Showing posts with label Ռեճեփ Էրտողան. Show all posts
Showing posts with label Ռեճեփ Էրտողան. Show all posts

10.12.16

«Կեաւուր»ի քննութեան նշանակութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
 
Այս շաբաթ «Ակօս»ի հայերէն էջերուն մէջ տեղ գտաւ աշխարհի 72 երկիրներու ուսանողներուն ունակութիւնը գնահատող քննութեան արդիւնքները։ Առաջին հերթին բոլորը կը խօսին Թուրքիոյ ցած մակարդակին մասին։ Եթէ չափանիշը գիտակցութիւն, ընթերցածը հասկնալու ունակութիւն, թուաբանութեան նման վերացական միտքի գործադրութեամբ յաղթահարելի գիտութիւններու մէջ յաջողութիւնը ստուգել է, անշուշտ որ Թուրքիա բաւական տկար արդիւնք մը ստացաւ։
Բայց Թուրքիոյ վարիչներուն համար այս բոլորը իսկապէս նշանակութիւն ունի՞ն։ Ի վերջոյ «կեաւուր»ի կազմակերպած քննութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ մեր հաւատացեալ սերունդի արժանիքները գնահատելու գործին մէջ։

4.11.14

«Աւելի վատ ծագում»ով գլխաւոր խորհրդական մը

«Ա.»

Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականի նշանակման լուրը  բնականաբար պիտի գրաւէր բազմակողմանի ուշադրութիւն: Առաջին հայեացքով կը թուի, որ հայկական կողմին ուղղուած ծրագիրներուն հետ կապուած է «Ակօս»ի նախկին խմբագիրին նշանակումը. աւելի մասնակի` Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին հետ առնչուած Անգարայի որդեգրած գործողութիւններու շարքին կարեւոր օղակի հանգամանք ունի այս քայլը:

7.2.14

Ի՞նչ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ 2015ի մարտավարութիւնը

Անգլերէնով լոյս տեսնող թրքական «Today’s Zaman» օրաթերթի սիւնակագիր եւ հրապարակախօս Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ, որ յաճախ կ՚անդրադառնայ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, իր վերջին յօդուածին մէջ գրած է Թուրքիոյ` հայոց ցեղասպանութեան առընչուող ժխտողական քաղաքականութեան եւ պաշտօնական դիրքորոշման անփոփոխ մնալուն մասին:

1.7.13

Թուրքիոյ իրադարձութիւններու լոյսին տակ

Ա. Դ.

Որեւէ երկրի որեւէ ազգային փոքրամասնութիւն կը յայտնուի ծայր աստիճան փափուկ եւ դժուար իրավիճակի մէջ, երբ ինքզինք կը գտնէ ներքաղաքական պայքարի մը երկու, երբեմն ալ աւելի բեւեռներու միջեւ: Նոյնիսկ մեծ պետութեան մը ղեկավարութենէն պահանջուածէն ալ աւելի խոհեմ դիւանագիտական կեցուածք կը պարտադրէ այդ գոյավիճակը: Ճկուն չէզոքութիւն մը պէտք է հաստատել, ոչ ոքի հետ «գէշ մարդ» ըլլալու համար: Սխալելու իրաւունք խնդրոյ առարկայ չէ, թէ ոչ՝ գործուած սխալը կրնայ վճարուիլ գոյութեան գինով իսկ: Այս առումով, մերօրեայ ամենէն թարմ օրինակն է սուրիահայոց վիճակը: Իսկ լիբանանահայ գաղութը լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ չէզոքութիւն պահպանել, որ ինքնին պայքար մը եղաւ շուրջ երկու տասնամեակ: Սուրիահայութիւնն ալ, այդ առումով՝ ցայսօր ցուցաբերեց հմուտ կեցուածք:

21.6.13

Անտէր չեն մեր տղաքը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ
 
 Գերմանացի վարչապետուհի Անժէլա Մէրքէլի հետ հանդիպումի մը ընթացքին «Էնթէկրասիոն եահ, ասիմիլասիոն նայն», ըսած էր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան։ Մէրքէլ, որպէս եւրոպացի, դժուարացած էր իր թուրք պաշտօնակցին մատնանշածը ընկալելու։ Մինչդեռ պարզ էր Էրտողանի խօսքը։ Ան յատկապէս օտար երկրի մէջ ապրող իր հայրենակիցներուն խորհուրդ կու տար ապրած երկրի պայմաններուն եւ կենցաղին ընտելանալ, բայց իրենց ինքնութիւնը պահել։

19.6.13

Պայքարը ներսէն. «Նոր Զարթօնք»ը կը խօսի Սփիւռքին

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
 

Պոլսոյ «Կեզի» զբօսայգիին պարփակած ուժը հանդէս եկաւ որպէս հաւաքականութիւնը միացնող գործօն` շնորհիւ իր ընծայած հանրային տարածքին, ուր Թուրքիոյ տարբեր գաղափարախօսութիւններու պատկանող քաղաքացիները միացան նախ որպէս բնութիւնը պահպանող գործիչներ եւ ապա, լայնցնելով կարկինը, որպէս Էրտողանին քաղաքականութեան դէմ բողոքող ժողովուրդ: Այս հաւաքականութեան մաս կազմող Պոլսոյ հայ  «Նոր Զարթօնք»(1) շարժումին գործունէութիւնը ընկերային ցանցերուն շնորհիւ ա՛լ աւելի հասանելի դարձաւ մեզի` սփիւռքահայերուս:

13.6.13

Թաքսիմի «Գեզի» այգին եղել է հայկական Սուրբ Յակոբ գերեզմանոցի տարածք

ՅԱԿՈԲ ՉԱՔՐԵԱՆ

Երէկ առաւօտեան Ստամբուլի Թաքսիմ հրապարակի «Գեզի» զբօսայգում ցուցարարները վերստին բախուեցին ոստիկանութեան հետ: Բորբոքուած կրքերը չեն հանդարտւում, ոչ էլ կը հանդարտուեն, որքան էլ վարչապետ Էրդողանն այսօր ընդունի բողոքի ցոյցերը համակարգող «Թաքսիմի պլատֆորմ»ի ղեկավարներին: Խնդիրը այգու հատման ենթակայ ծառերը, այսինքնՙ բնապահպանութիւնը չէ, այլ աշխարհիկ քեմալականների հակազդեցութիւնը իսլամամէտ կառավարութեանը, որը դրսեւորւում  է վարչապետ Էրդողանի Թաքսիմ հրապարակը վերակառուցելու նախագծի շուրջը:

25.12.11

Հնդկահաւերը՝ գայլի տեսքով

ՆԱՅԻՐԻ ՀՈԽԻԿԵԱՆ

Այսուհետեւ,Ֆըանսայի մէջ հայոց ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր ժխտում մէկ տարի ազատութենէ զրկուելու եւ 45 հազար եւրօ տուգանք վճարելու գինը պիտի արժէ։ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի օրինագիծի թեման արդեն քանի մը օր է որ ո։՛չ միայն հայկական ու թրքական, այլեւ եւրոպական լրատուամիջոցներու առաջին գիծին վրայ կը գտնուի: Օրինագիծը ընդունուելէ ետք թուրքերը սկսան հերթով իրականութիւն դարձնել իրենց վարչապետին առաջ քաշած պատժամիջոցներու կէտերը: Ահասարսուռ գիրքին առաջին հարուածը Փարիզոի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլուի յետկանչն էր: Անոր հետեւեցաւ նաեւ Անգարայէն Ֆրանսայի դեսպանին վերադարձը: Ըսել է, թէ երկու երկիրներուն դիւանագիտական ճակատները փոխադարձաբար մատ ցոյց տուին իրարու, թէ ո՞ր մատը, հասկնալի է, ի հարկէ: