27.9.11

Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարը ի՞նչ ըսած է Արցախի մասին

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Հայ-ազերի քարոզչական պատերազմի նոր ռազմաճակատ մը բացուած է Լատին Ամերիկայի մէջ որպէս հետեւանք Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի Սեպտեմբեր 9ի յայտարարութիւններուն Մոնթէվիտէոյի մէջ, տեղւոյն Հ. Յ. Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ նորակազմ Ուրուկուայ-Հայաստան Միջ-Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակին կազմակերպած սեմինարին, ուր կը կանխագծէր Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումին հաւանականութիւնը (տե՛ս «Նոր Յառաջ», Սեպտեմբեր 13, 2011)։
Լուրը կայծակնային արագութեամբ տարածուած էր, ինչպէս վայել է այս դարուն։ Արդարեւ, Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանի տեղեկութեան վրայ հիմնուած, նոյն կուսակցութեան Մամլոյ Դիւանը Սեպտեմբեր 9ին հետեւեալ մէջբերումը հաղորդած էր.
«Այսօր մենք կ՛ուսումնասիրենք հարցը՝ պետականօրէն տեսակէտ յայտնելու  համար, սակայն ես անձամբ համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին պատմականօրէն մաս կը կազմէ եւ պէտք է ըլլայ անկախ, կամ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կցուի Հայաստանին: Այս է արցախեան խնդիրի միակ լուծումը» (՚«Ազատ Օր», Սեպտեմբեր 12, 2011)։
Նոյն տողերը լոյս տեսած են նաեւ անգլերէն («Ասպարէզ», Սեպտեմբեր 9, 2011 եւ «Արմինիըն Ուիքլի», Սեպտեմբեր 9, 2011) եւ սպաներէն («Արմենիա», Սեպտեմբեր 16, 2011)։ Տարբերակ մըն էր «Նոր Յառաջ»ի հրատարակածը՝ «Երկիր Մեդիա»յի յղումով. «Համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է անկախ ըլլայ ու ժամանակի ընթացքին միաւորուի Հայաստանի մէջ» (Սեպտեմբեր 13, 2011)։
Լրագրողներ Մարիաննա Գրիգորեանի (Երեւան) եւ Շահին Ապպասով (Պաքու) միասնաբար ստորագրած անգլերէն յօդուածը (Eurasia.net, Սեպտեմբեր 16, 2011) հաստատած է, որ ազերի լրատուամիջոցները «շուտով վիճարկած են, որ Ալմակրօ իսկապէս զօրակցած էր Ղարաբաղի անկախութեան։ Փոխարէնը, մէջբերելով Լատին Ամերիկայի սփիւռքահայ կազմակերպութեան մը հրապարակած ճառին արտագրումը, ազերի լրատուական զեկոյցները պնդած են, որ Ալմակրօ պարզապէս ընդունած էր, որ նոյնինքն հայերը կը հաւատան որ Ղարաբաղի համար անկախութիւնը, Հայաստանի հետ ուժեղ կապերու զուգահեռ, լաւագոյն ճանապարհն է»։
Ազերի պնդումները կը թուին անտեսած ըլլալ, օրինակ, որ Ուրուկուայ անցեալ Մարտին Պաղեստինը ճանչցած ու անոր հետ դիւանագիտական կապեր հաստատած էր, ուրեմն՝ Արցախի հանդէպ համակրական վերաբերմունքը ամենեւին պատահական բան մը չէ։ Եթէ վիճարկումը հիմնուած է Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կայքէջին մէջ զետեղուած սպաներէն արտագրումին վրայ (www.cna.org.ar), զայն պէտք է բնորոշել որպէս ինքնախաբէութիւն։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, Ալմակրոյի ըսածին եւ վերոյիշեալ ազերի վերագրումին միջեւ լեռ ու ձոր տարբերութիւն կայ։
Չենք գիտեր, թէ ազերի լրագրութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը սպանախօս մարդիկ ունի՞ն, որոնք ընդունակ են բանաւոր խօսքը ճիշդ ընկալելու։ Ամէն պարագայի, ուրիշ բան կարելի չէր սպասել թրքական ապատեղեկատուութեան դպրոցէն անցած նման աշակերտներէ, ինչպէս եւ Արժանթինի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանէն (տե՛ս «Նոր Յառաջ», Սեպտեմբեր 20, 2011)։
Սակայն, մեր մէջ, զարմանալիօրէն, կա՛մ սպաներէն հասկցողներ կը պակսին եւ կա՛մ... հայերէնի ճիշդ թարգմանիչներ։
Արդարեւ, դէպքէն շաբաթ մը ետք ի մի բերելով լրատուութիւնն ու կարգ մը արձագանգներ, ընդ որուն՝ ազերի վերոյիշեալ բարբաջանքը, ուզեցինք վերջինիս կարծեցեալ հիմքը գտնել։ Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը ցարդ Ալմակրոյի ճառին ամբողջական կամ մասնակի պաշտօնական բնագիրը հրապարակած չէ։ Սեպտեմբեր 9ին արդէն հրապարակուած Հայ Դատին Յանձնախումբի արտագրումը կարդալէ ետք, զայն համեմատեցինք ճառին ղարաբաղեան բաժնի ձայնագրութեան հետ, որ Սեպտեմբեր 11ին YouTubeի մէջ զետեղուած էր (ռուսերէն ու անգլերէն գրաւոր թարգմանութեամբ), ու նշմարեցինք դիւրաւ սրբագրելի մէկ-երկու ուղղագրական սխալներ ու քանի մը պակսող բառեր։ Ճառին այդ վերակազմուած բաժինը տեղադրուած է armeniaca-haygagank.blogspot.com մեր կայքագրին (blog) մէջ (Սեպտեմբեր 18)։ Ահա մեր թարգմանութիւնը՝ պահելով խօսքին լեզուական ու, մանաւա՛նդ, ոճական հարազատութիւնը (սուրանկիւն փակագիծով յաւելումները մերն են).
«Մեր ուզածը միայն բոլոր ժողովուրդներուն հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները չեն, ինչպէս Հայաստանն ալ կ՚ուզէ, այլ նաեւ կ՚ուզենք, որ այս երկրին հետ մեր բարեկամութիւնը չպայմանաւորուի։ Կը հաւատանք --եւ սպառիչ կերպով հարցը վերլուծած ենք, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը-- եւ կը փնտռենք համաձայնութիւն, եւ պիտի շարունակենք փնտռել ազգային համաձայնութիւն՝ պետական [մակարդակի] որոշում մը տալու հարցին շուրջ։ Մենք անձնապէս կը հասկնանք, որ Լեռնային Ղարաբաղը սերտօրէն կապուած է Հայաստանի հետ, անոր բնակչութիւնը հայկական [է], եւ կա՛մ անոր անկախութիւնը կա՛մ Հայաստանի հետ ապագայ կապուածութիւնը լաւագոյն ճանապարհն է Լեռնային Ղարաբաղի համար։
Ասիկա ուժեղ սահմանում մըն է, որ անշուշտ պիտի ցնցէ մեր շուրջը, ինչպէս բազմաթիւ ուրիշներ, զորս նախօրօք որդեգրած ենք, բայց վստահ եղէք մեր համոզումներուն եւ վստահ եղէք սկզբունքներու վրայ հիմնուած այս բարեկամութեան»։
Արդ, ընթերցողը կրնայ հարցնել, թէ ո՞ւր մնացած է Սեպտեմբեր 9էն տարածուած պարբերութիւնը՝ Մոնթէվիտէոյէն մինչեւ Երեւան։ Պատասխանը նոյնքան պարզ է, որքան ցաւալի. այդ պարբերութիւնը գոյութիւն ունեցած չէ։ Հայ Դատի Յանձնախումբի հրապարակած սպաներէն բնագիրը (ներառեալ՝ YouTubeի մէջ տեղադրուած ձայնագրութիւնը) այդ պարբերութիւնը չունի, ուստի պէտք է եզրակացնել, որ վերոյիշեալը սպաներէն վերապատմում մըն է Ալմակրոյի բո՛ւն խօսքերուն ու որպէս այդպիսին՝ վաւերագրական արժէքէ զուրկ։ Անյայտ ու, դժբախտաբար, անպատասխանատու ձեռք մը չակերտներ «հագուեցուցած» է այդ վերապատմումին եւ բնագրային խօսքի պատրանքը ստեղծած։ Ցանկալի է, որ մեր լրատուական աղբիւրները նման ակամայ խեղաթիւրումներու դոյզն առիթ չտան եւ ստուգումներ ընելու միջոցներէ զուրկ մեր մամուլը չապակողմնորոշեն՝ ի շահ ուրացողներու եւ ի վնաս մեր ժողովուրդի վստահութեան...։  
Այս ճշդումը ուղղուած է ապագայ գիտնականներու, լրագրողներու կամ քաղաքագէտներու հապճեպ մէջբերումներու կամ թիւրընթերցումներու կարելիութիւնը կանխելու՝ սպասելով դէպքերու զարգացումին։
Թէեւ բուն խօսքը ըստ էութեան կրնայ շատ չտարբերիլ այդ վերապատմումէն, սակայն տարբեր է՛։ Արդարեւ, Ալմակրօ ո՛չ Ղարաբաղը «պատմականօրէն» Հայաստանի մաս նկատած է, ո՛չ «կցում» («միաւորում», «միացում», եւ այլն) բառը գործածած է եւ ո՛չ ալ «Արցախ»։ Խօսողը երկրի մը Արտաքին Գործոց նախարարն էր, ո՛չ թէ ընտրապայքարի մտած քաղաքական գործիչ մը...։
Սպաներէն չիմացողն անգամ, եթէ աչքէ անցընէ վերակազմուած բնագիրը, պիտի նշմարէ, որ históricamente («պատմականօրէն») եւ Artsakh բառերը պարզապէս չկան։ Աւելի նուրբ է «կցում»ի հարցը։
Սպանական «ԷՖԷ» լրատուական գործակալութիւնը «կցում»ը (anexión) կրկնած է իր մեկնաբանութեան մէջ, որ սպաներէն բուն բնագրէն հիմնական քաղուածքներ կը մէջբերէ (տե՛ս «Սարտարապատ», Սեպտեմբեր 14, 2011)։  
Սակայն, Ալմակրօ գործածած է սպաներէն ligazón բառը, որ կը նշանակէ «սերտ կապ» կամ «կապուածութիւն» (կու գայ ligar «կապել» բառէն) եւ ազգակից է ֆրանսերէն liaisonին («կապ»)։ Բացայայտ անորոշութիւն մը կը ստեղծէ, քանի որ «կապ» անպայման «կցում» չի նշանակեր, յատկապէս քաղաքական ոլորտին մէջ, իսկ ligazón քաղաքական եզր մը չէ։ Ի վերջոյ, դիւանագէտը իրաւունք ունի լպրծուն բառերով նոյնքան լպրծուն հող կոխելու, բայց մենք իրաւունք ունի՞նք ազատ թարգմանութեան տեսութիւնը որդեգրելու՝ բանաստեղծութիւն թարգմանելու պէս...։ (Եթէ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարը օր մը ըսէր, թէ “l’independence ou la future liaison de l’Haut-Karabagh avec l’Arménie c’est le mieux chemin pour Karabagh”, ո՞վ պիտի համարձակէր պնդել, թէ ատիկա «կցում» կը նշանակէ)։ Այնպէս կը թուի, որ ազերիները իրենց կեղծարարական մոլուցքին մէջ աւելի ճիշդ հասկցած են, թէ ակնարկութիւնը «անկախութեան» եւ «ուժեղ կապեր»ու մասին էր, քան մենք։ Իրենց ճիշդ չհասկցածը (աւելի ճիշդ՝ սուտ խենթ ձեւանալու պատճառը) այն էր, թէ «նոյնինքն հայերը» չէ որ կը հաւատան անոնց, այլ նոյնինքն Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարը։  
Մեր համեստ կարծիքով, ligazón բառէն «կցում» մակաբերելը թարգմանութիւն չէ, մեկնաբանութիւն է, որ կ՚ենթադրէ, թէ նախարարին միտք բանին այդ էր։ (Ըստ երեւոյթին, մարդիկ իրենց չգիտցած սպաներէնով Ալմակրոյի ըսածը կրնան թարգմանել որպէս «կցում», բայց իրենց գիտցած հայերէնով Պարաք Օպամայի գործածած «Մեծ Եղեռն»ը չեն կրնար հասկնալ որպէս «ցեղասպանութիւն»)։ Նոյնը ըրած է Սեպտեմբեր 18ին news.am լրատուական կայքէջը՝ Ալմակրոյի լման ճառին արեւելահայերէն թարգմանութեան մէջ, որ սակայն բնագրային անհրաժեշտ բառացիութիւնը լիովին յարգած չէ։
Ահա այս պարագային է, որ Անդրանիկ Ծառուկեան պիտի ըսէր՝ «տարօրինակ, բայց իրաւ»։ Արդարեւ, յաջորդ օրը, կայքէջը անդրադարձած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի յայտարարութեան, թէ Ալմակրոյի խօսքը «ԼՂՀ միջազգային ճանաչման ընդամէնը առաջին ծիծեռնակն էր», եւ չէ վարանած ինքզինքը հակասել եւ նորէ՜ն մէջբերել Սեպտեմբեր 9ի չարաբաստիկ «տարբերակը». «Համոզուած եմ՝ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է լինի անկախ եւ ժամանակի ընթացքում միանայ Հայաստանին։ Սա է հարցի լուծման միակ ճանապարհը»։
Այս անախորժ թնճուկը քակելէ ետք, թերեւս կ՚արժէ գնահատել Շ. Քոչարեանի վերոյիշեալ խօսքին չափաւորութիւնը։ Արդարեւ, Ալմակրօ բացայայտ անձնական կարծիք մը յայտնած է եւ ո՛չ՝ պաշտօնական, թէեւ հաւանական է, որ ասիկա անհետեւանք չմնայ, ինչպէս որ Պաղեստինի հարցով անոր խօսքը  շուտով գործի վերածուած է։ Ահա թէ ինչու ազերի վերլուծաբան Էլհան Շահինօղլու, ըստ Eurasia.netի յօդուածին, իրաւունք ունի մտահոգուելու, թէ պաշտօնական լռութիւնը այս հարցին մասին «կրնայ նշանակել, որ Մոնթէվիտէոն իրօք որոշ հակա-Ատրպէյճան քայլերու մասին կը մտածէ»։ Անցեալին Ուրուկուայը ցոյց տուած է բարոյական բարձր չափանիշեր պահելու հետեւոպական կեցուածք։ Հաւանական չէ, որ ազերի ընթացիկ հէքեաթներով հարուստ առցանց խնդրագիրը՝ “What Luis Almagro doesnt [այսպէ՛ս] know about Nagorno-Karabakh,” եւ Սեպտեմբեր 15-22ին զայն ստորագրող 191 պատմութեան ուրացողները յաջողին անոր ուշադրութիւնը շեղել։
Սակայն, մինչ Ուրուկուայը 1965ի ցեղասպանութեան աննախընթաց ճանաչումէն ասդին Հայ Դատի կապուած հարցերու ռահվիրայ եղած է, մարդ չի կրնար վստահ ըլլալ, որ ինչպէս ատիկա հեռակայ կերպով քաղաքական հետեւանք չունեցաւ, Ղարաբաղի ճանաչումը անոր հետեւորդներու հեղեղ մը պիտի ստեղծէ կամ էապէս փոխէ Հայաստանի ու Ղարաբաղի կարգավիճակը։ Բայց հաւանական է, որ Ուրուկուայի բարոյական կշիռն ու աւանդական չէզոքութիւնը նման ճանաչում աւելի ազդեցիկ դարձնեն քան Նիքարակուայի եւ Վենեզուելայի, ա՛լ չխօսինք՝ Խաղաղականի մէջ կորսուած Նաուրու եւ Վանուաթու կղզիներու կողմէ Աբխազիոյ անկախութեան ճանաչումը։
Առաջին ծիծեռնակը թերեւս չ՚ըլլար վերջինը։ Մնացեալը արդէն մարգարէութեան ոլորտին կը պատկանի...։

«Նոր Յառաջ» (Փարիզ), Սեպտեմբեր 27, 2011

No comments:

Post a Comment