10.12.16

«Կեաւուր»ի քննութեան նշանակութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
 
Այս շաբաթ «Ակօս»ի հայերէն էջերուն մէջ տեղ գտաւ աշխարհի 72 երկիրներու ուսանողներուն ունակութիւնը գնահատող քննութեան արդիւնքները։ Առաջին հերթին բոլորը կը խօսին Թուրքիոյ ցած մակարդակին մասին։ Եթէ չափանիշը գիտակցութիւն, ընթերցածը հասկնալու ունակութիւն, թուաբանութեան նման վերացական միտքի գործադրութեամբ յաղթահարելի գիտութիւններու մէջ յաջողութիւնը ստուգել է, անշուշտ որ Թուրքիա բաւական տկար արդիւնք մը ստացաւ։
Բայց Թուրքիոյ վարիչներուն համար այս բոլորը իսկապէս նշանակութիւն ունի՞ն։ Ի վերջոյ «կեաւուր»ի կազմակերպած քննութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ մեր հաւատացեալ սերունդի արժանիքները գնահատելու գործին մէջ։
Մեր երկրի վարիչները ուրախ են իրենց պատրաստած երիտասարդութեամբ։ Ասֆալթին վրայ արագ յառաջացող հրասայլը աքացիով զսպել փորձող երիտասարդութեամբ մը ինչպէ՞ս ուրախ չըլլան։
Փառք Ալլահին, ստեղծեցին այնպիսի ժողովուրդ մը, որ հանրապետութեան նախագահի կոչին հնազանդելով կը փութայ փոխանցման կէտեր եւ ունեցած տարադրամը կը փոխէ ազգային լիրայի հետ։ Արար աշխարհ կը տեսնէ թէ հրաժարած տարադրամը օրըստօրէ արժէք կը ստանայ եւ իր փոխած տեղական դրամը նոյն համեմատութեամբ կ՚արժեզրկուի։ Սակայն ինչ փոյթ, չէ՞ որ նախագահը զգուշացուց «զինուորական հարուածով չյաջողածները հիմա կը փորձեն այսպէսով մեզ դժուար կացութեան մատնել»։
Ինչ լաւ գիւտ է բոլոր ձախողութիւնները ուրիշին վերագրել։ Այդ ուրիշը պահանջեալ հարկին Ֆեթուլլահ Կիւլենի աղանդն է, պահանջեալ հարկին արեւմտեան կայսերապաշտները, պահանջեալ հարկին ալ երկրի մտաւորականութիւնը, ազգային փոքրամասնութիւնները, իսլամի տարբեր դաւանանքները։ Թշնամիներու անսպառ գանձ մը ունի Թուրքիան։ Այս իրողութիւնը կը պարզէ երկրի չորս կողմերուն թշնամիներով շրջապատուած ըլլալու փաստով։
Իր քաղաքական կամ տնտեսական բոլոր ռազմավարութիւնները ճիշդ են, բայց ինչ ընես որ ուրիշներ դուրսէն կը քանդեն այդ ճիշդը։ Էրտողան եւ անոր հեղինակութենէ զուրկ վարչապետը վերջերս ուրիշ երգ մըն ալ յօրինեցին։ «Մեր օդակայանը կը նախանձին, մեր նոր կամուրջը կը նախանձին» կ՚երգեն։ Լաւ պատրաստուած ժողովուրդն ալ սիրով կը տարուի այս պնդումներէն։
Անիրաւութիւն ըրած չըլլանք բազմամիլիոն հասարակութեան մը դիմաց։ Հսկայ քարոզչական մեքենայ մը ամէն օր անդադար կը շարունակէ ուղեղ լուալու իր առաքելութիւնը։ Ամէն օր անուններնուն առջեւ բազում տիտղոսներ շարուած կեղծաւորներ սուտ ու սխալ տեղեկութիւններով կը խաբեն ժողովուրդը։ Նշենք որ այս անիծեալ քարոզարշաւը միայն այսօրուայ յատուկ երեւոյթ մը չէ։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ամբողջ պատմութիւնը հիւսուած է այս սուտ քարոզչութեան վրայ։
Մեզ շրջապատող սարսափելի մթնոլորտը արգելք կ՚ըլլայ որ գլուխնիս բարձրացնենք եւ դիտենք համաշխարհային ընթացքը։ Այդ ընելու պահուն ափսոսանքով պիտի տեսնենք որ բազմաթիւ երկիրներ մատնուած են Թուրքիոյ ներկայ վիճակին։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ պատճառաբանութիւնը։ Սակայն, խորքին մէջ Թուրքիոյ կեաւուրներէն վախը եւ եւրոպացիներու արաբական երկիրներէ խուժած գաղթականներէ վախը շատ նման են իրարու։
Այդ նմանութեան հետեւանքներն են Պրէքսիթը եւ Թրամբի յաղթանակը։
Չարիքները յաղթահարելու համար Աստուած խելք ու իմաստութիւն պարգեւէ բոլորին, բոլորին…

«Ակօս», 9 Դեկտեմբեր 2016

No comments:

Post a Comment