19.11.13

Նիստի խափանումն ու արտախորհրդարանական միջավայրերը

Դրական միտում կարելի էր նկատել Հայաստանի օրէնսդիր դաշտին մէջ կենսաթոշակային համակարգի մասին բարեփոխումներ բերելու նախաձեռնութիւնները։ Ի վերջոյ սկզբունքով անոնք պէտք է միտուած ըլլային աղքատութեան յաղթահարման փորձերով ժողովրդագրական վիճակագրութիւններու եզրակացուցած տխուր տուեալները բարելաւելու։ Այդպէս չեղաւ սակայն։
Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ 15 նոյեմբերին հրաւիրուած էր Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստ՝ կենսաթոշակային համակարգի բարեփոխումներու պարտադիր բաղադրիչի գործադրումը մէկ տարիով յետաձգելու համար: Նիստը չէր կայացած Հայաստանի Ազգային Ժողովի քաղաքական մեծամասնութեան (Հայաստանի Հանրապետական եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւններու) խափանումի (պոյքոթ) պատճառով: Այս մէկը այն պարագային, երբ  մէկ օր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան 2014 թուականի պետական նախահաշիւի նախագիծի քննարկման համար արտահերթ նիստ հրաւիրելու քաղաքական մեծամասնութեան ցանկութեան ընդդիմադիր պատգամաւորները ընդառաջած էին:
Այս է ընդհանուր բնութագիրը այն հարցին, որու համար օրէնքի որդեգրման եւ առաջադրուած բարեփոխման նիստը տապալեցաւ Ազգային ժողովի գործող մեծամասնութեան կողմէ։
Թղթածրարի յաւելեալ ծալքերուն անդրադառնալէ աւելի, պէտք է կեդրոնանալ մէկ երեւոյթի վրայ, որ խորքին մէջ հարուած էր քաղաքական մշակոյթի կայացման գործընթացին։
Երկար ժամանակ միաւորման փորձերու ձախողութենէ կամ ընդհանրապէս բացակայութենէ ետք, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը յաջողած էր միաւորուիլ եւ պահանջել արտահերթ նիստ։
Օրինական ընթացակարգը յարգուած էր. ապահովուած էր պատգամաւորներու անհրաժեշտ թիւը արտահերթ նիստ գումարելու համար։
Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ուժերու գերլարումով առանձինը կրնար ընդունիլ կամ չընդունիլ առաջարկուած բարեփոխումները։ Հայ Ազգային Գոնկրէս, ՀՅԴ, Ժառանգութիւն, Ազատ Դեմոկրատներ եւ Բարգաւաճ Հայաստանի պատգամաւորներու միացեալ դիմումը՝ օրինագիծին շուրջ խորհրդարանական քննարկումներ ծաւալելու, փաստօրէն նիստէն բացակայելով կը խափանուէր։
Վէճը այս պարագային, թէ խորհրդարանական նիստ բացակայութեամբ խափանելը սահմանադրակա՞ն է, թէ՞ սահմանադրական չէ, այնքան առաջնային չէ, որքան երեւոյթը։ Ի վերջոյ կարելի է օրէնքին այս կամ այն տառին վրայ յենուելով դիմել քայլերու եւ զանոնք բացատրել սահմանադրականութեամբ կամ օրինականութեամբ։
Էականը այս պարագային ոչ թէ ընդդիմութեան նախաձեռնութիւնը խափանելն էր, այլ՝ Ազգային Ժողովի սահմանադրականօրէն հաստատուած իրաւունքը անտեսելը։
Ընդառաջումի պարագային, տեղի պիտի ունենար քննարկում։ Խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկուէին, ներկայացուէին այն տեսակէտները, որոնք այսօր կը գրուին մամուլին մէջ, կը շրջագային համացանցի տարածքներուն վրայ, տեղ կը գրաւեն զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ։ Այսինքն հարցերը կ՛արծարծուին ամէն տեղ, բացի խորհրդարանէն, որ սկզբունքով ճիշդ տեղն է այս հարցերու արծարծման։
Ի վերջոյ քաղաքական մեծամասնութիւնը, այս պարագային՝ Հայաստանի Հանրապետական եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնները, միասնաբար կարողութիւնը ունէին քուէարկութեամբ, յետ քննարկման, տապալելու բարեփոխումներու կամ օրէնքի գործադրման որոշումը։
Քննարկումէ խուսափումը Ազգային Ժողովի բաղադրիչ ուժերու, այսինքն նաեւ զանոնք ընտրած ժողովրդային զանգուածի տեսակէտին անտեսումն է։ Իսկ անտեսումը ընդհանրապէս կ՚՚ընկալուի իբրեւ բացասական դիրքորոշում, մանաւանդ երբ օրէնքով սահմանուած կէտի հիման վրայ քաղաքական միաւորումի կողմէ առնուած կարեւոր քայլի մը կը վերաբերի։
Քաղաքական մշակոյթ կը ձեւաւորուի եւ կը կայանայ հարցերու համատեղ քննարկումներով, առարկութիւններուն դիմաց հակառակութիւններ ներկայացնելով, քուէարկելով, ընդունելով կամ չընդունելով։
Խորհրդարանական մեծամասնութեան այս պահուածքն է, որ կը ստիպէ հարցին քննարկումը շարունակել արտախորհրդարանական միջավայրերու մէջ, քաղաքացիական շարժումներով, ցոյցերով, բողոքի դրսեւորումներով։ Մինչդեռ, Ազգային Ժողովի համապատասխան նիստը ճիշդ տեղն էր կենսաթոշակային բարեփոխումներու մասին բոլոր տեսակէտները լսելու եւ զանոնք քննարկումի ենթարկելու։ Որմէ ետք միայն քուէարկութեամբ որոշելու։ Քաղաքական մեծամասնութեան արձանագրած բացակայութիւնը կը մղէ հարցերու արծարծման արտախորհրդարանական եղանակներու որդեգրման։ Ընդդիմութիւնը բաղկացնող խորհրդարանական ուժերը փաստօրէն կը յայտարարէին. «Պիտի շարունակենք պայքարիլ այս համակարգին դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ նախատեսուած որեւէ միջոցով (օգտագործելով Հայաստանի Ազգային ժողովի նոր արտահերթ նիստ հրաւիրելու, սահմանադրական կարգով բողոքարկումներ իրականացնելու, ցուցական միջոցառումներ կազմակերպելու, քաղաքացիական աշխուժ նախաձեռնութիւնները համախմբելու եւ անոնց աջակցելու, Հայաստանի կառավարութեան նկատմամբ հանրային ճնշումները ուժեղացնելու եւ այլ միջոցներով)»:
 
«Ազդակ», Նոյեմբեր 18, 2013

No comments:

Post a Comment