկնաբանութեամբ։ Երգին միակ ձայնագրուած տարբերակը  կը գտնուի նուագախումբի երկրորդ ձայնապնակին մէջ։ Այս բնագիրը առաջին անգամն է որ հայատառ կը տպուի (ձայնապնակի կողքին վրայ տպուած է՝ լատինատառ տառադարձութեամբ), լեզուական մանր հպումներով, մաղթելով որ զայն մոռացութենէ փրկող գուրգուրոտ ձեռք մը գտնուի։ Ճակատագրի հեգնանքով, հայութեան միասնականութեան այս կոչը լոյս տեսաւ Ուրուկուայի հայ գաղութի պառակտումի նախօրեակին, որ ընթացիկ տարին արդէն պիտի նշէ իր 40ամեակը։

Vartan Matiossian
Ofrecemos a continuación el texto completo de “Mianank” (letra y música de Krikor Boudakián), una famosa canción del segundo disco del Conjunto Electrónico Armenio de Montevideo (1970) a la que hiciéramos referencia en la nota anterior. (De tanto, los discos de vinilo del "Electrónico" aparecen y desaparecen de inmediato en Ebay). Esta es la primera vez, hasta donde sabemos, que el texto aparece íntegramente en armenio, incluido el recitado, y en una versión castellana que nos pertenece. La letra de la canción apareció por primera vez transliterada en la tapa del disco (el recitado solo aparece en traducción castellana). Hemos corregido algunos deslices gramaticales, a la espera de que algún día la canción vuelva a revivir en una nueva versión. Nadie es profeta en su tierra: por una ironía del destino, este llamado a la unidad apareció un año antes de que la colectividad armenia del Uruguay iniciara su ruta a la desunión que cumplirá cuatro décadas en el corriente año.