Showing posts with label Լուիս Ալմակրօ. Show all posts
Showing posts with label Լուիս Ալմակրօ. Show all posts

27.9.11

Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարը ի՞նչ ըսած է Արցախի մասին

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Հայ-ազերի քարոզչական պատերազմի նոր ռազմաճակատ մը բացուած է Լատին Ամերիկայի մէջ որպէս հետեւանք Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի Սեպտեմբեր 9ի յայտարարութիւններուն Մոնթէվիտէոյի մէջ, տեղւոյն Հ. Յ. Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ նորակազմ Ուրուկուայ-Հայաստան Միջ-Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակին կազմակերպած սեմինարին, ուր կը կանխագծէր Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումին հաւանականութիւնը (տե՛ս «Նոր Յառաջ», Սեպտեմբեր 13, 2011)։