Յոբելինական տարի էր 2007ը։ Ի շարս բազմաթիւ նշանաւոր ու աննշան տարելիցներու, բայց նաեւ անոնցմէ գերիվեր, “սեւ” տարելից մըն ալ նշուեցաւ. 1937ի ստալինեան մաքրագործումներուն 70ամեակը։
Եթէ 1915ը մեր յիշողութեան մէջ այնքան ծանր կը կշռէ իբրեւ մեր հաւաքական գոյութիւնը սասանող Աղէտ մը՝ իր բազմաճիւղ ու բազմապիսի երկարաձգումներով, նոյնքան ծանր պէտք է կշռէ այդ արձագանգներէն մէկը՝ 1937ը, որուն զոհերը՝ չարչարուած, բանտարկուած, գնդակահարուած, Սիպերիոյ սառնամանիքներուն թէ անոնց ճանապարհին մեռած, նոյնիսկ՝ սակաւաթիւ ազատողները, յաճախ Աղէտին վերապրողներ էին, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով անոր երախէն ճողոպրած, թրքական բռնատիրութենէն ազատելով համայնավար ամբողջատիրութեան ճանկերուն մէջ իյնալու համար։