Ժ. Չ.
Ֆաթիհ Աքընի «Վէրքը» 100րդ տարելիցի նշանակալի երեւոյթներէն է։ Ո՛չ իր բովանդակութեան, ո՛չ գեղարուեստական որակին, ո՛չ ալ կատարողականին համար։ Այլ՝ որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով թուրք բեմադիր մը յանձն առած է Ցեղասպանութեան առնչուող շարժանկար մը պատրաստել։ Հայեր փորձած են, եւրոպացիներ ու ամերիկացիներ փորձած են։ Վերջապէս թուրք մըն ալ կը յանդգնի հարիւր տարի ետք։
