Showing posts with label Յակոբ Օշական. Show all posts
Showing posts with label Յակոբ Օշական. Show all posts

14.7.20

«Հարիւր մէկ տարուան» հայկական ու իսպանական բանուկ խաչմերուկ (ընդհանուր նկատառումների ճամբով)

ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
«Հարիւր մէկ տարուան» վիպաշարը (1933) ճանաչողական նոր սկիզբ է Յակոբ Օշականի գրական ժառանգութեան մէջ։ Այն կրնկի վրայ, անակնկալ բացում է թուրքական կեանքի պատուհանը եւ հայ-թուրքական առճակատումների երեսները։ Դա հարեւան ժողովրդի բնութագրման ամբողջական ու, կարծում ենք, դեռեւս հազուագիւտ յանդուգն փորձերից է, հայ գրականութեան մէջ առաջինը՝ ըստ էութեան։ Ճիշդ կը լինէր աւելացնել՝ հայկակա՛ն պատուհան թուրքաշխարհի բազմաշերտ հոգեբանութեան, հաւաքական ըմբռնումի, Արեւելքի զգայութիւնների եւ երկու ժողովուրդների փոխթափանցող բարքերի «համախառն» քննութեան, թուրք աւանդոյթի զօրութեան, նախապաշարումների, կնոջ երեւոյթի առեղծուածային մարմնաւորումների առումներով։
Բաղադրիչների համալիր, բազմաճիւղ օղակ է «Հարիւր մէկ տարուան» վիպաշարը։ 

9.2.14

Արա Օշական. «Պէյրութը Սփիւռքի սկիզբն է»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
«Պէյրութը ինծի համար Սփիւռքի ծննդավայրն է ու այդ ծննդավայրին հետքերով գացի հոն: Երկու ծրագիրներ կային որոնց վրայ պիտի աշխատէի: Առաջին ծրագիրը սուրիահայերուն յատկացուած ծրագիր մըն է, որուն միտքը յղացաւ ամերիկահայ Րաֆֆի Արտալճեանը, որ նպատակ ունի Ամերիկայի մէջ սուրիահայերուն յատկացուած project մը իրականացնել, իսկ երկրորդ ծրագիրը զուտ իմս էր: Գիտե՞ս, հին երազ մըն էր լիբանանահայութեան նուիրուած գիրք մը պատրաստել: Պէյրութը Սփիւռքի ամենահին քաղաքն է այսօր: Հալէպն ալ կայ, բայց գիտես Հալէպի վիճակը»:

29.5.11

Գրագէտ Պօղոս Սնապեանի հետ

Լիբանահայ վաստակաւոր գրագէտ Պօղոս Սնապեանի հետ կատարուած այս հարցազրոյցէն փոքր հատուած մը լոյս տեսած է «Գրական թերթ»ի մէջ Մայիս 2010ին։ Ամբողջութիւնը, զոր կու տանք ստորեւ, վերջերս հրատարակուած է «Ազատ-Հայ» կայքէջին մէջ (www.azad-hye.net)։