26.12.15

Յակոբ արք. Գլընճեան - 60

ԶԱԻԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Յոբելեանները յուզումնախառն առիթներ են արժեւորելու վաստակը վաստակի արժան մարդոց, կշռելու թանկագին ծանրութիւնը այդ վաստակին եւ շնորհաւորելու վաստակեալը որ գիտակցած է, կը գիտակցի եւ պիտի գիտակցի իր ի վերուստ ստացածը մշակել, կոփել եւ ազնուացնել միտքի թռիչքով եւ սիրտի տրոփումով:
Ի վերուստ ստացածը... ի վերուստ կը ստանայ նա՛մանաւանդ այն մարդը, որ հասակ կ՛առնէ շուքին տակ լերան, կ՛ապրի կարօտովը այդ լերան: Նա՛մանաւանդ այն մարդը, որուն սիրտին մէջ կը մնայ լեռնացած այդ լերան խորհուրդը:
Հաւատքը լեռներ կը շարժէ,- կ՛ըսեն լերան խորհուրդը իրենց հոգեւոր տունը համարող լեռնցի մարդիկ: Այդ լեռնցի մարդոցմէ է այսօրուան մեր յոբելեարը՝ մեր բոլորիս սիրելի եւ յարգելի Սրբազան Հայրը (*): Հայաշունչ եւ հայատրոփ Քեսապի երախտագէտ եւ կարօտակէզ որդին՝ Կասիոս լերան ստորոտին իրենց սիրոյ բոյնը հիւսած Յովհաննէս Գլընճեանի եւ Աննա Թիթիզեանի:

* * *
Բերկրանքով կը լեցուի մեր սիրտն այսօր, հպարտութեամբ կ՛ուռի մեր կուրծքն այսօր, երբ մեր դիմաց, ահա՛, ունինք իսկական հոգեւորական մը որ առկայծ փարոսն է շիջող բայց չմարող մեր գաղութին:
Ի մտի ունենալով շիջող բայց չմարող մեր գաղութի մարտահրաւէրները՝ Ուրուկուահայ Թեմի Կեդրոնական Վարչութիւնը, ապաւինած մեր Սրբազան Հօր բարոյական աջակցութեան՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ թէ Ներսէսեան Կրթական Հիմնարկութեան միջոցով, կը ջանայ պահպանել հայ լեզուն, հայ մշակոյթն ու հայ ժառանգութիւնը՝ տիւ ու գիշեր զգալով Սրբազան Հօր գուրգուրանքն ու խանդաղատանքը:
Մեր սիրելի եւ յարգելի Սրբազանը այն հոգեւոր հայրերէն է, որ նախ կ՛ապրի այլոց համար եւ ապա՝ իր:
Մեր սիրելի եւ յարգելի Սրբազանը այն հոգեւոր հայրերէն է, որ գիտէ բաժնել ուրիշներու խինդն ու վիշտը: Գիտէ ուրախանալ բոլորիս ուրախութեամբ: Գիտէ տխրիլ բոլորիս տխրութեամբ: Մեզի հետ է՝ երբ աշխարհ կը բերենք մեր երախան: Մեզի հետ է՝ երբ կը կնքենք մեր երախան: Մեզի հետ է՝ երբ կը թաղենք մեր հարազատը: Մեզի հետ է՝ երբ կը խնդրենք հոգիի հանգիստ մեր հարազատին:
* * *
Մեր սիրելի Սրբազանին սիրտին մէջ կը մնայ լեռնացած` լերան խորհուրդը, Կասիոս խորհրդաւոր լերան խորհուրդը: Քեսապի այն լեռը, ուր ընդմիշտ մենամարտած են բարին ու չարը: Իր սեւեռուն հայեացքը գամած այդ լերան գագաթին եւ ըմպելով այդ գագաթէն ժայթքող սառնորակ ջուրը՝ մեր Սրբազանը իր մանուկ հասակէն ճաշակած է բարիք գործելու Աստուածահաճոյ արարքի հաճոյքը, զգացած է այդ ճամբով Աստուծոյ հասնելու ապրումը: Եւ ապրելով ապրումը այդ ապրումին՝ անդիմադրելի մղում է դարձուցած այլոց ծառայելու իր տենչը:
Լեռները հաւատք կը ստեղծեն, հաւատքը լեռներ կը շարժէ:
Շատեր կրնան դառնալ եկեղեցական, բայց քիչեր՝ հոգեւորական:
Այդ քիչ հոգեւորականներէն է մեր սիրելի Սրբազանը, որ երախայի հետ կը սիրէ խօսիլ երախայի անմեղութեամբ, փոքրիկի հետ կը դառնայ փոքրիկ, մեծի հետ՝ մեծ: Իր մեծութիւնը կը նմանի լեռներու մեծութեան: Լեռներու մեծութիւնը կը կռահենք այնքանով՝ որքանով կը հեռանանք, կը հեռանանք, կը հեռանանք... երբ այդ հեռացումը կը հագնի կարօտի կարմիր շապիկ, կարօտի կրակէ շապիկ, մեր բոլորիս յիշողութեան մէջ կը մնայ անմար կրակ մը: Մեր յաւերժական Արարատ լերան նման: Արարատ,- կ՛ըսենք: Մեր հոգին կը լեցուի արցունքով: Կը պրկուին մեր շուրթերը, կը սեղմուին մեր ատամները:
Արարատն ու Արարատի կարօտը, լեռնցի մարդու լեռնային կարօտը իր կարօտակէզ հոգւոյն ընդելուզած՝ մեր բոլորին սիրելի Սրբազանը, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծառայութեան ճամբով, գիտակցօրէն կը նուիրուի հայ ազգին, հայ հաւատքին, հայ մշակոյթին, սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան: Եւ այս բոլորը, ան, անշուշտ առանց աջ ու ահեակ աղմուկ բարձրացնելու իր շուրջ՝ կը համարէ իր ճիտին ա՛յն պարտքը, որ կրնայ հոգեւորական մը կատարել Քրիստոնէական իր սեփական խիղճին նկատմամբ:
* * *

Ան կը սիրէ երջանկանալ երջանկացնելով ուրիշները:
Եւ այս քիչ բան չէ՛ նիւթապաշտութեան ալիքներու մէջ խեղդուող մեր այսօրուան կեանքէն ներս:
Մեր հոգեւոր Առաջնորդին համեստ ու հեզ նկարագրով թրծուած ջանասիրութիւնը կ՛ընծայէ յաւելեալ հմայք մը իր վաստակաշատ աշխատանքին, որ հոգեկան գոհացում մըն է եւ արժէքներու փոխանցում մըն է իրերայաջորդ սերունդներուն:
Այդ ջանասիրութեան արդիւնք են մեր Սրբազանին լոյս ընծայած արժէքաւոր գիրքերն ու բազմաթիւ յօդուածները, որոնց մէջ կարմիր թելի նման ինքզինք կը դրսեւորէ հեղինակին աստուածաբանական հայեացքներու նրբիմաստ, գեղարուեստական կտորներու նրբաճաշակ թէ հասարակական ակնարկներու նրբամիտ գրիչը:
Այդ գրիչը, նրբիմաստ, նրբաճաշակ եւ նրբամիտ այս գրիչը, չարիքի դէմ իր պայքարով, անտարակոյս, իրաւունք կը շահի յաւերժանալու տարեգրութեան յիշողութեան մէջ:
Երէկուան, այսօրուան եւ վաղուան յանձնառու հայ մտաւորականն է ան՝ Քրիստոնէական խիղճի եւ ազգային առաքելութեան իր սեփական հունաւորումով:
Իմաստասէր թէ աստուածաբան, բանաստեղծ թէ արձակագիր, բայց միշտ եւ ամէնուրեք հոգեւորական, հա՛յ հոգեւորական մը, որուն միակ տենչն է որոնել եւ գտնել Մարդը Մարդ դարձնող Մարդեղութիւնը
* * *
Լեռները հաւատք կը ստեղծեն, հաւատքը լեռներ կը շարժէ:
Լեռները կարօտով կը մաշեցնեն մեր հոգիները:
Այդ կարօտով կը մաշի հոգին մեր Սրբազան Հօր, որ հեռաւոր եւ օտարամերժ այս ափերուն, կ՚ուզէ իր երկրային կեանքի վերջին պահուն միտքով թռչիլ ու հասնիլ իր ծննդավայրը՝ Քեսապ: Այնտեղ կ՚ուզէ դիտել Կասիոս լեռան ձիւնապատ գագաթը եւ զովացնել իր կարօտակէզ սիրտը:
Ծննդավայրը է՛ նաեւ սրբավայր բոլորիս համար:
Այս կարօտի մէջ, սակայն, ծննդավայր մեկնելու ցանկութեան մէջ կայ նաե՛ւ Կասիոս լեռան խորհուրդին հաւատարմութիւն ցուցաբերելու լեռնցիի լեռնցիական ուխտը:
Ուխտագնացութիւն մըն է այդ՝ դէպի ակունքը բարիի եւ չարի յաւերժական պայքարին։
24 Դեկտեմբեր 2015 (www.facebook.com/notes/zaven-zakarian)

-------------------------------------
(*) Յակոբ արք. Գլընճեան (Քեսապ, 1955), Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ուրուկուայի թեմի առաջնորդ 1984էն («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment