Showing posts with label «Նայիրի». Show all posts
Showing posts with label «Նայիրի». Show all posts

27.7.17

Հարցազրոյց համացանցային «Նայիրի» կայքէջի թուայնացած բառարանները պատրաստող Սէրուժ Ուրիշեանի հետ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Սէրուժ Ուրիշեան ծնած է Լիբանան եւ երեք տարեկանին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ՝ Գալիֆորնիա։ Յաճախած է Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը, ապա Էնսինոյի Ֆերահեան ազգային դպրոցը։ Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Կլենտէյլի ամերիկեան հանրակրթարանին մէջ։ Արհեստով համակարգիչի ճարտարագէտ է։ Մայրենի լեզուն արեւմտահայերէնն է։ Անոր հետաքրքրութիւններէն մէկը լեզուաբանութիւնն է՝ յատկապէս հայերէնի եւ լատիներէնի ուսումնասիրութիւնը։
Ուրիշեան աշխատած է «NASA»-ի «Jet Propulsion Laboratory» (JPL), «Oracle Corporation», «Integrien» եւ «eHarmony» ընկերութիւններուն համար։ Շրջանաւարտ է Գալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանէն, ուր ան 2004-ին ստացած է գիտութեանց պսակաւորի տիտղոսը (Bachelor of Science), մասնագիտանալով ելեկտրոնային ճարտարագիտութեան եւ համակարգիչի գիտութեան մարզերուն մէջ։

17.1.14

Անդրանիկ Ծառուկեան. ծառ մը՝ նայիրեան մեր ապրումներուն մէջ (ծննդեան 100ամեակին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ա.
Միայն հազուադէպօրէն կրնայ պատահիլ, որ նախապէս կարդացուած գիրք մը երկրորդ անգամ ալ ձեռք առնեմ ու վերընթերցեմ։ Խօլ վազքի ու անհանդարտ հեւքի դարաշրջանի մարդիկն ենք։ Ետեւ նայելու շատ առիթներ չունինք։ Արագ-արագ սահող ժամանակը դժբախտաբար տեղ չի թողուր վերընթերցումներու։
Բայց ՎԵՐ-ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԷՆ առաջ՝ միթէ կը յաջողի՞նք ԸՆԹԵՐՑԵԼ։
Գրադարանս լեցուն է անբախտ գիրքերով՝ որոնք պարզապէս չեն ընթերցուած։ Արդէն, նոր հասնող գիրքերը առիթ չեն տար, որ մեր հայեացքը ուղղենք հիներուն։ Նորատիպները հիներուն մրցակիցներն են կարծէք, անոնց խափանարարները…։ Այս տեսակ տարօրինակ մտածում ունեցե՞ր էիք,- գիրքը գիրքին թշնամի՞…։
Այո՛, այդպէս է։ Նոր հասնող գիրքերը յաճախ կ՚արգելակեն հին գիրքերուն ընթերցումը, մանաւա՛նդ վերընթերցումը։