Ինչպէս յայտարարած էինք, Ուրուկուայի Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Ոգեկոչման Յանձնախումբը միասնաբար նախաձեռնած էին Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի յառաջիկայ իրականացման հրապարակային յայտարարութեան, որ տեղի ունեցած է Յուլիս 17ին նախագահական պալատին մէջ, Մոնթէվիտէօ։
Ըստ Ուրուկուայ-Հայաստան Մշակութային Ընկերակցութենէն մեր ստացած հաղորդագրութեան, սրահը լեցուած էր ուրուկուայցի պետական մարդոց եւ հայ համայնքի անդամներով։ Անոնց շարքին էին ծերակուտական Ռաֆայէլ Միչելինի, որ թանգարանի ստեղծման նախաձեռնութեան հեղինակն է (քաղաքական բոլոր ուժերու զօրակցութեամբ), երեսփոխան Ռուպէն Մարթինէս Հուելմօ (ուրուկուայա-հայկական միջխորհրդարանական յանձնաժողովի անդամ), Զբօսաշրջութեան եւ Մարմնամարզի նախարարուհի Լիլիան Քէշիշեան, Ուրուկուայի ազգային համալսարանի Իրաւունքի եւ Ընկերային Գիտութիւններու բաժանմունքի տեսուչ Տորա Պաղտասարեան, մարդկային իրաւանց գործիչներ Պելելա Հեռերա (Արտաքին Գործոց նախարարութեան նախկին ենթաքարտուղարուհի) եւ Օսկար Լոփէս Կոլատասարենա (մարդկային իրաւանց եւ միջազգային իրաւունքի աւագ հետազօտող)։ Ուրուկուայեան չափանիշներով կարգ մը երեւելի հայեր ալ ներկայ էին՝ երաժշտագէտ Կորիւն Ահարոնեան (1963-1965ի երիտասարդական կազմակերպութիւններու կատարած վերոյիշեալ աշխատանքին հիմնական դերակատարներէն մէկը, որ վերջերս Մոնթէվիտէոյի պատուաւոր քաղաքացի հռչակուած է), Նորամուծութեան, Գիտութեան եւ Արհեստագիտութեան Հիմնարկի տնօրէն, ովկիանոսագէտ Կապրիէլ Այնթապլեան, ուսողագէտ Ռոպերթօ Մարգարեան եւ Ուրուկուայի Ֆիլարմոնիք նուագախումբի ղեկավար Ալվարօ Յակոբեան, ի շարս այլ անուններու։
Քամանչահար Նժդեհ Պօյաճեանի հայկական աւանդական երաժշտութեան վարպետ մեկնաբանութիւնը ստեղծած է ձեռնարկին պատշաճ մթնոլորտը։ Ձեռնարկին բացումը կատարուած է Ուրուկուայի հանրապետութեան նախագահ Խոսէ Մուխիքայի յատուկ ուղերձի ընթերցմամբ։ Այնուհետեւ, խօսք առաւ Կրթութեան եւ Մշակոյթի ենթաքարտուղար Օսկար Կոմէս, որ ներկայացուցած է ցեղասպանութեան հարցին պատմական երեսը եւ անոր նախընթացները՝ Ուրուկուայի մէջ։ Ուրուկուահայ թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլնճեան շնորհակալութիւն յայտնած է այս նախաձեռնութեան համար եւ ապահովութիւնը տուած է, որ ձեռնարկը պիտի իրագործուի ու պահպանուի պատշաճօրէն։ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Մելիքեան ջերմօրէն գնահատած է Ուրուկուայի կառավարութեան եւ ժողովուրդի այս շարժուձեւը, կոչ ընելով, որ այս թանգարանը ոչ միայն հայոց պատկանի, այլեւ իրաւունքներու ի խնդիր ու ժխտողականութեան դէմ պայքարող մարդկութեան։ Վերջապէս, թանգարաններու ընդհանուր տնօրէն Խաւիէր Ռոժէր ներկայացուցած է մասնագիտական մօտեցումը եւ ապագայ թանգարանին զարգացման հեռանկարները։ Փակման խօսքը կատարած է Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարար Ռիքարտօ Էրլիչ։
Մաղթենք, որ պետական օրէնքը շուտով իրականանայ գործնական գետնի վրայ՝ տեղւոյն համայնքի համերաշխ ու միասնական գործակցութեամբ։
No comments:
Post a Comment