Showing posts with label Ֆաթիհ Աքըն. Show all posts
Showing posts with label Ֆաթիհ Աքըն. Show all posts

7.2.15

Ֆաթիհ Աքընի «Վէրքը» (“The Cut”) շարժանկարը

Ժ. Չ.

Ֆաթիհ Աքը­նի «Վէրքը» 100րդ տա­րելի­ցի նշա­նակա­լի երե­ւոյթնե­րէն է։ Ո՛չ իր բովանդակու­թեան, ո՛չ գե­ղարուես­տա­կան որա­կին, ո՛չ ալ կա­տարո­ղակա­նին հա­մար։ Այլ՝ որով­հե­տեւ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով թուրք բե­մադ­իր մը յանձն առած է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առն­չուող շար­ժանկար մը պատ­րաստե­լ։ Հա­յեր փոր­ձած են, եւ­րո­պացիներ ու ամերիկացիներ փոր­ձած են։ Վեր­ջա­պէս թուրք մըն ալ կը յանդգնի հա­րիւր տա­րի ետք։