ԺԻՐԱՅՐ ԼԻՊԱՐԻՏԵԱՆ
Անգլերէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ծ. Թ.- Պատմաբանի ու հրապարակախօսի միասնական հայեացքով գրուած այս յօդուածը, վստահաբար, թեր ու դէմ կարծիքներու տեղի կրնայ տալ՝ բազմազան պատճառներով, որոնք կը սկսին հեղինակին ինքնութենէն ու կը հասնին մինչեւ անոր արծարծած պատմա-քաղաքական խնդիրներուն հրատապութիւնն ու նշանակութիւնը։ Կարդալով յօդուածին հայերէն թարգմանութիւնը («Լրագիր», Օգոստոս 1, 2011), որոշեցինք զայն ընթերցողին ներկայացնել արեւմտահայերէն տարբերակով, նկատի ունենալով հեղինակին հրաւէրը մտաւորականութեան՝ բանավէճին իր աւանդը բերելու եւ հրապարակային խօսակցութեան մակարդակը բարձրացնելու։ Արեւմտահայերէնի վերածելու ընթացքին, սակայն, բաղդատեցինք այդ թարգմանութիւնը անգլերէն բնագրին հետ («Հետք Online», Օգոստոս 2, 2011) եւ նշմարեցինք ինչ-ինչ տարբերութիւններ (նաեւ՝ սխալ թարգմանութիւններ), որոնք մեզ պարտադրեցին նաեւ վերախմբագրելու ամբողջ շարադրանքը։ Արդիւնքը կը թողունք ընթերցողին հայեցողութեան՝ ոճէն մինչեւ բովանդակութիւնը։