25.7.13

Ժողովուրդը կը յաղթէ. Երեւանի փոխադրամիջոցներու գիներուն յաւելումը առկախուած է

Երեւանի մէջ երթուղային թաքսիներու գիները Յուլիս 20էն յաւելում կրած էին, 100 դրամէն բարձրանալով 150ի, մինչ թրոլէյպուսներու գիները բարձրացած էին 50էն 100 դրամի: Ելեկտրականութեան եւ կազի սակագիներու բարձրացումէն ետք, այս նոր յաւելումը բաժակը յորդեցնող կաթիլը հանդիսացած է. ժողովուրդը սաստիկ դժգոհ է, ամէն կողմէ այս որոշումին դէմ ըմբոստանալու կոչեր հնչած են: Ճամբորդները նախկին սակագինը վճարելու հրաւիրող արշաւներ կազմակերպած են, իսկ բազմաթիւ կայարաններու մէջ հանրային գործիչներ բաժնած են «Վճարէք 100 դրամ» արձանագրութեամբ թռուցիկներ:
Այս նոր յաւելումին դէմ ըմբոստացման շարժումը բնականաբար ունեցած է իր հետեւանքները: Յուլիս 22ի երեկոյեան լարուած իրավիճակ ստեղծուած է «Նայիրի» շարժանկարի սրահին (Մաշտոց պողոտայ) մօտ: Տեղի ունեցած են լուրջ միջադէպեր, երբ ոստիկանները բռնի ուժով փորձած են ոստիականատուն տանիլ երթ կատարող հանրային գործիչներէն մէկը: Սակայն տոմսերու գիներու սղումին դէմ պայքարողները կանխած են ենթակային ձերբակալութիւնը: Յուլիս 23ին կազմակերպուած էր «Վճարիր 100 դրամ» բողոքի ցոյցը Երեւանի քաղաքապետարանին առջեւ։ Սկիզբը, ոստիկանութիւնը թոյլ չէ տուած ցուցարարներուն յառաջանալ դէպի քաղաքապետարանի մուտքը: Այդ արգելքին ի պատասխան, անոնք ալ փակած են քաղաքապետարանին յարող փողոցը։ Այդ պահուն խառնաշփոթ ստեղծուած է եւ ցուցարարները յաջողած են հասնիլ քաղաքապետարանի գլխաւոր մուտքին մօտը, ուր ոստիկանութիւնը պատնէշ դրած է։ Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին յայտնած է, որ ցուցարարներուն գործողութիւնները ապօրինի են եւ կը խախտեն հանրային կարգը։ Բողոքներ ստացած են նաեւ քաղաքապետարանէն, այդ պատճառով ալ փակած են շէնքին մուտքը։
Կատարուած են ձերբակալութիւններ նախորդ օրուան՝ Յուլիս 22ի միջադէպերուն, ինչպէս նաեւ Յուլիս 23ի ցոյցին կապակցութեամբ: Յուլիս 23ի իրիկունը, ութ ձերբակալուածներ ազատ արձակուած էին, բայց կ՚ըսուէր, թէ դեռ դիպահ մնացողներ կան:
Բողոքի այս շարժումին միացած են ՀԱԿ-էն Նիկոլ Փաշինեան, «Ժառանգութեան» ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, «Բարեւ, Երեւան» խմբակցութեան անդամ Անահիտ Բախշեան, ՀՅԴ-էն Արմէն Ռուստամեան եւ ուրիշներ:
Հայաստանի հանրային կեանքի շարք մը ծանօթ դէմքեր, բողոքի այս շարժումին որպէս զօրակցութեան արտայայտութիւն, իրենց սեփական կառքերով անվճար՝ ճամբորդներ փոխադրած են Երեւանի մէջ:

«ԱՅՆ, ԻՆՉ ԱՐՈՒԵԼ Է, ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒԱԾ Է ԱՐՈՒԵԼ»
Մինչ Յուլիս 23ին տեղի կ՚ունենար վերոնշեալ բողոքի ցոյցը, Երեւանի քաղաքապետարանի փոխադրամիջոցներու վարչութեան պետ Հենրիկ Նաւասարդեան Օփերայի մօտ հանդիպում ունեցած է երթուղայիններու գծատէրերուն հետ։
Նաւասարդեան նախընտրած է առաջին գիծի վրայ զետեղել զայրացած ճամբորդներու արարքները, քան զայրոյթին տուն տուող պատճառը. «Երէկ Նորքի զանգուածում դրան վրայ ուզեցել են փչելՈւղեվարձը 100 դրամ”, վիճաբանութեան մէջ են մտել վարորդի հետ, վարորդը ուզեցել է քշի, գնայ, խփել են, ապակին կոտրել են։ Ո՞վ է դրա փողը վճարելու։ Ամէն մէկը փող է դրել, ներդրում է արել, եւ այսօր պարտաւոր է իր վարորդին, որին քաշքշում, երբեմն ծեծում են, եւ իր տրանսպորտային միջոցին տէր կանգնել», ըսած է ան։
Զրոյցին միացած «Արարատ» ամսագրի խմբագիր Ալէն Սիմոնեան, որ իրենց սեփական կառքերով քաղաքացիները անվճար փոխադրողներէն է, հարց տուած է Նաւասարդեանին. «Չէք պատրաստւո՞ւմ բան փոխել, հին սակագները վերադարձնել»։
«Սակագները փոխելու տարբերակը պէտք է ուսումնասիրուի։ Այն, ինչ արուել է, հիմնաւորուած է արուել։ Եթէ որեւէ մէկը կ՚ապացուցի, որ դա հիմնաւոր չէ, այն ժամանակ կը քննարկենք։ Եթէ գները իջեցնելու տարբերակ լինէր, այդքան չէր բարձրացուի։ Մենք աշխատել ենք տեղաւորուել օպտիմալ, մինիմալ հաշուարկի մէջ։ Ես յետագայ ընթացքի մասին չեմ կարող մեկնաբանել», պատասխանած է փոխադրամիջոցներու վարչութեան պետը։

ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԱՌԿԱԽՈՒԱԾ Է
Վեց օրէ ի վեր քաղաքը տիրող խռովալից վիճակը ի վերջոյ յանգած է անխուսափելիին. քաղաքապետարանը նահանջած է Յուլիս 25ի երեկոյեան, երբ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հրապարակած է երեւանցիներուն ուղղուած ուղերձ մը։
«Երեւան քաղաքի ներքաղաքային ուղեւորափոխադրումների վարձը վերանայելու մասին որոշումը քաղաքապետի պաշտօնում կայացրած իմ` թերեւս ամենածանր որոշումն էր» յայտնելով, Մարգարեան աւելցուցած է. «Աշխատել ենք շատ մանրակրկիտ, տնտեսվարողներին ցոյց ենք տվել խնայողութեան ճանապարհները, մեր մասնագէտներն անընդհատ վեր են հանել ընկերութիւնների ծախսերում նուազեցումներ կատարելու յօդուածները, ինչի շնորհիւ մինչեւ հիմա կարողացել ենք անփոփոխ պահել ուղեվարձը: Անկեղծ ասած, ես մինչ այս ամրան սկիզբ վստահ եմ եղել, որ դեռ մի քանի տարի էլ կը կարողանանք այս ռեժիմով առաջ գնալ, ու վարձավճարները չեն բարձրանայ»:
Պատճառաբանելով «ոլորտի հետ անմիջական կապ ունեցող շուկաներում վերջին թանկացումները», Մարգարեանը անխուսափելի նկատած է տրուած որոշումը՝ ծանր երկընտրանքներու դէմ յանդիման. «Մի կողմից մարդկանց անվտանգ ու արժանապատիւ փոխադրումների կազմակերպման խնդիրն է, միւս կողմից սոցիալական ներկայ իրավիճակում մեր քաղաքացիների համար ծախսեր աւելացնելու բեռը: Մի կողմից տրանսպորտային համալիրը կործանման եզր չհասցնելու եւ իրենց դարն անցած մեքենաներով մարդասպան համակարգի չհասնելու գիտակցումն է, միւս կողմից` երեւանցիների համար նոր հոգս չստեղծելու կարեւորութիւնը: Երկուսն էլ խիստ կարեւոր, երկուսն էլ խիստ մտահոգիչ են ինձ համար»:
Սակայն, խոստովանած է, որ «միեւնոյն ժամանակ ակնյայտ է, որ մեր որդեգրած սկզբունքների համատեքստում մենք չենք կարող ուղեվարձի բարձրացման բեռը նոյնկերպ դնել նաեւ այն սոցիալական խմբերի վրայ, որոնց համար նախատեսել ենք արտօնեալ մօտեցումներ վճարումների միասնական համակարգի կայացման շրջանակներում: Համակարգի կայացումը շուրջ մէկ տարի կը տեւի, մինչդեռ կայացուած որոշումն այդ բեռն այսօր է դնում մեր կենսաթոշակառուների, ուսանողների, սոցիալապէս անապահով ճանաչուած խավի վրայ»: Այս նպատակով, ան յանձնարարած է ստեղծել յանձնաժողով մը որ խնդիրը ուսումնասիրէ, մինչ այդ առկախելով որոշումին գործադրութիւնը:
 
«Նոր Յառաջ», Յուլիս 25, 2013. «Հետք», Յուլիս 25, 2013

No comments:

Post a Comment