ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ա.
Միայն հազուադէպօրէն կրնայ պատահիլ, որ նախապէս կարդացուած գիրք մը երկրորդ անգամ ալ ձեռք առնեմ ու վերընթերցեմ։ Խօլ վազքի ու անհանդարտ հեւքի դարաշրջանի մարդիկն ենք։ Ետեւ նայելու շատ առիթներ չունինք։ Արագ-արագ սահող ժամանակը դժբախտաբար տեղ չի թողուր վերընթերցումներու։
Բայց ՎԵՐ-ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԷՆ առաջ՝ միթէ կը յաջողի՞նք ԸՆԹԵՐՑԵԼ։
Գրադարանս լեցուն է անբախտ գիրքերով՝ որոնք պարզապէս չեն ընթերցուած։ Արդէն, նոր հասնող գիրքերը առիթ չեն տար, որ մեր հայեացքը ուղղենք հիներուն։ Նորատիպները հիներուն մրցակիցներն են կարծէք, անոնց խափանարարները…։ Այս տեսակ տարօրինակ մտածում ունեցե՞ր էիք,- գիրքը գիրքին թշնամի՞…։
Այո՛, այդպէս է։ Նոր հասնող գիրքերը յաճախ կ՚արգելակեն հին գիրքերուն ընթերցումը, մանաւա՛նդ վերընթերցումը։