ԱՐՄԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆ
«ՀԱՅԿԱԿԱՆՔ».- Թէեւ այս կարճ յօդուածը ուղղուած է Հայաստանի նախագահին, բայց անոր
հարցադրումները համընդհանուր բնոյթ ունին, կը վերաբերին քաղաքական ու
ոչ-քաղաքական, կրօնական ու աշխարհական բոլոր կառոյցներուն՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր ծալքերը։ Ի՞նչ է եւ ի՞նչ կը նկատուի լրատուամիջոցներուն դերը. մամլոյ
հաղորդագրութիւններու եւ քարոզչութեան վերատպումի՞, թէ՞ հանրային զարգացման
միջոց մըն են։ Ի՞նչ է առողջ քննադատութեան նպատակը. թոյն թափե՞լ, թէ՞ ընկերութեան յառաջընթացին սատարել։